Պայքարով Կերտուած Կեանք Մը
ՄԱՐԻԷԼԼԱ ՃԷՀԻԶԵԱՆ Կարեւոր է, որ իւրաքանչիւր հայ ճանչնայ իր նախնիներուն պատմութիւնը, որովհետեւ անիկա իր ինքնութեան մէկ մասն է: Մենք ժառանգորդներն ենք այդ պատմութեան, զոր պիտի փոխանցենք մեր զաւակներուն եւ թոռներուն: Մեծ հօրս մեծ հայրը` Յովհաննէս եւ զաւակը` Ստեփանոս, ծնած եւ ապրած են Մարաշ: Յովհաննէս որբ մնացած ըլլալուն պատճառով կը մեծնայ Մարաշի որբանոցին մէջ: Մանկութեան տարիներուն կ՛աշխատի օժիտի վաճառականի մը մօտ...
 
			


















