Մշակոյթը. Հայոց Հզօրագոյն Կապը` Խլուած Հայրենիքին Հետ
ՔՐԻՍՏ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ Այսօր` իբրեւ ցեղասպանուած ժողովուրդի մը զաւակները, պատմական հայրենիքին հետ մեր բնական կապը բռնի կերպով խզուած է: Պապենական տուն, հող, ազգապատկան եւ պատմական կառոյցներ` բոլորը խլուած են եւ իւրացուած: Խլուած են նիւթեղէնները, սակայն հայրենիքէն ի սփիւռս աշխարհի իւրաքանչիւր հայու հետ փոխադրուած եւ վերապրեցուած է անգին ժառանգութիւն մը, որ փուլ առ փուլ կերտած է այդ հայրենիքը. այդ ժառանգութիւնն է` մշակոյթը:...
 
			



