Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրիլեան Յուշատօն Թրիփոլիի Մէջ

May 8, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Թրիփոլիի Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի տնօրէնութեան, կիրակի, 22 ապրիլ 2018-ին Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալստեան եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագի եւ ապրիլեան նահատակներու հոգիներուն նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան յուշատօնը:

Բեմը եւ սրահի ցուցատախտակները կը ներկայացնէին 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան առնչուած գծագրութիւններ եւ լուսանկարներ` ստեղծելով Մեծ եղեռնը յատկանշող յուզիչ մթնոլորտ մը:

Սրահի մուտքին իւրաքանչիւր հանդիսատես ստացաւ Պիքֆայայի նահատակած յուշարձանը ներկայացնող յուշագրութիւն մը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով ընթացք առաւ հանդիսութիւնը: Վարժարանի նախկին եւ այժմու սաներ հանդէս եկան բացման խօսքով, հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով ընթերցումներով, ապրիլեան յուշերու նուիրուած արտասանութիւններով, ազգային երգերով եւ հայկական երաժշտական չափական տողանցք-պարով:

Օրուան բանախօս Պսակ աբեղայ Թեփիրճեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ խորապէս ազդուած եւ տպաւորուած է ի տես Թրիփոլիի պէս մեկուսի եւ օտարոտի մթնոլորտի մէջ ապրող հայ աշակերտին, որ, յաճախելով հայապահպանումի նախանձախնդիր ազգային վարժարան, հոնկէ հայեցի դաստիարակութիւն ստանալով եւ հայութեան վահանով զրահուած պատրաստ կ՛ըլլայ   դիմագրաւելու հայ ազգին դառն ճակատագիրը: Հայր սուրբը մեծ գովասանքով դրուատեց տարուած աշխատանքը եւ ի գործ դրուած ջանքերը` շնորհակալական արտայայտութիւններով: Յուշատօնը փակուեցաւ Ս. Հոգեգալստեան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Ռուբէն քհնյ. Միսիսեանի պահպանիչով:

Նախորդը

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի 25 Աշակերտներ Կը Ստանան Իրենց Առաջին Սուրբ Հաղորդութիւնը

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ Ճրտգ. Համբարձում Աղպաշեանի «Turkish Intellectuals Who Have Recognized The Reality Of The Armenian Genocide» Գիրքին Բ. Հատորը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.