Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին առթիւ, Լիբանանեան համալսարանի Հայ ուսանողներու «Արմինիըն քլապ»-ը` ոգեկոչելով սրբադասուած բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակը, երեքշաբթի, 24 ապրիլ 2018-ին այցելեց Ժիպէյլի Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիկեան» թանգարանը, ուր ջերմ ընդունելութիւն գտաւ թանգարանի տնօրէնութեան կողմէ:
Ապա յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին` ծաղկեպսակ զետեղելով Անթիլիասի մայրավանքի Ցեղասպանութեան զոհերու մատրան առջեւ:
Ուսանողները վերահաստատեցին իրենց ուխտը` մնալ Հայ դատի պահանջատէր: