Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակումբն Ու Պատանին

June 18, 2022
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԱԳՐԱՏ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Լիբանանի տնտեսական իրավիճակն ու քաղաքական անկայունութիւնը իրենց ողբալի հետեւանքները ունեցան ժողովուրդին ներքինին ու արտաքինին, ապրելակերպին, ինչպէս նաեւ ընկերային կեանքին վրայ` զրկելով բոլորը անցեալի պարզ ու համեստ վայելքներէն:

Այս տագնապի հետեւանքները կրեցին բոլորը` իւրաքանչիւր դասակարգի եւ տարիքային բաժանմունքներու պատկանողները, չխնայելով մեր գաղութի անմեղ ու բարեսիրտ երեխաները:

Այդ նոր հասակ առած մանուկները, մոռնալով իրենց ապրած դժուարութիւնները, կեանքի ամէնէն հաճելի պահերը կ՛անցընեն դպրոցի բակին մէջ:

Դպրոցը այն կարեւոր ու անհրաժեշտ կրթական հաստատութիւնն է, ուր, ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ, աշակերտները կը զարգանան` ստանալով զանազան նիւթեր եւ  գիտելիքներ: Հոն է, ուր ուսանողները կը զարգանան` իրենց կեանքի ասպարէզի պատրաստելու նպատակով, եւ մանաւանդ` համալսարանական կեանքի:

Ակումբը, իր կարգին, բոլորովին չի տարբերիր դպրոցէն: Անիկա ժողովրդային տունն է, ուր տարբեր տարիքային խումբի պատկանող հայորդիներ կը հաւաքուին` մոռնալով իրենց առօրեայ կեանքի ապրած հարցերն ու խնդիրները: Ընդարձակ տուն մըն է, ուր տարբեր դպրոցներէ, շրջաններէ եւ միջավայրերէ հայ պատանիներ կ՛ուղղուին մասնակցելու համար իրենց շաբաթօրեայ ժողովներուն` հաճելի ու ճոխ մթնոլորտ ստեղծելով եւ օգտակար դառնալով  իրենց  ազգին: Այսպիսով, ակումբը կը դառնայ պատանիին օճախը, որ զայն հեռու կը պահէ այսօրուան կեանքի վատ ու վտանգաւոր մոլութիւններէ:

Պատանեկան միութիւններու կողմէ կազմակերպուած հետաքրքրական ժողովներու եւ դասախօսութիւններու միջոցով պատանին կ՛օժտուի տարբեր տեղեկութիւններով, որոնք կը հարստացնեն իր գիտելիքները:

Պատանին տարբեր փորձառութիւններու տէր կը դառնայ` մասնակցելով զանազան պտոյտներու եւ ձեռնարկներու, ամրացնելով իր ընկերներուն հետ ստեղծած ընկերային կապը:

Ակումբն ու պատանեկութիւնը նաեւ միջոցներ են, որոնք կը նախապատրաստեն երեխան` դիմակայելու կեանքի տարբեր մարտահրաւէրները եւ կ՛օգնեն պատանիին հաւասարակշռութիւն եւ ներդաշնակութիւն հաստատելու կեանքի բոլոր ուղիներուն վրայ:

Պատանին է, որ զանազան առիթներու եւ աշխատանքներու միջոցով կը գործադրէ դասախօսութիւններէ ձեռք բերած զանազան հմտութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյնը` հաղորդակցութիւնը, ճիշդ եւ կիրթ ձեւով արտայայտուելու նպատակով: Այս բոլորը կ՛օգնեն պատանիին` ամուր ու պինդ կապ մը հաստատելու իր թաղամասի հայութեան եւ զիրենք ներկայացնող կուսակցութեան միջեւ:

Դպրոցն ու ակումբը կ՛ամբողջացնեն զիրար: Ակումբի կողքին, հայ վարժարանն է, որ կ՛ամրացնէ եւ կ՛ամրապնդէ հայեցի դաստիարակութիւնը հայ աշակերտին մէջ` տիպար ու արդար քաղաքացի մը կերտելու նպատակով:

Ակումբին միջոցով է, որ պատանին իր վարժարանէն եւ ժողովներէն քաղած տարբեր գիտելիքները կը գործադրէ դառնալու համար զարգացած, հասուն եւ փորձառու երիտասարդ մը:

 

 

Նախորդը

Անցեալը Ինքզինք Կը Կրկնէ

Յաջորդը

Ռուս-Ուքրանական Պատերազմի Ազդեցութիւնները Լիբանանի Տնտեսութեան Վրայ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

October 2, 2026
«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Զաւարեանական

«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

October 2, 2026
Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն
Զաւարեանական

Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.