Երկուշաբթի, 23 ապրիլ 2018-ին վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ եղեռնի յիշատակի ոգեկոչում: Բացման խօսքով 9-րդ դասարանի աշակերտ Հրակ Տէրտէրեանը ըսաւ. «Այսօր մենք այն սերունդն ենք, որ ճեղքելով հայոց պատմութեան ողբալի էջերը` կը կերտենք նորը, որ պայծառ գալիքի գրաւականը կը բովանդակէ, յարութեան աւետիսը կը տարածէ եւ յաղթանակի դրօշը կը պարզէ: Մենք մեր խոր արմատներուն կառչած` այսօր ի սփիւռս աշխարհին տարածուած ենք արդէն եւ մեր գործերով, ձիրքերով, քաղաքակրթութեամբ, մշակոյթով զինուած ահ ու դող կը պատճառենք մեր դարաւոր թշնամիին»: Ան շեշտեց, որ Եղեռնի յիշատակութիւնը անսակարկ բոլորիս պարտականութիւնն է, առիթ մըն է խոնարհելու նուիրեալ հերոսներու եւ անմեռ զոհերու յիշատակին եւ ուխտելու ըլլալ միասնակամ ուժ, խիզախ, պատուախնդիր ու անվեհեր` կերտելու ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան:
Գեղարուեստական բաժնով յաջորդաբար ելոյթ ունեցան մանկապարտէզի Ծաղիկ եւ Կոկոն դասարաններու աշակերտները` ասմունքով ու երգով, 7-րդ դասարանէն Աքասիա Ազատեան` «Յիշեցէք զիս» ոտանաւորով, 2-րդ դասարանէն Կալի Քըվըրեան եւ Կապրիէլլա Գոգեան` ապրիլեան խոհերով, 7-րդ դասարանէն Սելին Գոգեան` «Հայաստան» բանաստեղծութեամբ, ապա 5-րդ դասարանի աշակերտները` «Հնչեն զանգեր», «Ես կամ» եւ «Հայե՛ր, միացէ՛ք» երգերով: 3-րդ դասարանի աշակերտները ասմունքեցին «Երգ հայրենիքի մասին», Աքասիա Ազատեան դաշնամուրի վրայ նուագեց «Մեղեդի» նուագը, որուն յաջորդեց 4-րդ դասարանին կատարողութեամբ «Մեզ հետ է եւ Ինքը` Աստուած» ասմունքը, ապա բեմ բարձրացաւ 10-րդ դասարանցի Սթեֆանի Փափազեանը` «Պիտի իյնաս» բանաստեղծութեամբ: Նաեւ 10-րդ դասարանէն Մարկրիթա Մալտոսեան ասմունքեց «Հաւատում եմ քեզ» ոտանաւորը, ապա յայտագրի վերջին բաժնով ելոյթ ունեցաւ BT3 դասարանի աշակերտ Սերժիօ Ահարոնեանը` «Տուն իմ հայրենի» երգով:
Հանդիսութեան աւարտին, վարժարանի տնօրէն Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեանը ըսաւ, որ այս հանդիսութիւնը առիթ մըն է վերյիշելու, թէ մենք հալածուած ազգ մը եղած ենք` մեր ազգութեան եւ կրօնին համար, եւ մէկուկէս միլիոն նահատակ տուած ենք, որպէսզի շարունակենք ապրիլ իբրեւ հայ եւ քրիստոնեայ: Ան նշեց, որ յիշելը բաւարար չէ, այլ մենք միշտ պիտի շարունակենք պահանջել մեր իրաւունքները: Ան շեշտեց նաեւ, որ մենք պէտք է կառչած մնանք մեր ազգութեան, կրօնին, պատմութեան, լեզուին ու մշակոյթին, որովհետեւ առաջ մենք մէկ թշնամի ունէինք, իսկ այսօր անոնք բազմաթիւ են` անհաւատութիւն, անտարբերութիւն եւ նիւթապաշտութիւն: Ան կոչ ուղղեց նաեւ երախտապարտ ըլլալու այն երկրին, որ մեզ ընդունեց ու պահեց, եւ մենք այսօր երախտապարտ ենք լիբանանեան հայրենիքին ու ժողովուրդին, որոնց պէտք է օգտակար դառնանք ունենալու բարգաւաճ եւ խաղաղ երկիր մը:



