Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ . Դասախօսութիւն «Առողջ Ապրելակերպի Խորհուրդներ» Նիւթով

Մայիս 7, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ  ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 4 ապրիլ 2018-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Առողջ ապրելակերպի խորհուրդներ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի բժիշկ Ալինա Քէշիշեանը:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը, որ նշեց, թէ դասախօսութեան նպատակը խորհուրդներ եւ գիտելիքներ տրամադրելն է, որովհետեւ առողջ ապրիլը կը պահանջէ աշխատանք եւ գիտելիքներու գործադրութիւն: Ան հաստատեց, որ առողջութիւնը գանձ մըն է, եւ հարկ է խնամել ու գնահատել այդ գանձը: Ապա ներկայացուց օրուան դասախօսը եւ հրաւիրեց զայն տալու առողջ մնալու խորհուրդներ:

Տոքթ. Ալինա Քէշիշեանը դասախօսութեան սկսաւ եւ ըսաւ, որ իւրաքանչիւր տարիք ունի առողջ ապրելակերպի իր առանձնայատկութիւնները եւ օրէնքները, հետեւաբար առօրեայ կեանքի ընթացքը ճիշդ ձեւով կազմակերպելով` աւելի հոգ կը տանինք առողջութեան, իսկ այս մէկը լաւ ընելու համար պէտք է գիտնալ առողջութեան բաղադրիչները`

– 10 տոկոս բժշկութիւն
– 20 տոկոս ժառանգական գործօն
– 20 տոկոս շրջակայ պայմաններ
– 50 տոկոս առողջ ապրելակերպ

Ան ըսաւ, որ բժշկութեան կարեւորութիւնը գնահատելու համար պէտք է հասկնալ  տարեկան ստուգումներու կաեւորութիւնը` ինքնաբուժութեան կամ հակառակ երեւոյթի` բնաւ չբուժուելու վտանգները, բժիշկին հետ կապի մէջ ըլլալու կարեւորութիւնը բոլոր հիւանդութիւնները ժամանակին յայտնաբերելու, ճիշդ բուժուելու եւ բարդութիւններէ խուսափելու համար:

Դասախօսուհին նշեց, որ ժառանգական գործօնները եւս առողջութեան ձեւաւորման հիմնական մասը կը կազմեն, իսկ շրջակայ պայմանները շատ կարեւոր են, որպէսզի անձ մը իր առողջ ապրելակերպի դասաւորումը կազմակերպէ առանց խոչընդոտներու:

Ան հաստատեց, որ առողջ ապրելակերպը իր կարգին կազմուած է հոգեկան եւ մարմնական առողջութեան ներդաշնակ փոխհամակցման միջոցով:

Հոգեկան առողջութիւնը պայմանաւորուած է ընկերային եւ հոգեբանական վիճակներով: Ասոնց վատթարացումը անմիջական կ’ազդէ մարմնական առողջութեան եւ հեւանդութիւններու լաւացման ընթացքին:

Ապա թուեց մարմնի առողջութեան ճիշդ հետեւելու կէտերը`

– Օրակարգ (լուացուիլ, ճաշել, քալել, քնանալ…)
– Ճիշդ սննդականոն
– Վնասակար սովորութիւններէ ձերբազատում (ծխել, կըլկըլակ, ոգելից ըմպելիներ…)
– Մարզանք
– Ուղեղի մարզանք (ձեռագործ, խաչբառ, կարդալ…)
– Լաւ տրամադրութիւն (կեանքի հանդէպ դրական կեցուածք)

Բժշկուհին իւրաքանչիւր կէտի համար տուաւ համապատասխան բացատրութիւններ` ներառելով քունի, անձնական մաքրութեան, ճիշդ մարզանք ընելու հարցերը:

Ապա յաջորդ բաժինով ներկայացուց այն հիւանդագին վիճակները, որոնք կը յառաջանան մարմնի տարիքային փոփոխութիւններու պատճառով, նշելով`

– Ոտքերու ոսկրային հարցեր
– Լսողութեան եւ տեսողութեան վատթարացում
– Ակռաներու եւ լինտերու հարցեր
– Ողնայարի ցաւեր
– Աղիքներու աշխատանքի խանգարումներ

Դասախօսութեան աւարտին ան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Նախորդը

Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ծաղկեպսակ Մը Զետեղեց Նահատակաց Յուշարձանին

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?