Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անցեալը Ինքզինք Կը Կրկնէ

Յունիս 18, 2022
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅՈՎԻԿ ՃԷՀԻԶԵԱՆ

Վերջերս աշխարհի մէջ պատահած դէպքերը կը յիշեցնեն գրագէտ Ժորժ Օրուէլի 1945-ին լոյս տեսած «Animal Farm» վիպակը («Անիմըլ Ֆարմ»), որ կը պատմէ ագարակի մը անասուններու մասին, որոնք կեանքի վատ պայմաններէ ազատելու նպատակով կ՛ապստամբին իրենց անպատասխանատու ագարակապանին դէմ: Ապստամբութիւնը կը կատարուի խոզերուն առաջնորդութեամբ, որովհետեւ գրել ու կարդալ գիտցող միակ անասուններն էին եւ ապստամբութենէն ետք պատասխանատու կ՛ըլլային ագարակին անասուններուն եւ անոնց ղեկավարութեան. սակայն վիպակին աւարտին անասունները չէին կրնար նոյնիսկ զանազանել խոզը երկու ոտքով մարդէն:

Այս վիպակը մանուկներու հեքիաթ մը չէ, ո՛չ ալ խորքին մէջ անասուններու մասին է: Ընկերվարութեան սկզբունքներու կողմնակից Ժորժ Օրուէլ այս գործը գրած է քննադատելու համար 1917-ի Ռուսիոյ մէջ պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը, որ իր կարգին հետագային իշխանութեան բերաւ Ստալինը եւ ծնունդ տուաւ համայնավար Ռուսիոյ, ու յատկապէս քննադատեց ամբողջատիրութիւնը: Օրուէլ ուզեց գրել այս գիրքը եւ հերոսները ընել անասուններ, որոնք կը ներկայացնեն իրական կեանքի մարմիններ, որպէսզի ոեւէ անձ կարենայ հասկնալ Օրուէլի բուն գաղափարը, զոր ուզած է փոխանցել ընթերցողին:

Ի՞նչ էր Օրուէլի փոխանցած բուն գաղափարը: Այս վիպակը միմիայն ռուսական յեղափոխութեան եւ համայնավարութեան ձախողութեան մասին չէ: Ան պատմած է, թէ ինչպէ՛ս ապստամբներ, իշխանութեան գալէ ետք, կամաց-կամաց կը դառնան ճիշդ նախկին բռնատէրին պէս, եւ թերեւս ալ` աւելի գէշ, որովհետեւ ուժը, իշխանութիւնն ու աթոռը կը փճացնեն այդ անձը:

Այս պատմութիւնը, մօտաւորապէս 80 տարիներ ետք, տակաւին այժմէական է ներկայիս` 21-րդ դարուն, որովհետեւ այս վիպակը կը խօսի ոլորապտոյտի մը մասին, որ միշտ կրկնուած է անցեալին եւ մինչեւ այսօր կը կրկնուի, որ` միշտ ալ պիտի ըլլայ տկար, ամբողջատիրութեան զոհ ժողովուրդը, որ` աւելի լաւ կեանք մը ուզելով պիտի ապստամբի եւ աթոռէ վար առնէ բռնատէրը, իսկ յաջորդողը պիտի դառնայ շրջանակը եւ նմանի ճիշդ նախկին բռնատէրին, որովհետեւ իշխանութիւնը եւ այս նոր ուժը պիտի փճացնեն զայն:

Բայց ես կ՛ըսեմ, թէ պայման չէ՛, որ այդ մէկը միշտ ճիշդ ըլլայ. կան եւ եղած են ղեկավարներ, որոնք լաւ կեանք կրցած են տալ իրենց ժողովուրդին կամ ենթականերուն: Ուժը եւ իշխանութիւնը` «աթոռը», պարզապէս դուրս կը հանէ եւ կը բացայայտէ անձի մը մէջ գտնուող «բռնատէրը»: Ուրեմն լուծումը հետեւեալն է. ուժն ու իշխանութիւնը պէտք է տրուին ճիշդ անձին, որ իսկապէս կրնայ պատասխանատուութեամբ օգտագործել այդ ուժը, առաջնորդել իր ժողովուրդը եւ քաջալերել միասնականութիւնը: Պէտք է նաեւ շարունակ ըլլայ իր խօսքին ու սկզբունքներուն տէրը, եւ ամենակարեւորը` գիտնայ, որ ինք եւս ենթակայ է օրէնքներուն, բոլորին պէս: Երբ ապստամբ խոզերը նոր եկան իշխանութեան, ըսին. «Ամէն անասուն իրարու հաւասար է». սակայն վիպակին աւարտին օրէնքը դարձաւ` «Ամէն անասուն իրարու հաւասար է, բայց կարգ մը անասուններ աւելի հաւասար են». ուրեմն պէտք է տիպար ղեկավարը առաջնորդ ըլլայ եւ գիտնայ, որ իրեն հետեւող ժողովուրդը իրմէ առաջ կու գայ, եւ գիտնայ, որ իր ժողովուրդէն առաջ ինք պէտք է յարգէ օրէնքները:

Բոլորս ալ թերեւս լսած ենք «Խեղդուողը փրկուելու համար օձին ալ կը փաթթուի» առածը: Այսպէս է, երբ վատ պայմաններու մէջ ապրող անօթի ու յուսահատ ժողովուրդի մը կը ներկայանայ անձ մը եւ անոնց լաւ ապագայ մը ապահովելու խոստումներ տայ, այդ ժողովուրդը կուրօրէն հերոս պիտի տեսնէ այդ անձը ու պիտի հետեւի անոր, եւ ապա պիտի անդրադառնայ, որ իր «խեղդուած պահուն օձի մը փաթթուած է»:

Հետեւաբար պէտք է բոլորս ուշադիր ըլլանք, ամբողջ աշխարհի տարածքին, մանաւանդ` Լիբանանի մէջ, ուր կ՛ապրինք յուսահատ օրեր եւ պէտք ունինք մէկու մը, որ գայ եւ ազատէ մեզ այս տագնապալի վիճակէն եւ 30 տարիէ աւելի իշխող լիբանանցի քաղաքական գործիչներէն, բայց պէտք է ուշադիր ըլլանք եւ սխալ չգործենք` փրկուելու նպատակով օձին փաթթուելով:

 

 

Նախորդը

Սենեկալ. Աշակերտներ Ծառեր Կը Տնկեն Իրենց Դպրոցի Բակին Մէջ

Յաջորդը

Ակումբն Ու Պատանին

RelatedPosts

Ռուս-Ուքրանական Պատերազմի Ազդեցութիւնները Լիբանանի Տնտեսութեան Վրայ
Զաւարեանական

Ռուս-Ուքրանական Պատերազմի Ազդեցութիւնները Լիբանանի Տնտեսութեան Վրայ

Յունիս 18, 2022
Ակումբն Ու Պատանին
Զաւարեանական

Ակումբն Ու Պատանին

Յունիս 18, 2022
«Այն Երկիրներուն Մէջ, Ուր Կը Կատարուի Հայկական Յուշարձաններու Միտումնաւոր Աւերներ, Մեր Կոթողներուն Պահպանութիւնը, Այս Պահուն, Կարելի Է Կատարել Թուղթի Վրայ` Լուսանկարելով, Չափագրելով Եւ Տեղորոշելով»  Կ՛ըսէ Րաֆֆի Քորթոշեան
Զաւարեանական

«Այն Երկիրներուն Մէջ, Ուր Կը Կատարուի Հայկական Յուշարձաններու Միտումնաւոր Աւերներ, Մեր Կոթողներուն Պահպանութիւնը, Այս Պահուն, Կարելի Է Կատարել Թուղթի Վրայ` Լուսանկարելով, Չափագրելով Եւ Տեղորոշելով» Կ՛ըսէ Րաֆֆի Քորթոշեան

Ապրիլ 19, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In