Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին Այցելութիւնը` Ազգային Բուժարան

May 15, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համբարձման օրը` հինգշաբթի առաւօտ, մայիս 10-ին վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանը` նախագահ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Ազունիէի ազգային բուժարան: Ընկերակցութեամբ հայ աւետարանական այլ հովիւներու, վեր. Գարակէօզեանը դիմաւորուեցաւ ծաղկեփունջով մը` բուժարանի խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ պաշտօնէութեան կողմէն:

Նախագահին այցելութիւնը նաեւ առիթ տուաւ, որ ՄԱՀԱԵ միութիւնը նուիրէ 45 մեծատառ Աստուածաշունչ մատեաններ` ամէն մէկ սենեակի համար: Տնօրէն Տիգրան Պոյաճեանը եւ խնամակալութեան ատենապետ Թալին Գըլպաշեանը մեծ գոհունակութեամբ ընդունեցին այս նուէրը` գնահատելով անոր խոր իմաստը տարեցներուն հոգեւոր սնունդ տալու համար:

Վեր. Գարակէօզեանը այցելեց տարեցներուն իրենց սենեակներուն մէջ, զանոնք քաջալերեց ու լսեց անոնց երգերը, արտասանութիւնները եւ շնորհակալական խօսքերը: Ապա խումբը ուղղուեցաւ դէպի մատուռ, ուր վեր. Գարակէօզեանը աղօթք մատուցեց Աստուծոյ` խնդրելով անոր պահպանութիւնը եւ ուժը` հաստատութեան եւ անոր մէջ ծառայող անձնակազմին եւ կամաւորներուն: Խումբը նաեւ միասնաբար Տէրունական աղօթքը արտասանեց:

Հայ աւետարանական ներկայացուցիչները հիւրասիրուեցան եւ ունեցան սիրալիր եւ անկեղծ զրոյցներ` բուժարանի բարեզարդման, ապագայի ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ հայ գաղութին նեցուկին մասին: Տ. Պոյաճեանը բուժարանի կողմէ վեր. Գարակէօզեանին նուիրեց սեղանի զարդարուն ժամացոյց մը` առ ի գնահատանք տարիներու ընթացքին հայ աւետարանական եկեղեցիներուն ցուցաբերած կարեկցութեան համար:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (15 Մայիս 1968)

Յաջորդը

Լիբանանեան Համալսարանի Հայ Ուսանողներու Յարգանքի Տուրքը` Սուրբ Նահատակներուն

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.