Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուս-Ուքրանական Պատերազմի Ազդեցութիւնները Լիբանանի Տնտեսութեան Վրայ

Յունիս 18, 2022
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՆՕՐ ՀԷՅՊԷԼԵԱՆ

Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ պատերազմը անտանելի հետեւանքներ ստեղծեց ամբողջ աշխարհին համար: 24 փետրուար 2022-ին Ռուսիան կը ներխուժէ Ուքրանիա, եւ այսպիսով կը սկսի պատերազմը: Մօտաւորապէս 13 միլիոն ուքրանացիներ կը տեղափոխուին, եւ մինչեւ այսօր կայ առնուազն 46.000 մահ: Երկու երկիրները` ըլլալով համաշխարհային ուժեր, անոնց միջեւ պատերազմը ազդեց ամբողջ աշխարհի տնտեսութեան վրայ, մանաւանդ` Լիբանանի: Հետեւաբար այս յօդուածին մէջ պիտի վերլուծենք ռուս-ուքրանական պատերազմին ազդեցութիւնները Լիբանանի տնտեսութեան վրայ:

Ցորենի Տագնապ

Իբրեւ երկիր մը, որ իր անհրաժեշտութիւններուն համար, ներառեալ` սննդեղէնը, մեծապէս կը յենի ներածումներու վրայ, Լիբանան ծանրօրէն կ՛ազդուի պատերազմէն: Մասնագէտները կը հաւատան, որ Լիբանանի տագնապը աւելի պիտի վատթարանայ ռուս-ուքրանական պատերազմին պատճառով:

Լիբանան այլեւս չի կրնար մեծաքանակ ցորեն ամբարել, Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումէն` 2020-ի օգոստոսին, ցորենի շտեմարանի քանդումին պատճառով: Ըստ FAO-ի եւ Լիբանանի մաքսային տուեալներուն, 2020-ին Լիբանանի ցորենին  81,2 առ հարիւրին աղբիւրը Ուքրանիան էր: Տնտեսութեան նախարար Ամին Սալամ նախապէս ըսած էր, որ Լիբանան` ըլլալով երկիր մը, որ իր ցորենի 60 տոկոսը Ուքրանիայէն կը գնէ, միայն վեցէն երկու շաբթուան ցորենի բաւարար պաշար ունի: Ասոր վրայ կ՛աւելնայ ցորենի եւ քարիւղի միջազգային տագնապին բերումով անոնց գիներու բարձրացումը, որուն պատճառով  ամէն բան աւելի եւս պիտի սղի երկրին մէջ, եւ պիտի տեսնենք սպառողական աւելի բարձր սղաճ:

Օրինակ, 10 մարտ 2022-ին տնտեսութեան նախարարութիւնը հացի աւելի բարձր սակացոյց հրապարակեց: Ոչ միայն ընտանեկան չափի հացի ծրարին ծանրութիւնը նուազեցաւ 1750 կրամէն 1125 կրամի, այլեւ անոր գինն ալ բարձրացաւ 550 առ հարիւրով, 2000 լո-էն 13.000 ոսկիի: Հետեւաբար, ըստ «Տը Նեշընըլ»-ի, կացութիւնը լիբանանեան կառավարութիւնը մղած է ուղղակի միջամտութիւն կատարելու յառաջիկայ ամիսներուն բաւարար ցորեն ապահովելու: Ըստ աղբիւրներու, տնտեսութեան նախարարութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ այլ միջազգային նուիրատուներու օժանդակութիւնը խնդրած է անհրաժեշտ պահեստը ապահովելու համար:

Այս մէկը կ՛ընդգրկէ Կեդրոնական դրամատան յայտարարութիւնը, որ ցորեն ներածողներու համար վարկեր պիտի տրամադրէ, ինչպէս նաեւ` կառավարութեան ջանքերը կապուելու համար այլ արտածողներու հետ, ներառեալ` Աւստրալիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:

Աւելի՛ն. կառավարութիւնը նշեց, որ  խնայողութեան պիտի ենթարկէ ցորենի պահեստները,  նաեւ պիտի սահմանափակէ արտածումը այն սննդեղէններուն, որոնց արտադրութիւնը ներածուած հատեղէն կը պահանջէ, ինչպէս` աղացած հացահատիկ,  հաց եւ անասունի կեր, նաեւ` մշակուած պտուղներ ու բանջարեղէններ, շաքար եւ ալքոլի կարգ մը տեսակներ:

Քարիւղի Եւ Ելեկտրականութեան
Տագնապ

OPEC- ի ժողովը, որուն անդամներուն կողմէ արտադրուած քարիւղի տեսակները կ՛արժեւորէ,  Ռուսիոյ` Ուքրանիա ներխուժելու նախօրեակին 95 տոլար էր, բարձրացաւ 120 տոլարի 24 մարտ 2022-ին, որ 2014-էն ի վեր ամէնէն բարձր գինն է: Այս բարձրացումը Լիբանանի մէջ վառելանիւթերու սղութեան պատճառ դարձաւ:

Մազութը, որ 331.000 լ. ոսկիի կը ծախուէր,  արդէն իսկ 31 առ հարիւր աւելցած է ռուսական ներխուժումէն ի վեր: Նաեւ փոխադրամիջոցներու արժէքի բարձրացումը աւելի նուազ մատչելի կը դարձնէ զանոնք բնակչութեան մեծամասնութեան համար: Ելեկտրականութեան տագնապը նաեւ, որ արդէն բաւական ծանր է, կը սպասուի, որ վատթարանայ: Պետական ելեկտրական ընկերութիւնը, որ վառելանիւթ գնելու  համար գումարներու պակասը ունի, կրնայ երկիրը ելեկտրականութեամբ մատակարարելու աւելի քիչ միջոցներ ունենալ: Միեւնոյն ատեն անոնք, որոնք մազութով բանող շարժակներուն կ՛ապաւինին ելեկտրականութեան պակասը ծածկելու համար, վառելանիւթի գիներու բարձրացման պատճառով ամսական վճարումները բարձրացումէ կը տառապին, ինչպէս նաեւ ասիկա պատճառ պիտի դառնայ ելեկտրականութեան ժամերու խնայողութեան յաւելման, որ արդէն իսկ լիբանանցիին առօրեային մաս կը կազմէ:

Եզրակացութիւն–Լուծում

Անկանխատեսելի ուքրանական եւ ռուսական ներածումներու յարմարելու լուծում փնտռելու համար Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունը ցորեն ներածելու համար վարկեր տրամադրած է: Նմանապէս լիբանանեան կառավարութիւնը կը ծրագրէ  Հնդկաստանէն 50.000 թոն ցորեն ներածելու առաջարկներ ստանալու դուռ բանալ, տարեկան 400.000 թոնի սպառման քանակը ամբողջացնելու համար: Այս մասին տնտեսագէտ եւ «Լիպանիզ ինսթիթիութ ֆոր մարքեթ սթատիզ» հիմնարկի տնօրէն Փաթրիք Մարտինի ըսաւ, որ նախարարութիւնը պէտք է դադրի վառելանիւթի եւ ցորենի օժանդակելէ, որպէսզի կառավարութեան գնման գինը շուկայի ծախման գինէն պակաս ըլլայ:

Շարունակելով օժանդակել արտադրութիւններուն առանց յաւելեալ գումարներ ունենալու` կառավարութիւնը  անկարող պիտի ըլլայ բաւարար վառելանիւթ եւ ցորեն գնելու: Իր կարգին, Triangle-ի (Լիբանանի մէջ գործող Think-Thank մը) քաղաքականութեան վարիչ Սամի Հալապի շեշտեց դրամական տագնապին վրայ կեդրոնանալու կարեւորութիւնը` լիբանանեան տնտեսութեան զարկ տալու համար: «Եթէ կարենանք դրամական հարցերը լուծել, որով դրամատուները պէտք է կրեն  վնասներէն բաժին մը, կրնանք նոր դրամագլուխի մղումով համակարգը վերականգնել: Այս պարագային կրնանք նուազագոյնի իջեցնել ուքրանական պատերազմին հետեւանքները` առանց մեծ դժուարութեան»:

Աղբիւրներ

Flash Update, «Humanitarian Impact of Ukraine Conflict on Lebanon», USAID, March 2022.
[email protected]
«Lebanon:Ukraine war pushes country deeper into crisis as global wheat and fuel prices soar» Middle East Eye artcile, Clemons Gibon, 3 April 2022.
www.middleeasteye.net

 

Նախորդը

Ակումբն Ու Պատանին

Յաջորդը

Պատմական Օր Մը Եւս Այնճարի Համար

RelatedPosts

Ակումբն Ու Պատանին
Զաւարեանական

Ակումբն Ու Պատանին

Յունիս 18, 2022
Անցեալը Ինքզինք Կը Կրկնէ
Զաւարեանական

Անցեալը Ինքզինք Կը Կրկնէ

Յունիս 18, 2022
«Այն Երկիրներուն Մէջ, Ուր Կը Կատարուի Հայկական Յուշարձաններու Միտումնաւոր Աւերներ, Մեր Կոթողներուն Պահպանութիւնը, Այս Պահուն, Կարելի Է Կատարել Թուղթի Վրայ` Լուսանկարելով, Չափագրելով Եւ Տեղորոշելով»  Կ՛ըսէ Րաֆֆի Քորթոշեան
Զաւարեանական

«Այն Երկիրներուն Մէջ, Ուր Կը Կատարուի Հայկական Յուշարձաններու Միտումնաւոր Աւերներ, Մեր Կոթողներուն Պահպանութիւնը, Այս Պահուն, Կարելի Է Կատարել Թուղթի Վրայ` Լուսանկարելով, Չափագրելով Եւ Տեղորոշելով» Կ՛ըսէ Րաֆֆի Քորթոշեան

Ապրիլ 19, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In