Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դոկտ. Զ. Մսըրլեանի Զեկուցումը Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Մէջ

April 16, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հրաւէրով Հայ աւետ. քոլեճի պատուակալ տնօրէն, պատմաբան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը, մասնակցեցաւ  ակադեմիայի հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի 27 մարտ 2018-ի նիստին, որ տեղի ունեցաւ ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի նիստերու դահլիճին մէջ:

Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը զեկուցում ներկայացուց «Քեմալական Թուրքիոյ ցեղասպան քաղաքականութիւնը հայոց նկատմամբ (1919-1942 թուականներուն)» նիւթին շուրջ: Ան իր զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ Մուսթաֆա Քեմալի իթթիհատական արմատներուն, Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասնակից անձերու նախարարական եւ այլ բարձր պաշտօններ տալուն: 1918-ի զինադադարէն ետք Թուրքիա, Արեւմտեան Հայաստան եւ Կիլիկիոյ վերադարձած հայերու հանդէպ ցեղասպանական քաղաքականութեան, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վրայ նախայարձակման եւ հոն կատարուած սպանդին, Զմիւռնիոյ աղէտին, Արեւմտեան Հայաստանի  հայու մնացորդացին յաջորդական տեղահանութիւններուն, 1923, 1926, 1929 եւ 1930, թուականներուն արձանագրուած մահերուն, 1934-ի ներքին տեղաշարժերուն, 1938-ի Տէրսիմի ցեղասպանութեան (որուն ընթացքին մեծաթիւ հայ զոհեր եղած էին), Ալեքսանտրեթին պարպումին, հայկական ստացուածքներու տիրացումին եւ 1942-ի ունեւորութեան տուրքին, որ «անարիւն ջարդ» նկատուած է: Ան աւելցուց թէ 1942-ի նոյեմբերին, եթէ նացի Գերմանիա Ստալինկրատի մէջ յաղթէր խորհրդային բանակին, Անդրկովկասի  մէջ տեղադրուած  26 թրքական զօրաբաժինները, մէկ միլիոն զօրքով, պիտի ներխուժէին Խ. Հայաստան, եւ այդ կրնար ըլլալ 1915-ի շարունակութիւնը:

Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը նաեւ ներկայ եղաւ ակադեմիայի մարտ 28-ի տարեկան ընդհանուր ժողովին, որուն կը մասնակցէին 131 հոգի` ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (16 Ապրիլ 1968)

Յաջորդը

Ծառ Չկտրել Լուցկի Շինելու Համար

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.