Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Աւարտական Դասարաններու Վկայականաց Բաշխում

Մայիս 15, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի աւարտական դասարաններու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 4 մայիս 2018-ին` երեկոյեան ժամը 7:30-ին վարժարանիս հանդիսասրահին մէջ:

Կեանքի բնական ընթացքով դպրոցական տարիները աշակերտին համար թէեւ երկար կը թուին, սակայն ան իրողապէս ամենակարճ փուլն է: Այսպէս ալ վարժարանիս աւարտական դասարաններու 16 սաները յատուկ հանդիսութեամբ եկան իրենց դպրոցական օրերու էջը դարձնելու իւրայատուկ ոճով, իրենց ետին ձգելու մանկական ու պատանեկան ջերմ յիշատակարանի եւ իրենց տենչերուն եւ ձգտումներուն ի խնդիր` նայելու դէպի նոր հորիզոններ:

Շրջանաւարտները դիմաւորուեցան հանդիսականներու հոծ բազմութեան ջերմ ծափողջոյններով, անոնք բեմ բարձրացան դպրոցական համազգեստէն  դուրս այլ համազգեստով ու գլխարկով, սակայն` դպրոցական համազգեստին պարտադրուած կարգապահութեամբ, լրջութեամբ եւ ոգիով:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք աշակերտներու կողմէ արտասանուեցան բարիգալստեան խօսքեր` հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով. հանդէսը նուիրուած էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակին, որուն համար շրջանաւարտները իրենց արտայայտութիւններուն մէջ լուսարձակի տակ առին հայրենիքին հանդէպ իրենց սէրն ու աւանդոյթներու հաւատարմութիւնը, ինչպէս նաեւ խոստացան անաղարտ պահել իրենց ինքնութիւնը եւ սարդարապատեան ոգիով պահանջատէր մնալ հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներուն: Շրջանաւարտները հերթաբար հանդէս եկան ուղերձներով, որոնք արտասանուեցան հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով. այդ ուղերձներուն միջոցով անոնք ընդհանրապէս գնահատեցին ու արժեւորեցին իրենց ստացած անվերապահ խնամատարութիւնն ու հոգատարութիւնը, ինչպէս նաեւ` ուսման անսպառ կրթական ծրագիրներու բծախնդիր հետապնդումը, անոնք խոստացան երախտապարտ ու հաւատարիմ մնալ իրենց հռիփսիմեանցականի պատկանելիութեան: Խօսքերը մերթ ընդ մերթ երանգ ստացան` երգերով, նուագներով, ասմունքով եւ պարերով:

Ներկայացումներու աւարտին, ընկալեալ սովորութեան համաձայն, յատուկ յանձնարարութեամբ, քրիստոնէական հաւատքով եւ միշտ հայ մնալու եւ հայկական արժէքները գերադասելու թելադրականով մը, իրենց կարգին դպրոցին վահանը յանձնեցին այժմու 11-րդ դասարանի աշակերտներուն:

Ապա բեմ բարձրացաւ վարժարանի փոխտնօրէն եւ երկրորդական դասարաններու պատասխանատու Կարպիս Գապասագալեանը, որ դպրոցական վերջին զանգին պարտադրած անխուսափելի իրականութեան դիմաց, բարի երթ մաղթեց ընթացաւարտ սերունդի սան-սանուհիներուն եւ անոնց ուսումնական աշխատանքը գնահատելով` զիրենք որակեց խոստմնալից սերունդ, ինչպէս նաեւ անոնց թելադրեց, որ յանձնառու գիտակցութեամբ եւ հռիփսիմեանցականի վայել դրոշմով շարունակեն իրենց կեանքի ճանապարհը:

Ապա բեմ հրաւիրեց վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեանը, որ իր սրտի խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն` որպէս յանձնառու սերունդ գիտակցօրէն պայքարելու կեանքի մարտահրաւէրներուն դիմաց եւ միակ կեանքի լոյսը եւ ամրակուռ զէնքը համարել քրիստոսաւանդ հաւատքն ու ուսումը: Ան իր խօսքին մէջ վեր առաւ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան ընձեռած 170 տարիներու ծառայութիւնները` հայ սերունդներու դաստիարակութեան համար, ապա կարեւորութեամբ շեշտեց հայ ծնողքին դերը եւ առաքելութիւնը: Ան խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` ըսաւ, որ Հռիփսիմեանցը ձեզի յանձնեց գանձեր, որոնք գուցէ շօշափելի չեն: Յաճախ դուք պիտի գտնուիք կեանքի պայմաններու ստեղծած մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման, պիտի գիտնաք խիզախօրէն պայքարիլ ձեր հայու ինքնութեան եւ անոր գոյութեան սպառնացող վտանգներուն դէմ: Տէր պիտի կանգնինք մեր ազգային հարստութիւններուն` մշակոյթին, լեզուին, պատմութեան, աւանդութիւններուն:

Ան ըսաւ նաեւ, որ ուսուցիչներու ջերմ ու գուրգուրոտ շունչին ներքեւ լիբանանահայ մատղաշ սերունդներ ահա արդէն 95 տարիներէ ի վեր այս յարկին տակ կ՛աճին, հասակ կ՛առնեն, լոյս ու գիտութիւն կը ստանան, կը կերտուին որպէս իսկական մարդիկ, քրիստոնեայ հայ մարդիկ, պատասխանատու` վաղուան կեանքին, սնանած` մեր ազատատենչ սուրբ նահատակներու կտակով:

Քոյր Արմինէ Մակարոսեանը իր խօսքի աւարտին աշակերտներուն մաղթեց լաւագոյն յաջողութիւն` պաքալորէայի քննութեանց եւ ապա յանձնեց դպրոցին երաշխիքը հանդիսացող վկայականը:

Գէորգ եպս. Ասատուրեանի ձեռամբ, աւարտական դասարաններէն, կենսաբանութեան, ընդհանուր գիտութեան եւ ընկերատնտեսագիտութեան բաժիններէն չորս աշակերտ-աշակերտուհիներ` Էտուար Գապասագալեան, Լէա Հապիպեան, Ազնիւ Պոյներեան եւ Վալերի Վարդանեան ստացան յատուկ գնահատական յուշանուէրներ` իրենց ուսումնական 15 տարիներուն յարատեւ լաւագոյն արդիւնքներուն համար:

Շրջանաւարտները խրոխտ ձայնով երգեցին վարժարանին քայլերգը, ապա դպրոցական վերջին զանգին բառերով դուրս եկան հանդիսասրահէն:

Նախորդը

Լիբանանեան Համալսարանի Հայ Ուսանողներու Յարգանքի Տուրքը` Սուրբ Նահատակներուն

Յաջորդը

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. Հայ Մշակոյթի Օր` Նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-րդ Եւ Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան 90-րդ Տարեդարձին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?