Վարագոյրը իջաւ Զաւարեան ուսանողական միութեան 120-ամեակի ձեռնարկներուն վրայ: Կազմակերպիչները հանգիստ առին: Հասաւ հանդարտ խորհրդածութեան պահը` ըստ արժանւոյն գնահատելու այս միութեան դերն ու տեղը մեր կեանքին մէջ:
Հայկական յեղափոխութեան ամէնէն անբասիր առաքեալին անունը կրող այս միութիւնը, արդարեւ, յատուկ արժէք կը ներկայացնէ եւ իր հետապնդած նպատակներով եզակի տեղ կը գրաւէ լիբանանահայ միութիւններու շարքին, որոնց հնագոյնն է ան: Ու աւելի բնորոշած կ’ըլլանք իր նկարագիրը, եթէ աւելցնենք, որ ուսանողական այս միութիւնը, հիմնադրութենէն մինչեւ օրս, ազգային վեհ առաքելութեան մը դրօշակիրը հանդիսացած է, լիբանանեան համալսարաններու հայ ուսանողները իրենց դասերէն եւ մասնագիտութիւններէն վեր` կապելով հայ ժողովուրդի ընդհանրական իտէալին, դատին ու պայքարին:
Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամները եղած են սրբազան ուխտի մը զինուորագրեալները, իսկ իրենց միութիւնը` ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին ամէնէն կենսունակ, գործօն եւ արդիւնաբեր կազմակերպական միաւորներէն մէկը:
Դժուար է տողերու մէջ խտացնել պատկառելի անցեալով եւ աշխուժ ներկայով այս միութեան բովանդակ գործն ու արժէքը: Եւ սակայն հիմնականը ընդգծած կ’ըլլանք, եթէ ըսենք, որ 1904-ին, ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան անդամներէն Սիմոն Զաւարեանի կողմէ հիմնուած այս միութիւնը, հակառակ ժամանակի եւ միջավայրի այլազան պարտադրանքներուն, կը շարունակէ ընթանալ հոսանքն ի վեր` վառ պահելով իր անմահ հիմնադիրին փոխանցած գաղափարական շունչը, նուիրումի եւ զոհաբերութեան ոգին, միշտ համոզուած, որ ուսանողութեան մէջ գտնուող ուժն ու կենսունակութիւնը, միտքն ու ուսումը, զարգացումն ու կարողութիւնները բաւարար երաշխիքներ չեն յաղթանակի` անհատական թէ հաւաքական կեանքի դժուարին պայքարին մէջ: Խելք եւ տրամաբանութիւն, հարստութիւն եւ կարողութիւն բաւարար արժէքներ չեն` կարենալ դիմագրաւելու համար ամէն տագնապ ու դժուարութիւն:
Ի՞նչ կ’արժեն ուժեր եւ կարողութիւններ, եթէ անոնք չհամախմբուին որոշ նպատակի մը շուրջ եւ չղեկավարուին որոշ ուղղութեամբ:
Զօրաւորը ան չէ, որ դրամ ունի, խելացին ան չէ, որ ուսում ունի, այլ ան է, որ կրնայ իր ունեցածէն բաժին հանել ընդհանրական նպատակներու իրականացման: Իրական ուժի չափանիշը զոհաբերութիւնն է:
Այսօր հազարներու կը հասնի թիւը անոնց, որոնք սերունդէ սերունդ անդամակցեցան Զաւարեանի հիմնած գաղափարական դպրոցին, ներշնչում եւ ոգի ստացան անկէ եւ հետագային անհուն զոհաբերութեամբ նետուեցան հանրային կեանքի եւ ազգային պայքարի յորձանուտ: Տեղը չէ անուններ եւ դէպքեր յիշելու: Անոնցմէ ոմանք նահատակի լուսապսակը ունին իրենց յիշատակին վերեւ, ուրիշներ աննկուն ծառայութեան խորշոմները ունին իրենց ճակատին վրայ: Ահա, այդ սերունդներու ժառանգորդներն են, որ անցնող ամիսներուն լիբանանահայութեան ներկայացան 120-ամեակի ձեռնարկներով: Հիները արդարացուցին իրենց դերն ու կոչումը: Նորերը եկած են հիներուն ուխտը վերանորոգելու եւ անոնց արժանաւոր շառաւիղները հանդիսանալու: Եկած են մանաւա՛նդ հիներուն անկատար ծրագիրները ամբողջացնելու, նոր միջոցներ որոնելու եւ նոր ակօսներ բանալու` շարունակելու համար այն ուղին, որ հայ ժողովուրդը պիտի առաջնորդէ իր վաղուան յաղթանակներուն` Արցախի ազատագրման, Արեւմտահայաստանի վերատիրացման եւ ամբողջական, գերիշխան ու հզօր հայրենիքի մը կերտման:
120 տարիներ թաւալած են Զաւարեանի Պէյրութէն անցքէն, երբ ան իր ձեռքով գաղափարական ճրագ մը վառեց լիբանանեան այս ափերուն վրայ: Հայուն պայքարը, սակայն, կը շարունակուի տակաւին, եւ այդ ճրագը կը մնայ ու պէ՛տք է մնայ ապահով ձեռքերու մէջ, քանի նոյն ոգին է, հայութեան եւ Հայաստանին ամէն ինչ նուիրաբերելու նոյն պատրաստակամութիւնն է, որ ինչպէս երէկ, այսօր եւս իրարու կը միացնէ Զաւարեան ուսանողական միութեան գաղափարապաշտ հին ու նոր անդամները: