Գաղութային

Հայկազեան Համալսարանը Տուաւ Շրջանաւարտներու Նոր Հունձք Մը

121 շրջանաւարտներ ստանալով իրենց վկայականները` յաղթական կանգնած էին բեմին վրայ ջերմ ծափահարութիւններու տարափին տակ: Ոչինչ կը գերազանցէր անոնց ուրախութիւնը, երբ տարիներու իրենց ճգնաջան աշխատանքի արդիւնքը ստացած էին: Անոնց ուրախութեան շաղախուած էր նաեւ յուզմունքը` հրաժեշտ տալու կրթական այն օճախին, ուր ստացան իրենց գիտելիքները եւ կերտուեցան որպէս մարդ` սորվելով ծառայել, ունենալ ազատ ապրելու կամք, ճշմարտութիւն: Սփիւռքի միակ հայկական բարձրագոյն կրթական հաստատութիւնը` Հայկազեան...

Մեսրոպեանի Աշակերտութիւնը Նշեց  Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը

Մեսրոպեանի Աշակերտութիւնը Նշեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը

Երեքշաբթի, 29 մայիս 2018-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը նշեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման տօնը` յարգանքի տուրք մատուցելով անկախութեան համար նահատակուած հերոսներուն եւ վերահաստատելով հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն նուիրումը` Հայաստանին: Հայաստանի օրհներգով բացուած հանդիսութեան աշակերտներու կողմէ խօսք առաւ 11-րդ դասարանի աշակերտ Աւօ Ապագլեանը: Ան դիտել տուաւ, որ այս տարուան մայիս 28-ը կը կրէ տարբեր բնոյթ,  որովհետեւ 2018-ը 100-ամեակն է...

Մայրերու Օրուան Տօնակատարութիւն  «Թռչնոց Բոյն»-ի Մէջ

Մայրերու Օրուան Տօնակատարութիւն «Թռչնոց Բոյն»-ի Մէջ

Կազմակերպութեամբ «Թռչնոց բոյն»-ի տիկնանց յանձնախումբին, հինգշաբթի, 3 մայիս 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ «Թռչնոց բոյն»-ի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ մայրերու նուիրուած յատուկ տօնակատարութիւն, որուն ներկայ էին առաւել քան երկու հարիւր կիներ, ինչպէս նաեւ` Մեսրոպ քհնյ. Քէրքէզեանը, Սեդա Խտըշեանը եւ օրուան նախագահը` Տալիտա Ճղալեանը: Ձեռնարկը սկիզբ առաւ քահանայ հօր սեղաններու օրհնութեամբ, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ հաստատութեան տնօրէն Սամուէլ...

Սեմինար. Առողջ Ապրելակերպ

Սեմինար. Առողջ Ապրելակերպ

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը, որ կը գործակցի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին հետ, 2016-2018 շրջանին իր առաջին ժողովին ճշդեց երկամեայ ծրագիր: Սովորական դասախօսական շարքերու կազմակերպման զուգահեռ, նախաձեռնեց նոր ծրագիր մը` երիտասարդ մայրերու համար սեմինարներու շարք մը` անոնց մէջ յառաջացնելու համար առողջ ապրելաձեւի գիտակցութիւն, փոխանցելու հանրային, առողջապահական, հոգեբանական, տնային ընդհանուր եւ այժմէական գիտելիքներ, զաւակ-ծնողք փոխյարաբերութեան մասին առողջ մտածումներ: Յիշեալ...

«ԿԱԶՄԱ» Լիբանանի Երկրորդ Ազգային Մրցումը

«ԿԱԶՄԱ» Լիբանանի Երկրորդ Ազգային Մրցումը

Հովանաւորութեամբ «ՍԻՄԷՍ» Լիբանանի, կազմակերպութեամբ «ԿԱԶՄԱ» Լիբանանի, կիրակի, 13 մայիս 2018-ին տեղի ունեցաւ «ԿԱԶՄԱ» Լիբանանի երկրորդ ազգային մրցումը, ՀՄԸՄ Այնճարի «Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեան» մարզադաշտին վրայ: Ներկայութեամբ` Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի, «Էյչ Քէյ Ի Սի»-ի հիմնարկութեան (HKEC - Hratch Kendirjian Educational Company) տնօրէն Անահիտ Քենտիրճեանի, «ԿԱԶՄԱ» Լիբանանի նախագահ Պօղոս Քենտիրճեանի, «ՍԻՄԷՍ»-ի մասնաճիւղերու եւ Այնճարի վարժարաններու տնօրէնութեանց, ուսուցիչներու եւ ծնողներու հոծ բազմութեան:...

Համազգայինի «Քնար» Պարախումբին Կազմակերպութեամբ` Միջդպրոցական Պարի Փառատօն

Համազգայինի «Քնար» Պարախումբին Կազմակերպութեամբ` Միջդպրոցական Պարի Փառատօն

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան, կիրակի, 27 մայիս 2018-ին,  երեկոյեան ժամը 6-ին «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական պարի փառատօն` մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Քնար» պարախումբի վարչութեան անդամ Դալար Սալխանեանը, որ նշեց, թէ աւանդութիւն դարձած այդ ձեռնարկը կը կազմակերպուի իւրաքանչիւր տարի, համազգայինի կոչումին եւ առաքելութեան համաձայն` պահել, զարգացնել եւ տարածել հայ մշակոյթը: Ան յայտնեց նաեւ,...

Ծնողներու Նուիրուած Իւրայատուկ Ձեռնարկներ Մեսրոպեանի Մէջ

Ծնողներու Նուիրուած Իւրայատուկ Ձեռնարկներ Մեսրոպեանի Մէջ

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի նախակրթարանի բաժինը այս տարի շատ իւրայատուկ եղանակով նշեց Մայրերու oրը, որ, ըստ էութեան, տարածուեցաւ բազմաթիւ օրերու վրայ եւ ընդգրկեց զանազան ձեռնարկներ: Հիմնական իւրայատկութիւնը այն էր, որ բոլոր ձեռնարկներուն ալ ապահովուած էր մայրերու մասնակցութիւնը` իրենց զաւակներուն կողքին: Այսպէս, նախակրթարանի բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, տարբեր օրերու տեղի ունեցան խաչբառի, ֆրանսերէնի եւ կրօնագիտական զարգացման մրցումներ, ինչպէս նաեւ` ծաղիկներու յարդարման, պտուղի...

ԼՕԽ-ականներու Այցելութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

ԼՕԽ-ականներու Այցելութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպած էր այցելութիւն մը` Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան: 15 մայիս 2018-ին ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ ուղղուեցան Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» որբանոցը` ոգեկոչելու ապրիլեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակը: Այցելուները Ժիպէյլի «Հայ կեդրոն»-ի սրահին մէջ հաւաքուեցան, ուր բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ազնիւ Միքայէլեանը` ըսելով. «Դաստիարակչական յանձնախումբին նպատակն է ծանօթացնել մեր արժէքները...

Մեսրոպեանը Յանձնեց 2017-2018 Տարեշրջանի 64 Աւարտականներու Հունձքը

Մեսրոպեանը Յանձնեց 2017-2018 Տարեշրջանի 64 Աւարտականներու Հունձքը

Ուրբաթ, 11 մայիս 2018-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարանները յանձնեցին 2017-2018 տարեշրջանի աւարտականներու հունձքը` հանդիսութեամբ մը, որուն ներկայ եղան Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւորականներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ մեծաթիւ բարեկամներ: Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ, Սուրբ Մեսրոպի յուշակոթողին առջեւ կայացած հանդէսին նախագահեց Գաբրիէլ թ.ծ. վրդ. Մուրատեանը` հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան վարժարաններու Վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներէն ետք խօսք...

Այնճար. Ֆութպոլի Դաշտի Բացման Արարողութիւն

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Արաքսի-Ալեքսան Գլպաշեան» Կազդուրման կայանը օժտուեցաւ ֆութպոլի դաշտով մը` նուիրատուութեամբ Յովակիմեան ընտանիքին (Ռազմիկ, Ացուքօ, Ֆիրա, Աթիսիւս): Բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ հինգշաբթի, 17 մայիս 2018, կէսօրէ ետք ժամը 5:30-ին, ներկայութեամբ Այնճարի երեք հոգեւոր պետերուն` Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանի, պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանի եւ հայր Մեսրոպ Թոփալեանի, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեանի, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմին...

Դասախօսական Շարքերու Եզրափակիչ Հաւաքոյթ

Դասախօսական Շարքերու Եզրափակիչ Հաւաքոյթ

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը, գործակցաբար «Արաքսի Պլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, կազմակերպեց յատուկ ձեռնարկ մը` 2016-2018 տարեշրջանին դասախօսական 4 շարքերուն ներկայ գտնուողներուն համար: Ձեռնարկը  տեղի ունեցաւ  ուրբաթ, 18 մայիս 2018-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Առողջապահական դասախօսութիւններու եզրափակիչ սոյն հանդիպման ներկաները  հրաւիրուած էին յանձնախումբի անդամներուն կողմէ` միասնաբար ճաշելու եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ արժեւորելու անցնող երկու տարիներու ընթացքին...

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Մայրերու Տօնին Նուիրուած Նախաճաշ

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Մայրերու Տօնին Նուիրուած Նախաճաշ

Չորեքշաբթի, 9 մայիս  2018-ին, Մայրերու տօնին  առիթով Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի Տիկնանց  յանձնախումբին կազմակերպած Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահին մէջ` նախագահութեամբ Գարոլին Թերզեանի: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետ Ծովիկ Գէորգեանը, որ ողջունեց ներկայ ծնողներն ու բարեկամները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` հաստատելով,  որ ձեռնարկը կը  միտի երախտագիտութիւն յայտնել մայրերուն: Ան վեր առաւ մօր դերը  ժողովուրդներու կեանքին մէջ...

Հայաստանի Անկախութեան 100-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Կիպրոսի Մէջ

Հայաստանի Անկախութեան 100-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Կիպրոսի Մէջ

Կիրակի, 13 մայիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7-ին  Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական  փոխանորդ  Խորէն արք. Տողրամաճեանը, ընդառաջելով Կիպրոսի Համազգային մշակութային միութեան  պաշտօնական  հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ Ստրովոլոսի քաղաքապետարանի հանդիսասրահին մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակին նուիրուած «Սարդարապատ» խորագիրով` «Սիփան», «Անի» եւ «Նանօր» պարախումբերու տարեկան ելոյթին` պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեանի ղեկավարութեամբ: Բացման խօսքը արտասանեց միութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանը, եւ ապա խօսք առաւ մշակոյթի նախարարին...

Հայկազեան Համալսարան. Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն.  «Եգիպտոսի, Սուտանի Եւ Եթովպիոյ Հայերը» Գիտաժողովի Առաջին Փուլը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

Հայկազեան Համալսարան. Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն. «Եգիպտոսի, Սուտանի Եւ Եթովպիոյ Հայերը» Գիտաժողովի Առաջին Փուլը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կազմակերպած «Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ հայերը» գիտաժողովը տեղի ունեցաւ երկու փուլով, որուն առաջինը կայացաւ Գահիրէի մէջ, 12-13 ապրիլ 2018-ին, իսկ երկրորդը տեղի պիտի ունենայ մայիս 29-30, Հայկազեան համալսարանին մէջ: Յիրաւի, չորեքշաբթի, 12 ապրիլ 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Կոկանեան» սրահին մէջ, Գահիրէ, պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ գիտաժողովին: Գիտաժողովին այս փուլը կազմակերպուած էր գործակցութեամբ Եգիպտոսի հայոց  առաջնորդարանին:...

«Տոլմա – 2018» Փառատօնը Թիֆլիսի Մէջ

«Տոլմա – 2018» Փառատօնը Թիֆլիսի Մէջ

Հայ մշակոյթի մաս հանդիսացող հայկական խոհանոցը, ի մասնաւորի աւանդական ազգային ուտեստներու ժողովրդականացումը Վրաստանի հայ կիներու «Շուշանիկ» միութեան գործունէութեան ուղղութիւններէն մէկն է: Աւանդաբար կազմակերպուած փառատօներու միջոցով կ՛ամրապնդուին եւ կը տարածուին այնպիսի ոչ նիւթական արժէքներ, ինչպիսիք են` գաթան, հարիսան, ղափաման եւ հայկական ազգային ուտեստները: Այս անգամ հերթը տոլմայինն էր: Տոլմայի փառատօնը Թիֆլիսի մէջ անընդմէջ կ՛իրականացուի  արդէն 6-րդ անգամ` տարեցտարի աւելի ու աւելի...

«HAYQ – Armenian Application» Առաջին Հայկական Եռալեզու Ուղեցոյց Յաւելուածի Շնորհահանդէսը Մոսկուայի Մէջ

«HAYQ – Armenian Application» Առաջին Հայկական Եռալեզու Ուղեցոյց Յաւելուածի Շնորհահանդէսը Մոսկուայի Մէջ

Մայիս 12-ին «Դէպի Արարատ» կազմակերպութեան մամլոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «HAYQ - Armenian Application» առաջին հայկական եռալեզու ուղեցոյց յաւելուածին շնորհահանդէսը: Շնորհահանդէսի ընթացքին կնքուեցաւ եռակողմ համագործակցութեան համաձայնագիր` «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն», «Դէպի Արարատ» հասարակական կազմակերպութիւններու եւ «HAYQ - Armenian Application»-ի հետ: Համաձայնագիրը ստորագրեցին` «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Ներսէս Ներսիսեանը, «Դէպի Արարատ» հասարակական կազմակերպութեան լիազօր ներկայացուցիչ Հայկ Մարտիրոսեանը եւ «HAYQ - Armenian Application»-ի...

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Վարժարան.   Մայրերու Օրուան Տօնախմբութիւն

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Վարժարան. Մայրերու Օրուան Տօնախմբութիւն

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի մանկապարտէզի կազմակերպած Մայրերու օրուան տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ,12 մայիս 2018-ին, Այնճարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ: Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Լենա Սթամպուլեանը ողջունեց ներկաները` քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը, հոգեւոր հայրերը, գիւղի պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները, ազգային երեսփոխան  տոքթ. Խաժակ Այնթապեանը, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, տնօրէնութիւնը, խնամակալութիւնը,  օրուան պատգամախօս Քամիլա Երկանեան-Քէշիշեանը, ինչպէս նաեւ` մեծաթիւ մայրերն ու մեծ...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ Դասախօսութիւն «Ալցայմըր» Նիւթով

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ Դասախօսութիւն «Ալցայմըր» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 18 ապրիլ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական  կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ալցայմըր» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի բժիշկ տոքթ. Յարութիւն Այնթապեանը: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը կատարեց բացման խօսքը: Ան նշեց, թէ բնական երեւոյթ է,...

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  Հայ Մշակոյթի Օր` Նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-րդ Եւ Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան 90-րդ Տարեդարձին

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. Հայ Մշակոյթի Օր` Նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-րդ Եւ Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան 90-րդ Տարեդարձին

Երկուշաբթի, 30 ապրիլ 2018-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի աշակերտները տօնական բարձր տրամադրութեամբ նշեցին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 100-րդ եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 90-րդ տարեդարձները: Զոյգ նշումները կատարուեցան երգի, պարի, թատրոնի, դասախօսութիւններու, աշխատանոցներու եւ զարգացման մրցումներու ընդմէջէն: Մանկամսուրի փոքրիկները ունէին իրենց յատուկ յայտագիրը. անոնք ծանօթացան Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշակին եւ տողանցեցին հայկական տարազներով, ապա ձեռային աշխատանք...

Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Աւարտական Դասարաններու Վկայականաց Բաշխում

Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Աւարտական Դասարաններու Վկայականաց Բաշխում

Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի աւարտական դասարաններու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 4 մայիս 2018-ին` երեկոյեան ժամը 7:30-ին վարժարանիս հանդիսասրահին մէջ: Կեանքի բնական ընթացքով դպրոցական տարիները աշակերտին համար թէեւ երկար կը թուին, սակայն ան իրողապէս ամենակարճ փուլն է: Այսպէս ալ վարժարանիս աւարտական դասարաններու 16 սաները յատուկ հանդիսութեամբ եկան իրենց դպրոցական օրերու էջը դարձնելու իւրայատուկ ոճով, իրենց ետին ձգելու մանկական ու պատանեկան...

Page 20 of 68 1 19 20 21 68

Արխիւներ