Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, շաբաթ 14 ապրիլ 2018-ին տեղի ունեցաւ միջհամալսարանական զարգացման մրցում մը` «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Սոյն զարգացման մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանեան 7 տարբեր համալսարաններէ կազմուած 9 խմբակներ: Մասնակցեցան Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն, Լիբանանի ամերիկեան համալսարանէն, Հայկազեան համալսարանէն, Լիբանանեան համալսարանէն, Սեն Ժոզեֆ համալսարանէն, Նոթր Տամ համալսարանէն եւ Լիբանանի միջազգային համալսարանէն (LIU) մօտ 30 ուսանողներ: Մրցումի աւարտին յաղթական հռչակուեցաւ Լիբանանի ամերիկեան համալսարանի Ժիպէյլի խմբակը: Պարգեւն էր 500.000 լ.ո. գումար մը, որ պիտի յատկացուի համալսարանի հայկական ակումբի աշխատանքներուն: