Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էսդրատային Երգերու Լաւագոյն Մեկնաբան Ատիս Հարմանտեանը Իր Մենահամերգով Գերեց Լիբանանահայ Արուեստասէր Հասարակութիւնը

May 4, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ճողոպրած հայու բեկորները սփիւռքի տարածքին գոյատեւման համար պէտք ունէին դպրոցի, եկեղեցիի եւ ակումբի: Իսկ հայապահպանման համար կարեւոր գործօններ են` արուեստը, մշակոյթը, հայոց լեզուն: Առանձնացնելով լիբանանահայ գաղութը` մինչեւ 1960-ական թուականները լիբանանահայերը կ՛ունկնդրէին եւ կ՛երգէին իրենց պապենական տուներէն սորված երգերը: Ահա յայտնութիւն մը, երբ էսդրատային երգը սկսաւ  լսուիլ ու տարածուիլ` յանձինս Պուրճ Համուտ ծնած տաղանդաւոր ու առինքնող ձայն ունեցող երիտասարդի մը` Ատիս Հարմանտեանին, որ 1968-էն սկսեալ իր նոր երգացանկով եւ մանաւանդ հայոց լեզուով սկսաւ երգել ու բոցավառել սիրահար հոգիները, գերել երաժշտասէր ու մշակութասէր հասարակութիւնը` կատարողական բարձր արուեստով ու ներկայացման իւրայատուկ ոճով: Այս ձեւով «Թրքերէնի տեղ հայերէն ունկնդրէ» լոզունգը կամաց կամաց սկսաւ նօսրանալ եւ անհետանալ էսդրատային նորարար երգերու ներմուծումով: Ատիս Հարմանտեանը աւելի քան 50 տարիներ հայ երգի տարածման դեսպանը դարձաւ ամէնուրեք: Իր գրած երգերուն բառերը, ինքնակենսագրութիւնը, յուշերը, համերգային ելոյթները` սփիւռքի հայագաղութներէն մինչեւ Հայաստան, որոնք տեղ գտած են «Ատիս երգի ճամբով» (Անթիլիաս տպուած) հատորին մէջ լաւագոյնս կ՛արտացոլացնէ իր բարձրորակ արուեստը եւ հայ երգի տարածման դեսպան ըլլալու իր հանգամանքը:

Կիրակի, 1 ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Ատիս Հարմանտեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ լիբանանահայ արուեստասէր հասարակութեան դիմաց: Սրահը լեցուցած հայորդիները հոգեկան բերկրանքի պահեր ապրեցան` ունկնդրելով Ատիսին երբեք չհինցող երգերը: Ատիս Հարմանտեան իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ ներկայացուց «Ծաղիկներ», «Գիշեր է գիշեր», «Լիբանան», «Հայաստան», «Այլ աչեր», «Ճէյրանի պէս», «Գարուն, գարուն», «Սայլորդ», «Նունէ», «Սայաթ Նովայի սազն է երգում», «Դու սպասիր» երգերը` նուագակցութեամբ Յովիկ Ատուրեանի եւ ընկերակցութեամբ փողային հարուստ գործիքներու: Յիշարժան է, որ մեծ թիւով երիտասարդներ ներկայ էին այս ելոյթին` ըմբոշխնելու էսդրատային երգերու անզուգական մեկնաբան Ատիս Հարմանտեանին արուեստն ու զուլալ ձայնը:

Կը մաղթենք, որ Ատիս Հարմանտեանի` հայ երգը տարածելու եւ նորահաս սերունդին ծանօթացնելու իր քաջարի առաքելութիւնը միշտ շարունակուի, եւ ան մնայուն ներկայութիւն ըլլայ մեր հայկական բեմերուն վրայ:

Նախորդը

Պեթի Սալխանեան-Քուրթեան Եւ Ժորժ Տաքքաշ Ներկայացուցին Երաժշտական Իւրայատուկ Երեկոյ Մը

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Ապրիլ Դ. – Չթերագնահատել Ժողովրդային Ներուժը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.