Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշակերտներու Այցելութիւն ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Մայիս 11, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ տարիներուն նման` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ շարունակեց ընդունիլ հայկական երկրորդական վարժարաններու 10-րդ կարգի աշակերտները` անոնց ծանօթացնելու համար ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութեան:

Այցելութեան հիմնական նպատակն է մօտէն ծանօթանալ`

– ԼՕԽ-ի կամաւոր գործունէութեան,
– «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մատուցած սպասարկութիւններուն,
– ԼՕԽ-ի պատմականին,
– Եւ քաջալերելու աշակերտները (ամրան ընթացքին), որ իրենց ներկայութեամբ մասնակցութիւն բերեն կեդրոնին մէջ մատուցուած ծառայութիւններուն:

Այս տարի եւս, մարտ ամսուան ընթացքին, յաջորդաբար «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեցին`

– Երկուշաբթի, 12 մարտ 2018-ին Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն 15 աշակերտներ իրենց պատասխանատու ուսուցչուհիին` Անի Պիլալեանի ընկերակցութեամբ:

– Երկուշաբթի, 19 մարտ 2018-ին Հայ աւետարանական քոլեճի (քաղաք) աշակերտներ իրենց պատասխանատու ուսուցչուհիին` Նուարդ Ղորդորեանի ընկերակցութեամբ:

– Հինգշաբթի, 22 մարտ 2018-ին Սահակեան վարժարանի 13 աշակերտներ իրենց պատասխանատու ուսուցիչ` Կարօ Ղազարեանի ընկերակցութեամբ:

– Հինգշաբթի, 22 մարտ 2018-ին Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի 40 աշակերտներ իրենց ուսուցչուհիներուն` Ռիթա Գազանճեանի, Սրբուհի Ճենանեանի եւ ընդհանուր հսկիչ` Յակոբ Ռուսիալեանի ընկերակցութեամբ:

– Երկուշաբթի, 26 մարտ 2018-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի 21 աշակերտներ իրենց ուսուցիչին` Պետօ Տեմիրճեանին ընկերակցութեամբ:

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի 4-րդ յարկի «Թնճուկեան» սրահին մէջ աշակերտները լսեցին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ Ազատուհի Սարգիսեանին բացատրութիւնները: Ան  ներկայացուց ԼՕԽ-ի պատմականը` ծննդոցէն մինչեւ այսօր, անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի 26 մասնաճիւղերուն ու 14 յանձնախուբերուն գործունէութիւններուն շեշտը դնելով կամաւոր ծառայելու ԼՕԽ-ի սկզբունքին վրայ ու յորդորեց զիրենք ծառայելու հայկական բարեսիրական հաստատութիւններու մէջ: Ազատուհի Սարգիսեան իր խօսքին մէջ յիշեց, որ ԼՕԽ-ը կամաւորներու ծառայութեան միջոցով է, որ կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ զանազան բնագաւառներէ ներս:

Ան անդրադարձաւ նախ ԼՕԽ-ի քայլերգին, նշանաբանին` «Ժողովուրդէն ժողովուրդին» եւ ԼՕԽ-ի նշանակին` պաստառի վրայ բացատրելով անոր իմաստը:

Աշակերտները տեսերիզի մը ընդմէջէն ծանօթացան կեդրոնի ընդհանուր գործունէութեանց ու կեդրոնի բոլոր յարկերը շրջելով` աւելի մօտէն ծանօթացան հոն տարուած աշխատանքներուն, արդիական կազմածներուն եւ սպասարկութեան բարձր որակին:

Աշակերտները մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին եւ գնահատական խօսքերով ու հայ ազգի գոյերթը շարունակելու խոստումով մեկնեցան կեդրոնէն:

Յիշենք, որ այցելութեան աւարտին իւրաքանչիւր աշակերտ ստացաւ ԼՕԽ-ի նշանակը կրող գրիչ մը:

Տպաւորութիւններ` ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»
Ընկերաբժշկական Կեդրոն Այցելութենէն Ետք

Իբրեւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի աշակերտուհի` ԼՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոն այցելութիւնս առիթ մը եղաւ մօտէն ծանօթանալու այս կեդրոնին մէջ տարուած ծառայական աշխատանքներուն:

Հաճելի փորձառութիւն էր ըլլալ կեդրոնի պաշտօնէութեան հետ, ծանօթանալ իւրաքանչիւր բաժինի գործունէութեան, տեսնել, թէ ինչպէ՛ս բարեսիրական այս հաստատութիւնը կը հասնի ժողովուրդի կարիքներուն, կ՛օգնէ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ տրամադրելով ընկերային թէ բժշկական  օժանդակութիւն:

Հետաքրքրական էր նաեւ գիտնալ, որ կամաւոր կիներու կողմէ ղեկավարուող այս հաստատութիւնը իր դռները լայն բացած է բոլորին անխտիր` հայ թէ արաբ, որոնք կու գան կեդրոն` վստահելով այս կեդրոնին մատուցած ծառայութիւններուն:

Որպէս հայ աշակերտուհի` հպարտութեան, ազգային արժանապատուութեան եւ գիտակցութեան խոր զգացումը ապրեցայ, երբ դասընկերներուս հետ այցելութիւն մը տուի ԼՕԽ-ի կեդրոն:

Յարատեւութիւն եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ, վարձքը կատար բոլորին:

Ռիթա Սուլահեան (10-րդ դասարան)
Հայ աւետ. կեդր. բարձր. վարժարան

Դասարանով այցելութիւն մը տուինք ԼՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոն: Երեք ժամուան ընթացքին ծանօթացանք այս կեդրոնին տարբեր գործունէութիւններուն:

Շատ տպաւորիչ էր, թէ ինչպէ՛ս այս փոքրիկ հիմնարկը հայահոծ թաղերուն մէջ ձեռք կ՛երկարէ թէ՛ բժշկական եւ թէ՛ ընկերային հարցեր ունեցող ոչ միայն հայորդիներու, այլ նաեւ` տեղացիներու:

Կարին Տեմիրճեան (10-րդ դասարան)
Հայ աւետ. քոլեճ

Հինգշաբթի, 22 մարտ 2018-ին Սահակեան քոլեճի տասներորդ դասարանի աշակերտները այցելեցին ԼՕԽ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը:

Աշակերտները հոն ծանօթացան ԼՕԽ-ի հիմնադրութեան պատմութեան, նպատակներուն եւ գործունէութեան: Անոնք շօշափելիօրէն ծանօթանալու համար հաստատութեան` շրջեցան  բոլոր յարկերն ու հոն գործող գրասենեակները` բժշկական եւ ընկերային ծառայութեան: Այցելեցին խոհանոց, ուր ամէն հինգշաբթի ծերերուն համար կը պատրաստուի ճաշ:

Սահակեանի աշակերտները բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան դպրոց եւ բարձր գնահատեցին ԼՕԽ-ի ծառայութեան ոգին եւ տարած անսակարկ աշխատանքը` ընկերային, բժշկական եւ կրթական մարզերէն ներս:

Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք ԼՕԽ-ին:

Վարձքերնիդ կատար:

Նուարդ Իզմիրլեան
Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան քոլեճ
10-րդ դասարան

Անձնապէս շատ ուրախ եւ հպարտ կը զգամ, երբ կը տեսնեմ, որ լիբանանահայութիւնը ունի ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին նման կառոյց մը, որ կ՛օգնէ ո՛չ միայն հայերուն, այլ նաեւ` Լիբանանի բոլոր բնակիչներուն:

Կը գնահատեմ ԼՕԽ-ի աշխատանքը եւ կը մաղթեմ յարատեւ վերելք:

Կալի Աւագեա

ԼՕԽ-ի կեդրոնը արտաքինով մնացած է նոյնը, սակայն անոր ներքին բաժանմունքները անդադար կը բարելաւուին: Ես այս մէկը նկատեցի, երբ դպրոցով այցելեցինք ԼՕԽ-ի կեդրոն: Մենք նաեւ  դիտեցինք  ԼՕԽ-ի պատմականը ներկայացնող տեսերիզ մը,  ապա շրջեցանք ԼՕԽ-ի կեդրոնին մէջ:

Անձնապէս շատ հպարտ զգացի, որ հայ ժողովուրդին մէջ կան անձեր, որոնք նուիրուած են իրենց ազգին:

Սելին Ժումժեան

Երբ Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի աշակերտներս ԼՕԽ այցելեցինք, շատ դասեր սորվեցանք, բայց ամէնէն կարեւոր դասը, որ սորվեցայ, այն է, որ պէտք է օգնենք առանց ակնկալութեան, այնպէս, ինչպէս ԼՕԽ-ի տիկինները, որոնք շաբաթը երկու անգամ ճաշ կ՛եփեն ու կը բաժնեն հայ կարօտեալներուն, կամ` այնպէս, ինչպէս կեդրոնի բժիշկները հիւանդներ կը բուժեն առանց որեւէ ակնկալութեան:

Ճեսի Գրիգորեան

Անցեալ ամսուան ընթացքին, դպրոցով այցելութիւն մը կատարեցինք ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն: Այդ շինիչ եւ բեղուն պահերուն ծանօթացանք անձնուէր, եռանդուն ու անխոնջ կիներու, որոնք իրենց տունն ու ընտանիքը ձգելով` եկած էին ծառայելու մեզի, մեր ազգին, հայութեան, ինչպէս նաեւ` այն բոլորին, որոնք ԼՕԽ-ի դռները կը բախեն: Տեսանք դէպքեր, որոնք խորապէս տպաւորեցին մեզ: Բժիշկներ, որոնք անպայման դարման մը կը գտնեն ոեւէ հիւանդութեան կամ ցաւի:

Մենք ալ, այս կամաւոր կիներուն նման, պէտք է գիտնանք ծառայել եւ օգնել փոխան ոչինչի:

Վարձքը կատար` ԼՕԽ-ի բոլոր անդամուհիներուն, որոնք մինչեւ օրս կը յաջողին գոհացնել մեր ազգին անվերջ պահանջները:

Ռուբէն Էվինկիւլեան

ԼՕԽ-ը, որպէս բարեսիրական կազմակերպութիւն, շատ մեծ դեր ունի լիբանանահայ կեանքէն ներս. անոր հիմնական նպատակն է օգնել կարիքաւորներուն` բժշկական, կրթական եւ ընկերային մարզերէն ներս:

ԼՕԽ-ական ընկերուհիները զոհուող անձեր են,  իրենց ժամանակը անսակարկ կը տրամադրեն Լիբանանի բնակիչներու ծառայութեան անխտիր, ինչպէս նաեւ այլ հայորդիներ իրենց լումայով, բարերարի աստուածահաճոյ գործով սատար կը հանդիսանան տրամադրուած բարեգործութիւններու իրագործման:

ԼՕԽ-ին միջոցով ընկերութեան օգնելը մեծ ուրախութիւն է:

Մենք հպարտ ենք, որ այցելեցինք ԼՕԽ-ի կեդրոնը, յուսանք, օր մը առիթը կ՛ունենանք այս կեդրոնէն ներս աշխատելու եւ օգտակար դառնալու շրջապատի կարիքներուն:

Ա.Մ.Վ. աշակերտ մը
Փաթիլ Փարթամեան
Գառնի Մաւլեան
Արմիկ Աբրահամեան
Սէրլի Նալպանտեան

Երբ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտներս ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոն այցելեցինք, շրջեցանք կեդրոնի բոլոր բաժանմունքները ու դիտեցինք ԼՕԽ-ի պատմականը ներկայացնող տեսերիզը. շատ հպարտ  զգացինք, որ հայ ժողովուրդը ունի ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին նման կառոյց մը, ուր ԼՕԽ-ականներ եռանդուն ու անխոնջ իրենց տունն ու ընտանիքը ձգած` կը ծառայեն հայ ժողովուրդին ու Լիբանանի բնակիչներուն անխտիր, առանց ակնկալութեան, կամաւորաբար:

Մենք ալ այս կամաւոր կիներուն նման` կ՛ուզենք նուիրուիլ ու ծառայել` առանց ակնկալութեան:

Վարձքը կատար բոլորին, կը մաղթենք յարատեւ վերելք:

Կալի Աւագեան
Սելին Ժումժեան
Ճեսի Գրիգորեան
Ռուբէն Էվինկիւլեան

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (11 Մայիս 1968)

Յաջորդը

Ուխտի Ճանապարհներ. Մատթէոս Զարիֆեանի Գեղեցիկ Յուշարձանով Գերեզմանը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?