Կեանքի առաջին տարիները հսկայական ազդեցութիւն ունին իւրաքանչիւր երեխայի ապագային վրայ` անոր ուղեղի զարգացման, առողջութեան, երջանկութեան, դպրոցի մէջ սորվելու կարողութեան եւ կեանքի տարբեր յաջողութիւններուն հասնելու:
Արցախի երեխաները այսօր բոլորովին տարբեր աչքով կը դիտեն կեանքը. անոնք այսօր արագ կը մեծնան զիրենք շրջապատող իրականութեան գիտակցութեան եւ ընկալման պատճառներով: Արցախեան պատերազմին երեխաները ունեցան զանազան տեսակի կորուստներ: Ոմանք կորսնցուցին հարազատ ընտանիքի անդամներ, ոմանք` իրենց դրացին, ընկերը կամ բարեկամը: Այնուամենայնիւ, այսօր անհրաժեշտ է նաեւ անդրադառնալ երեխաներու հոգեկան կորուստին: Ճիշդ է, որ աշխարհը իր մեծ թէ փոքր պաստառին վրայ կը տեսնէ ու կը լսէ ճիչ, լաց ու ցաւ եւ կը փորձէ իր աջակցութիւնը բերել, սակայն անհրաժեշտ է նաեւ օգնել մեր երեխաներուն hոգեկան աշխարհի վերականգնման եւ վերանորոգման:
Պատերազմը կ՛ազդէ փոքրերու վրայ այնպէս, ինչպէս բոլոր չափահաս սերունդներու, բայց` տարբեր ձեւերով: Նախ` երեխաները ամուր կապ կը հաստատեն զիրենք սիրող ծնողներու, անոնց ցուցաբերած հոգատարութեան եւ ուշադրութեան հետ: Ծնողք-զաւակ այս կարեւոր կապը յաճախ կ՛ընդհատուի պատերազմի ժամանակ` ծնողներու կորուստին, ընտանիքը պաշտպանելու եւ ապրուստ ապահովելու հեւքին, տարբեր հարցերու բերումով շատ զբաղուածութեան կամ ընկճուած ծնողներուն հետ հաղորդակցելու դժուարութեան պատճառներով:
Երբ թշնամին տուն կը քանդէ, անոր հետ նաեւ կը կործանէ տան յիշողութիւնները, տան բոյրն ու ժպիտը, չմոռնալով, որ ան նաեւ կը փորձէ քանդել մարդուս հոգին` ուղղակի կամ անուղղակի միջոցներով: Հոգեբանական աջակցութիւնը կ՛օգնէ ընդունելու կորուստի փորձը եւ արտայայտելու մարդու վիշտը, որպէսզի չազդէ անոր կեանքի շարունակութեան վրայ եւ դրական դերակատարութիւն ունենայ յաղթահարելու զանազան դժուարութիւններ:
Պատերազմի պայմաններու տակ ապրող երեխաները ընդհանրապէս կը կրեն պատերազմի հոգեբանական հետեւանքները, որոնք ուղղակի կ՛ազդեն անոնց մարդկային զգացումներուն եւ յիշողութիւններուն վրայ: Զարմանալիօրէն զանազան մասնագէտներու կողմէ նուազ ուշադրութիւն կը դարձուի պատերազմ ապրած երեխաներուն իրական գործունէութեան ու հոգեկան առողջութեան: Քանինե՞ր այսօր կը զգան մեր երեխաներու տառապանքը: Քանինե՞ր կ՛ապահովեն անոնց հոգեկան հանգստութիւնը: Քանինե՞ր իրենց վստահութիւնը կու տան երեխաներուն …
Արցախի երեխաներու հոգեկան վերականգման համար անհրաժեշտ է ստեղծել այնպիսի միջավայր, ուր ուրախ մանկութենէ զրկուած մանուկներ կը ստանան հոգեբանական խորհրդատուութիւն ու ապահով դաստիարակութիւն` իրենց ապագան լաւագոյն ձեւերով կերտելու համար: Անհրաժեշտ է նուազեցնել երեխաներու տառապանքը, դառնալ անոնց ապաւէնը, օգնել ստեղծելու այնպիսի միջավայր, որ կը նպաստէ անոնց հոգեկանը վերակագնելու, ապա զարգացնելու. աջակցիլ անոնց կրթութեան եւ դաստիարակչական նուաճումներուն, բարձրացնել անոնց դիմակայելու կարողութիւնները, հնարաւորութիւններ ստեղծել հոգեկան բուժական օգնութեան:
Պատերազմէն տուժող երեխաներու շատ փոքր մասը հոգեկան բուժումներու միջամտութիւններ կը ստանան, նոյնիսկ երբ բուժումները առկայ են: Այսուհետեւ մեր երեխաներուն համար հոգեբանական աջակցութեան ֆինանսաւորման ծրագիրները առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլան: Նման աջակցութիւններ պէտք է մեծ թիւով հասնին երեխաներու` բարելաւելու համար անոնց կրթական ու հոգեկան կեանքի որակը: Աւելի՛ն. նման ֆինանսաւորումներ շատ յաճախակի պէտք է ըլլան, որովհետեւ պատերազմն ու անոր հետեւանքները միակ պատճառները չեն` մեր երեխաներուն համար նման ծրագիրներ իրագործելու:
Մանկութեան շրջանին պատերազմական ճնշումներու հոգեկան ազդեցութիւնները իրենց ժխտական ազդեցութիւնը աւելի շատ մանուկներու կեանքին ու ապագային վրայ կը ձգեն, քան` չափահաս սերունդին, մանաւանդ որ այդ մանուկները պատերազմի ժամանակ կորսնցուցին նոյնիսկ կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւնները եւ ստիպուած եղան լքելու իրենց պապենական հայրենի տունն ու հողը:
Արդարեւ, պէտք չէ երբեք զլանալ հոգեբանական դաստիարակութիւն ջամբել այն սերունդին, որ ապրեցաւ պատերազմի ամէնէն թէժ օրերը, որպէսզի իրմէ խլած չըլլանք նաեւ մանկութեան ժպիտն ու խաղաղօրէն ապրելու իրաւունքը: