Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ

Մայիս 5, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ «Զօրի Զօրեան» երիտասարդական միութեան, 23 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակին առթիւ Ախալցխայի, Ախալքալաքի եւ Նինոծմինդայի մէջ տեղի ունեցան ջահերթեր:

Ախալցխայի մէջ երթը սկիզբ առաւ Ս. Գ. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակէն` հասնելով քաղաքի Մարթա թաղամասին մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին մօտ:

Նինոծմինդայի մէջ ջահերով երթը սկսաւ Ս. Սարգիս եկեղեցիէն եւ հասաւ քաղաքի Երիտասարդական պալատին մօտ կանգնած Մեծ եղեռնի անմեղ զոհերու յուշակոթող:

Ախալքալաքի մէջ կազմակերպուած ջահերով երթը սկիզբ առաւ Ախալքալաքի Երիտասարդական կեդրոնէն` հասնելով Ախալքալաքի բերդեր: Երթի ընթացքին ժողովուրդը կանգ առաւ Ախալքալաքի քաղաքապետարանի եւ Շրջանային ժողովի շէնքերուն մօտ, ուր հնչեցին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման կոչ-պահանջ եւ հայրենասիրական երգեր: Ապա երթը շարունակուեցաւ դէպի Ախալքալաքի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ բակ:

Երթերը աւարտեցան պահանջատիրական կոչ-ելոյթներով` ուղղուած Վրաստանի իշխանութիւններուն` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման, նաեւ Հայ դատի արդար լուծման պահանջներով:

Ջահերթերու մասնակիցները ներկայ եղան նաեւ 1915-ի անմեղ զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար կատարուող ժամերգութիւններուն:

Յայտնենք, որ «Զօրի Զօրեան» երիտասարդական միութեան անունով, նախքան ջահերթերը` Ցեղասպանութեան ճանաչման դիմում-նամակներ յանձնուեցան երեք շրջաններու ՏԻՄ-երուն:

24 ապրիլին «Զօրի Զօրեան» երիտասարդական միութիւնը նման ջահերթ կազմակերպեց նաեւ Ծալկայի շրջանի հայկական գիւղերուն մէջ:

Թիֆլիս

23 ապրիլին Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած 10-րդ ջահերով երթը դէպի Վրաստանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատուն:

Երթի ժամանակ կը հնչէին «Ճանաչում-հատուցում», «Պայքար», «Թուրքիա-յանցագործ» կարգախօսները, նաեւ կ՛երգուէին հայրենասիրական երգեր:

Ջահերով երթի աւարտին կայացաւ բողոքի ցոյց` թրքական դեսպանատան դիմաց:

24 ապրիլին Թիֆլիսի մէջ թրքական դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ աւանդական ցոյց:

Հռոմ

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ եւ Հայ առաքելական համայնքներուն, 23 ապրիլին Հռոմի Հայ կաթողիկէ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հսկում:

Բացման խօսքը արտասանեց Տիրայր աբղ. Յակոբեանը, որ ներկայացուց ցեղասպանութիւն ապրած հայուն հոգեբանութիւնը, որ զայն կը տարբերէ ուրիշ ազգերէն: Ան շեշտեց, որ իբրեւ ցեղասպանութենէ վերապրած ժողովուրդ` աշխարհի տարբեր գաղութներու մէջ կը ներկայացնենք մեր ժողովուրդի բարոյական բարձր արժէքները, վստահեցնելով համայն աշխարհին, որ մենք արարող եւ բարոյական սկզբունքներով օժտուած ժողովուրդ ենք, եւ ժամանակի կուրութեան ենթարկուած օսմանցիները չկարողացան հայ ազգին մէջ տեսնել այն վեհը եւ արդարը, որ այսօր ակնյայտ է բոլոր քաղաքակիրթ ազգերուն համար:

Այնուհետեւ Գրիգոր Պոյաճեանը իտալերէնով կարդաց բացման խօսքը, որուն յաջորդեց Ցեղասպանութեան նուիրուած տեսերիզի ցուցադրութիւն եւ գեղարուեստական յայտագիր:

Օրուան բանախօսն էր քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր Նարեկ ծ. վրդ. Նաամոյեանը, որ իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ միասնականութեան գաղափարին վրայ` շեշտելով, որ իբրեւ Հռոմի մէջ գտնուող փոքր գաղութ` պէտք է օրինակ դառնալ համայն հայութեան, եւ ինչպէ՛ս երկու տարբեր համայնքներու զաւակներ միատեղ հաւաքուելով վերյիշեցին եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին մէկուկէս միլիոն անմեղ սուրբերուն: Ան շեշտեց հայուն քրիստոնեայ ինքնութեան կարեւորութիւնը եւ եզրափակելով իր խօսքը` կոչ ուղղեց ուխտել հաւատարիմ մնալ մեր հայրերուն կտակին եւ մեր պահանջատիրութիւնը հասցնել իր լրումին: Ապա բոլոր ներկաները վառած մոմերով ուղղուեցան վարժարանին մէջ կանգնած խաչքարին մօտ:

24 ապրիլին նոյն եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ` նուիրուած 1915-ի սուրբերուն: Օրուան պատգամը տուաւ Արեւելեան եկեղեցիներու նախագահի փոխանորդ Սիրիլ արք. Վասիլը: Ան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ ցորենի հատիկի մեռնելուն կարեւորութեան: Պատարագի աւարտին Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեանը իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն: Ապա ներկաները ճերմակ վարդերով թափօր կազմելով` ուղղուեցան եկեղեցւոյ կից խաչքարին դիմաց, ուր տեղի ունեցաւ սուրբ նահատակաց աղօթքը:

Ուրուկուէյ

22 ապրիլին Մոնթեվիտէոյի Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան նահատակներու հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք ՀՄԸՄ-ԿԱՄՔ եւ ԵՐԵՒԱՆ-50 սկաուտական խումբերը յատուկ արարողութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Նահատակաց յուշակոթողին դիմաց, ուր տեղի ունեցաւ նաեւ ծաղիկներու զետեղում:

24 ապրիլին Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ զետեղուած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին մօտ Նուպարեան եւ Գսաճըքեան վարժարաններու աշակերտները ելոյթ ունեցան գեղարուեստական յայտագիրով:

Նոյն օրը, երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, Անկախութեան հրապարակին վրայ գտնուող Զօր. Արթիկասի յուշակոթողին մօտ կատարուեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում, իսկ Ուրուկուէյի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման կեդրոնական ձեռնարկ, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան` Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Կանտինին, երկրի արտաքին գործոց փոխնախարար, դեսպան Արիել Պերկամինոն, Մարդու իրաւունքի հիմնարկութեան տնօրէն տոքթ. Խուան Ֆարոփան, Հայաստանի դեսպան Էսթեր Մկրտումեանը եւ Հայ դատի յանձնախումբին անունով Էլիանա Փանոսեանը:

Խօսք առնողները կրկին անգամ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայ դատի տարուող աշխատանքներուն եւ շեշտեցին իրենց յանձնառութիւնը` սատարելու եւ գործակցելու մեր արդար Դատին:

25 ապրիլին Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ կից Մշակութային սրահին մէջ «Հայ արիւն» կարգախօսին տակ կատարուեցաւ արեան տուչութիւն` Ուրուկուէյի արեան պանքին, որուն մասնակցեցան մեծ թիւով հայրենակիցներ:

27 ապրիլին աւանդական ջահերով երթ կատարուեցաւ մայրաքաղաքի գլխաւոր պողոտայի վրայ` կազմակերպութեամբ ուրուկուէյահայ միութիւններու երիտասարդներու:

Ս. Փեթերսպուրկ

24 ապրիլին Ս. Փեթերսպուրկի Վասիլեւոստրովսկի շրջանի «Կամսկի» զբօսայգիին մէջ գտնուող Կոմիտաս վարդապետի յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղիկներու եւ ծաղկեպսակներու զետեղում: Այնուհետեւ Ս. Կատարինէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն, որմէ ետք եկեղեցւոյ բակին մէջ պատրաստուեցաւ մոմերով խաչ եւ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք:

Հանրահաւաքին ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեանը, որ անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան` դատապարտեց Թուրքիոյ իշխանութիւններու ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը, շեշտելով, որ նմանօրինակ յանցագործութիւնները ժողովուրդի, ազգի, մարդկութեան դէմ պէտք է ժամանակին իրենց արժանի գնահատականը ստանան համայն մարդկութեան կողմէ: Կարապետեանը նշեց նաեւ, որ Թուրքիան շարունակելով իր ժխտողական քաղաքականութիւնը Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ` այսօր ալ բացայայտօրէն կը հովանաւորէ եւ կը խրախուսէ Ազրպէյճանի կողմէ բռնի ուժով արցախեան հարցը լուծելու տարբերակը:

Այնուհետեւ հանդէս եկան նաեւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ յոյներու, հրեաներու, եզիտիներու, ասորիներու եւ այլ համայնքներու ներկայացուցիչներ, հասարակական եւ մշակութային գործիչներ:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (5 Մայիս 1968)

Յաջորդը

Ուղեւորութիւն Դէպի Հրատ Մոլորակ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?