Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութիւն «Papa»

August 2, 2024
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՍԱՆԱՀԻՆ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

Դաշնակցութեան գրադարանը կրկին կը հարստանայ նոր գիրքերով, իսկ ես ամուր սեղմած զանոնք` կը սպասեմ վայրկեան մը առաջ ընկղմիլ այդ աշխարհին մէջ: Թէեւ միշտ ուրախութիւն պատճառած է ինծի գիրքին շօշափելի տեսքն ու հոտը, բայց տարբեր զգացում է, երբ այդ գիրքերը ակնարկ մըն են Դաշնակցութեան հսկայ արխիւէն, երբ իսկապէս գանձ են:

Աշխարհի մը, որուն մենք բոլորս ծանօթ ենք, բայց որքան աւելի ծանօթանանք, կը գիտակցինք, թէ որքա՛ն պէտք ունինք աւելի ծանօթանալու: Ապագային լաւ տիրապետելու համար, հարկաւոր է անցեալը լաւ իմանալ:

ՀՅ Դաշնակցութեան ծածկանուններու բառարանը` պատրաստուած Ե. Փամպուքեանին կողմէ, երազ մըն էր, որ իրականացաւ բոլոր անոնց համար, որոնք հիացումով կը նկատէին Դաշնակցութեան գաղտնապահ գործելաձեւը տարիներու ընթացքին: Բառարան չէ միայն, այլ բանալի` աւելի լաւ հասկնալու մեր պատմութիւնը:

Կարդալու ժամանակ յաճախ հանդիպեցայ ծանօթ ծածկանուներու եւ յաճախ նորերու: Զարմանքս էր սակայն, երբ նախկին գիտակցութեամբ հանդիպեցայ գաղտնի բառի մը, զոր երբեք չէի լսած, Դաշնակցութիւն բառը նամակներուն մէջ կը փոխուէր «papa»-ի` այն նպատակով, որ եթէ օտար անձ մը կարդար այդ նամակը, չկարողանար իմաստը հասկնալ:

Հետաքրքրական էր այդ բառին օգտագործումը եւ շատ հասկնալի, այնքան հասկնալի, որ եթէ ես պիտի հնարէի գաղտնի հոմանիշ մը Դաշնակցութեան բառին համար, նոյնը կ՛ընտրէի: Անձնական տպաւորութենէ անկախ, թէ հայրս էր Դաշնակցութիւնը զիս ոչ միայն ծանօթացողը, այլ ազգային եւ յեղափոխական հոգին մէջս արթնցնողը, որ փոքր տարիքէս քաղած եմ իրմէ: Սակայն կ՛ուզեմ մտածել հաւաքական դիտանկիւնէ եւ ոչ միայն մեր սերունդէն, այլ` հիմնադիր սերունդի դիտանկիւնով: Դաշնակցութիւնը չի նմանիր այժմու կուսակցութիւններու, որոնց յաճախ կը հանդիպինք: Հետեւորդ ենք գաղափարի եւ ոչ թէ` անձերու, կը զոհուինք Դատի եւ ազգի շահերուն համար եւ կը նուիրուինք այդ սուրբ աշխատանքին: Մեզ միացնողը Դաշնակցութիւնն է` յատկապէս խաղալով հօր դեր եւ մեզ վերածելով մէկ մեծ ընտանիքի մը:

Ընտանիք մը, ուր դարձանք զինուոր գաղափարի, ինչպէս կը նկատենք յուլիս ամսուան յեղափոխական շարժումները եւ գործողութիւնները, 25 յուլիս 1897-ի Խանասորի արշաւանքը, որ վերահաստատեց վրէժխնդրութեան եւ պայքարի կամքը հայութեան մէջ, նաեւ այդ կամքը վերականգնեցաւ Ցեղասպանութենէն ետք «Նեմեսիս» գործողութեամբ (25 յուլիս 1921 Ճեմալ փաշայի սպանութեամբ) եւ կրկին 27 յուլիս 1983-ին` Լիզպոն հինգի գործողութեամբ:

Օրերը կը փոխուին, սակայն նպատակը կը մնայ միշտ:

 

 

Նախորդը

Լիզպոնի Ճամբան…

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Ըլլալ Հայրենասէր

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

October 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

October 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

August 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.