8 մայիսին խումբ մը դաշնակցականներ այցելեցին Եռաբլուր` յարգանքի տուրք մատուցելու Շուշիի ազատագրման համար իրենց կեանքը տուած տղաներու շիրիմներուն:
Արցախի ազատամարտի առաջին իսկ օրերուն Լիբանանէն Հայաստան ժամանած ու Շուշիի ազատագրման օրն ալ զոհուած ՀՅԴ-ական Վիգէն Զաքարեանի մասին խօսելով` արցախեան ազատամարտի մասնակից, ՀՅԴ անդամ Թաթուլ Յարութիւնեանը յիշեց, թէ՛ ինչ ըսած էր Վիգէնին հայրը, երբ իր տղուն մահուան քառասունքին օրը այցելած էին Եռաբլուր: «Վիգէնը մինուճար տղայ էր, ու երբ քառասունքին օրը այստեղ եկանք, հայրը հետաքրքրական բան մը ըսաւ. «1969-ին զաւակ ունեցայ, որպէսզի տամ հայրենիքիս»: Ասիկա շատ կարեւոր է, որպէսզի հասկնանք այն անձնազոհութիւնը, այն նուիրումը, որ ունեցած են մեր սփիւռքահայ ընկերները: Ասիկա իսկապէս մատաղի պէս բան մըն էր` որդի ունեցած են հայրենիքին համար: Առաջին իսկ առիթով, իսկ այդ առիթը արցախեան պատերազմն էր, իրենց որդին ուղղակի նուիրաբերած են հայրենիքին», ըսաւ Յարութիւնեան:
Ան նշեց նաեւ, որ Վիգէնը ծնողներէն ու ընկերներէն ծածուկ եկած էր` արցախեան ազատամարտին մասնակցելու, եւ Երեւանի մէջ ոչ մէկ օր մնացած էր: «Վիգէնը կ՛ըսէր` այս չտեսայ, այն չտեսայ. օդակայանէն ետք ուղղաթիռով ուղիղ Արցախ եկած էր: Կ՛ուզեմ` յիշենք նման տղաները, որոնք գնդակ անգամ չարձակելով` արդէն իսկ հերոս են: Անոնք ձգեցին իրենց հանգիստ կեանքը, եկան` օգնելու իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն: Իսկ այն, որ այսօր այստեղ` Եռաբլուր, դուք` երիտասարդներդ, մեր կողքին կանգնած էք, ասիկա կը նշանակէ, որ այս մարդոց յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ», ըսաւ Յարութիւնեան:
Արցախեան ազատամարտի մասնակից, ՀՅԴ անդամ Իգոր Սարգսեանի խօսքով, մայիս 8-ը ուրախալի, բայց միեւնոյն ժամանակ տխուր օր է: Ըստ անոր, ուրախալի է, քանի որ փորձեցինք տարիներ յետոյ ազատագրել Շուշին, իսկ տխուր է, քանի որ ընկերներ կորսնցուցինք: «Մենք կորսնցուցինք Վիգէն Զաքարեանը, որ իր հանգիստ, խաղաղ կեանքը Լիբանան ձգած ու եկած էր հայրենիքի պաշտպանութեան համար պայքարելու: Արդէն 26 տարի է` կ՛այցելենք Եռաբլուր, ծաղիկներ կը խոնարհեցնենք, կը կանգնինք լուռ ու կը մտածենք կեանքի մասին, ըրածի ու ընելիքներու մասին, կը մտածենք` մեր պայքարն իմաստ ունէ՞ր, թէ՞ ոչ: Այստեղ հաւաքուած երիտասարդ սերունդը կը վկայէ, որ պայքարն ունէր իմաստ, մենք ունինք շարունակութիւն, մենք ունինք զաւակներ, որոնք մեր գործը պիտի շարունակեն», ըսաւ Սարգսեան:
Արցախեան ազատամարտի մասնակից, ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ազատամարտիկներու յանձնախումբի պատասխանատու Արտաշէս Մխիթարեանը յիշեցուց, որ մայիս 8-ին եւ 9-ին մենք ունեցանք 47 զոհ: Անոր խօսքով, մենք պարտաւոր ենք բոլորը յիշել` անուն առ անուն: «Անշուշտ, Շուշիի գումարտակի ՀՅԴ վաշտին մէջ մէկ զոհ էր` Վիգէնը, բայց կային այլ դաշնակցականներ, օրինակ` Արտաշատի ջոկատէն Վազգէնը եւ այլք: Պէտք է յիշենք բոլորը, փառք տանք անոնց, մենք մեզ պարտաւորուած զգանք` անոնց գործը շարունակելու: Ներկայիս մարտահրաւէրները մեզմէ կը պահանջեն աւելի զգօն ու պատրաստ ըլլալ, որուն վառ ապացոյցն է ապրիլեան օրերուն ՀՅԴ պահեստային առանձին գումարտակի ձեւաւորումը, որուն մէջ մեծ թիւ կը կազմեն երիտասարդները: Մեր պարտքն է մեր ունեցած փորձն ու գիտելիքները փոխանցել անոնց, որովհետեւ ժամանակները կը փոխուին, եւ ճանապարհը երիտասարդներունն է», ըսաւ Մխիթարեանը: