Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անձնասիրութիւն

Ապրիլ 1, 2022
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱԺԱԿ ԹԱՊԱԳԵԱՆ

Ի՞նչ է անձնասիրութիւնը: Անձնասէր կը համարուի այն անձը, որ մնայուն կերպով մտաhոգուած եւ հետաքրքրուած է միայն իր սեփական շահերով` առանց հաշուի առնելու ուրիշները: Ան նարսիսականութեան տեսակ մըն է, որ կը յառաջանայ եւ կը զարգանայ կա՛մ ծննդականօրէն (genetically) եւ/կամ անձին ապրած պայմաններուն ու անոր շրջապատին ազդեցութիւններուն իբրեւ հետեւանք:

Բոլորս ալ կը ճանչնանք անձնասէր մարդիկ: Չէ՞: Ո՛ւր որ ալ երթանք, ի՛նչ տարբեր միջավայրի մէջ ալ մտնենք եւ նոր անձերու ծանօթանանք, անպայման կը հանդիպինք այն ամենագէտ, ինքնահաւան եւ մեծամիտ անձին, որուն ներկայութիւնը այնքան ալ հաճելի չ՛ըլլար (առնուազն ինծի համար):

Նոր երեւոյթ մը չէ անձնասիրութիւնը եւ ոչ ալ` անհետանալու սեմին: Կան ու պիտի մնան անձնասէրները: Ի դէպ, անոնց թիւը զգալիօրէն աճեցաւ այս քանի մը տարիներուն:

Ինչո՞ւ: Որովհետեւ բոլորս դարձանք մէկական անձնասէրներ (ոչ անպայմանօրէն` վերոնշեալ ըսուածներուն աստիճան կամ բացատրողութեամբ) «Քորոնա» ժահրին պատճառով:

Բացատրեմ: Երբ մեր ծանօթներէն կամ շրջապատէն մէկը վարակուի «Քորոնա»-ով, մեր առաջին հակազդեցութիւնը կ՛ըլլայ մտածել, թէ վերջին անգամ ե՞րբ տեսանք այդ անձը, եւ ի՞նչ է հաւանականութիւնը, որ մեզի փոխանցած ըլլայ այդ անկոչ եւ անբաղձալի «հիւրը»: Անզգալաբար երկրորդական կը դասուի մեր մտքերուն մէջ մեր այդ բարեկամին վիճակն ու առողջութիւնը, որովհետեւ մեր սեփական առողջութիւնն ալ կը մտնէ խնդրին մէջ: Հապա՞ եթէ ինծի փոխանցեց: Այս տեսակ անձերը կը դասուին իբրեւ ակամայ անձնասէրներ, որոնց վարուելակերպը բոլորովին հասկնալի է:

Ուրիշ տեսակ անձնասէրներ ալ մէջտեղ եկան «Քորոնա» ժահրի բացայայտումէն ետք, անոնք, որոնք առհասարակ չեն հաւատար այս ժահրի գոյութեան եւ կը շարունակեն իրենց կեանքերը ապրիլ, կարծես որեւէ բան չէ փոխուած: Դիմակ կրելը բացարձակապէս մերժուած է անոնց կողմէ, իսկ պատուաստուիլը` աններելի մեղք: Ճիշդ է, որ որոշ չափով պատուաստուիլը անձնական որոշում մըն է, եւ անձ մը կրնայ չուզել որեւէ մէկ տեսակի պատուաստ առնել որոշ համոզումներով, սակայն անոր դիմակ չդնելը եւ, հետեւաբար, ուրիշին առողջութեան որեւէ մէկ ձեւով ուշադիր չըլլալը զայն կը դարձնէ օրինաւոր եւ կամաւոր անձնասէր մը: Եւ դեռ, անոնք այնքան յամառ կ՛ըլլան, որ իրենց կարծիքը չեն փոխեր նոյնիսկ ականատես դառնալէ ետք չպատուաստուած կամ, ըսենք,  անհոգ ընկերոջ հիւանդանոց հասնելէն եւ վերջ ի վերջոյ մահէն ազատելէն կամ չազատելէն ետք:

Երանի, թէ երկրորդ տեսակի անձնասէրները դառնան առաջին տեսակի անձնասէրներ եւ դուրս գան իրենց մութ աշխարհէն: Յոյսով եմ…

 

 

Նախորդը

Սփիւռք՝ Շատերու «Ծանօթ» Եւ Նոյնքան Ալ «Անծանօթ»

Յաջորդը

«Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»-ի Գրախօսական

RelatedPosts

Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Մեր Խօսքը

Ապրիլ 24, 2025
Վերադարձի Պահը Հասած Է
Զաւարեանական

Վերադարձի Պահը Հասած Է

Ապրիլ 24, 2025
Պայքարով Կերտուած Կեանք Մը
Զաւարեանական

Պայքարով Կերտուած Կեանք Մը

Ապրիլ 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?