Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յանուն Լիզպոնի Գործողութեան Անձնուրացներուն

Օգոստոս 2, 2024
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԱԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

… 41 տարիներ առաջ Լիզպոնի 5 տղոց գերագոյն անձնազոհութիւնը ցնցեց հայ աշխարհը:

Սփիւռքի մէջ ծնած, հայրենի հողը չտեսած, սակայն Հայ դատին համար իրենց մարմիններով լռութեան պատը քանդած Սարգիսը, Սեդրակը, Սիմոնը, Արան ու Վաչէն փորձեցին արթնցնել աշխարհի քնացած խիղճը, միաժամանակ պատգամելով հայ երիտասարդութեան՜ մնալ պահանջատէր հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներուն:

Իմ մտածումներս յաճախ, ու յատկապէ՛ս յուլիս ամսուն, կը կեդրոնանան Լիզպոնի տղոց աքթին վեհութեան վրայ:

Հինգ երիտասարդներ` մէկդի դրած իրենց հաճոյքները, անձնական կեանքը, սէրը, ընտանիքն ու վայելքը, խոր համոզումով ընտրեցին գիտակցաբար իրենց կեանքը զոհել ազատութեան բագինին:

41 տարիներ շարունակ ԼԵՄ-ն ու ԶՈՄ-ը տարեկան ձեռնարկ ու հոգեհանգիստ կը կազմակերպեն` զոհաբերումի խորհրդանիշ դարձած այս տղոց. հայրենիքէն հեռու` Լիբանանի հայահոծ թաղերուն մէջ ծնած ու մեծցած 5 երիտասարդներու, որոնք հայրենիքը չտեսած` նահատակուեցան հայրենիքի դատին համար, հայրենիքի երազը իրենց սրտերուն մէջ:

Լիզպոնի տղաքը լաւ գիտէին, որ իրենցմէ առաջ «շատեր քալած են» այդ ճամբէն, եւ կը յուսային, որ իրենցմէ ետք եւս շատ քալողներ պիտի ըլլան:

Այսօր մեր դատը լուծուած չէ տակաւին: Աւելի՛ն. Արեւմտահայաստանի կողքին, ծանր հարուածով մը կորսնցուցինք նաեւ Արցախը: Յուսահատական տրամադրութիւններ կան ամէնուրեք: Հայ պատանիներու ու երիտասարդներու մեծ թիւ մը քիչ-քիչ կը հեռանայ մեր հայկական առօրեայէն: Բացականերուն թիւը յաճախ կը գերազանցէ ներկաներունը: Ոմանց մօտ աշխատանքի թափը նուազած է, ուրիշներ արդէն իսկ ինկած են օտարամոլութեան գիրկը: Հետզհետէ հաճելին աւելի կարեւոր կը թուի, քան` կենսականը, եւ անձնական շահերը աւելի վեր կը համարուին հաւաքական շահերէն: Այս բոլորին մէջ, սակայն, իբրեւ հայ երիտասարդներ, մենք  իրաւունք չունինք յուսահատելու ու պարտուողական կեցուածք որդեգրելու: Մեր ճամբան մի՛շտ դժուար եղած է, բայց` ո՛չ անկարելի: Մեր հաւաքական կամքն ու աննկուն ոգին ճակատագրական պահերուն մի՛շտ ալ կրցած են ծնունդ տալ սրբազան խենթերու: Վկա՛յ Աւարայրը, վկա՛յ մեր ֆետայիները, վկա՛յ  Սարդարապատը, վկա՛յ «Նեմեսիս»-ի վրիժառուները,  արցախեան պայքարի հերոսները:

Այսօր մեր հերթն է ծառայելու Հայ դատին: Պահանջատիրութեան ձեւը կը փոխուի` ըստ դարու պահանջներուն, սակայն նպատակը կը մնայ նոյնը:

Լիզպոնի գործողութեան 41-ամեակին առիթով այսօր անգամ մը եւս կը հաստատենք մեր խոստումը` տէր կանգնելու մեր լեզուին, մեր մշակոյթին, մեր պատմութեան, մեր ինքնութեան ու մեր Դատին:

Այս ձեւով միայն արժանի ժառանգորդները կը դառնանք պահանջատէր երիտասարդ սերունդին ու յառաջ կը տանինք Հայ դատի սրբազան աշխատանքը: Այն ժամանակ միայն կը հանգչին Լիզպոնի տղոց աճիւնները:

Սիրելի՛ ընկերներ, յարգանք ձեր անմեռ յիշատակին:

 

 

Նախորդը

Ինչո՞ւ Ըլլալ Հայրենասէր

Յաջորդը

Իրական Ուժի Չափանիշը` Զոհաբերութիւնը

RelatedPosts

Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Յուլիս 2, 2025
Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ
Զաւարեանական

Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ

Յուլիս 2, 2025
Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը
Զաւարեանական

Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը

Յուլիս 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?