Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի 25 Աշակերտներ Կը Ստանան Իրենց Առաջին Սուրբ Հաղորդութիւնը

Մայիս 8, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 29 ապրիլ 2018-ին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներու առաջին Ս. հաղորդութեան արարողութիւնը: Ս. Պատարագի աւարտին 3-րդ կարգի 25 աշակերտներ ստացան իրենց առաջին Սուրբ հաղորդութիւնը, ձեռամբ Գաբրիէլ թ. ծ. վ. Մուրատեանի:

Իր քարոզին մէջ Մուրատեան ըսաւ. «Ի՞նչ կը նշանակէ առաջին հաղորդութիւն առնել: Անիկա կը նշանակէ միասնական ըլլալ, առանձնութենէն դուրս գալ սեփական փակուղիներէն, եսասիրութենէն, եւ շփման մէջ մտնել ուրիշներուն հետ, կիսել ինչ որ ունինք, որպէսզի բոլորը կարենան ուրախութեան մասնակցիլ, որպէսզի ոչ ոք տառապանքի մէջ ըլլայ, որպէսզի կարողանաք ապրիլ մէկ ընտանիքի նման, մենք մեզի լաւը ցանկալով»:

Գերապայծառը իր քարոզի աւարտին ըսաւ. «Ես այսօր ձեզի եւ ձեր ծնողներուն կոչ կ՛ուղղեմ ըլլալու առատաձեռն, հիւրասէր. դուք ձեզի դաստիարակեցէ՛ք համերաշխութեան եւ սիրով տալու: Դուք, ծնողնե՛ր, ձեր երեխաներուն հաւատքի ճանապարհին առաջնորդելու պարտականութիւնը լրջօրէն ստանձնեցէ՛ք: Զիրենք առաջնորդեցէ՛ք յատկապէս Սուրբ պատարագին. հոն կը սորվին իսկական քրիստոնեաներ ըլլալ, ազնիւ եւ ճշմարտասէր մարդիկ դառնալ: Մի՛ կերակրէք եւ սնուցանէ՛ք իրենց մարմինը միայն, եւ ոչ ալ անոնց խելքը: Կարեւորութիւն ընծայեցէք նաեւ հոգեւոր կեանքին, որպէսզի երբեք չպատահի, որ անոնք ամէն ինչով հարուստ ըլլան, սակայն Աստուծմով աղքատ եւ խիղճով դատարկ»:

Արարողութենէն ետք Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն, առաջին Ս. հաղորդութիւն ստացած աշակերտներուն եւ ծնողներուն ի պատիւ:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (8 Մայիս 1968)

Յաջորդը

Ապրիլեան Յուշատօն Թրիփոլիի Մէջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?