«Զաւարեան Նոթատետր»-ը` Հայկականութիւն Ներշնչող Աղբիւր
Դաշնակցութեան հիմնադրութենէն 14 տարիներ ետք, ՀՅԴ հիմնադիր երեքէն` Սիմոն Զաւարեանը` Դաշնակցութեան խիղճը, Լիբանանի մէջ հիմնեց Զաւարեան ուսանողական միութիւնը: Լիբանանահայութեան պատմութիւնը վկայ` իր հիմնադրութեան փուլին եւ յատկապէս 1921-էն սկսեալ իր զանազան նախաձեռնութիւններով` քարոզչական լսարաններով, Զաւարեան աշակերտական միութեամբ, գիշերային դպրոցով, համալսարաններու մէջ քարոզչական աշխատանքներով, Հայ դատի հետապնդումներով եւ «Դէպի Երկիր»-ի ճամբարներով, ԶՈՄ-ը հայրենիքէն ներս թէ դուրս եղաւ այն դարբնոցը, որ համախմբեց եւ...



















