Զաւարեանական

Պատեանին Տակ Չթաքնուինք

ՆԱՐԻՆ ԱԴԱՄԵԱՆ Հայ ազգը ընդհանրապէս բաժնուած է երկու հատուածներու: Առաջին հատուածը այն փոքրամասնութիւնն է, դժբախտաբար` փոքրամասնութիւն, որ նուիրուած է իր ազգին եւ ամէն գնով կ’աշխատի ի նպաստ Հայ դատին: Օրինակի համար, Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցը ոգեկոչելու համար այս հատուածը կ’աշխատի եւ իր ամբողջ ժամանակը կը տրամադրէ նախաձեռնելու, կազմակերպելու եւ նոյնիսկ ներկայ գտնուելու տարբեր ձեռնարկներու` նպատակ ունենալով հետապնդել 101-ամեայ դատը, պահանջատիրութեան...

Մեր Խօսքը. Յեղաշրջման Ուղիով

Մեծ եղեռնէն ետք հայութեան տեղահանութիւնը պատճառ դարձաւ, որ ան ապրի օտարութեան մէջ: Անմիջական ներգաղթի մը փորձերը յաջող աւարտ չունեցան: Միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը եւ անոր արագ քայքայումը ստեղծեցին տարբեր իրավիճակներ, որոնց ընթացքին Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ժողովուրդին ճակատագիրը վերջնականապէս մնաց անորոշ: Բնական էր, գաղութներու կազմութիւնը եւ բարգաւաճումը նկատի ունենալով, որ դէպի երկիր Արեւմտահայաստան վերադարձը կը թուէր անկարելի, իսկ Հայաստանի վարչական մեքենան...

Կարծիքներ` Հայաստան Ներգաղթի Եւ Պուրճ Համուտի Հայեցի Դիմագիծին Մասին

ԶՈՄ-ի «Զաւարեանական էջ»-ի յանձնախումբը հարցազրոյց մը ունեցաւ ընկերներ Արամ Սոմունճեանի, Նարէ Աղասարգիսեանի, Խաժակ Թապաքեանի, Շանթ Տերունեանի եւ Սէրուժ Կիտանեանի հետ` ներգաղթի ու արտագաղթի եւ Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծի պահպանման նիւթերով : ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ.- (1) Ի՞նչ են այն գործօնները, որոնք պատնէշ կը կանգնին դէպի Հայաստան ներգաղթին: (2) Ինչպէ՞ս կարելի է պահպանել Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծը: Լիբանանէն արտագաղթը ինչպէ՞ս կը դիտես: ԱՐԱՄ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ.-...

Մեղա՛յ Ամենասուրբ Երրորդութեան

ՄՀԵՐ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ «Մեղա՛յ չարաբանութեան լեզուիս, եղայ հրէշի փաստաբանը, սատանայի գործակալը: Պաշտպանեցի վատը, քաջալերեցի մոլարը, եղայ ականատես ու ձեռնածալ, արդարացուցի նենգ արարքը: Ես կուրացայ փառքին առջեւ, յանձնեցի հոգիս աղէտին: Կամքս չդիմադրեց խարդաւանանքի ուղիին: Զրպարտեցի ընդունակը, քանզի տեսլականի մէջ չէի, քարկոծեցի պարկեշտը, վասնզի կարող էի: Մեղա՛յ գողութեան ձեռաց` հեշտութեամբ կազմեցի հարստութիւն` մոռնալով, թէ ամէն հեքիաթ ունի վկայ եւ վերջաւորութիւն: Իւրացուցի հալալը, իւրացուցի...

«Ընկեր»-ն Ու Դաշնակցութիւնը

Տեղեկատու

- Զաւարեան ուսանողական միութիւնը նախորդ քանի մը ամիսներուն ունեցաւ շարք մը զրոյցներ. - Թիւֆենքեան հիմնարկի գործադիր տնօրէն եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի նախկին անդամ Անդրանիկ Գասպարեանի հետ: Զրոյցին նիւթն էր` Միացեալ Նահանգներու մէջ 100-ամեակի աշխատանքները: - Գրագէտ Սեւան Տէյիրմէնճեանի հետ: Զրոյցին նիւթն էր` պոլսահայութիւնը: - Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր եւ ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ` Ալիոշա Գաբրիէլեանի հետ: - Չորեքշաբթի, 25...

Զարկ Զթամբը, Որ Իմանայ Անառակը

Կարծիքներ` ՀՅԴ-Ի Յառաջիկայ Մարտահրաւէրներուն Եւ Ուղղութիւններուն Մասին

ԶՈՄ-ի «Զաւարեանական» էջ-ի յանձնախումբը հարցազրոյց մը ունեցաւ ընկերներ Վաչէ Փափազեանի, Լեւոն Աւետանեանի, Շաղիկ Չափարեանի, Հրակ Գարագաշեանի եւ Հրակ Տէտէեանի հետ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան յառաջիկայ տարիներու մարտահրաւէրներն ու ծրագիրները թեմայով: ՀԱՐՑՈՒՄ.-  Յառաջիկայ 10 տարիներուն ՀՅԴ-ի կարեւորագոյն ուղղութիւնը ի՞նչ պէտք է ըլլայ: Ի՞նչ է ուսանողութեան դերը: ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ.- Յառաջիկայ տասը տարիներուն  ՀՅԴ-ի ռազմավարական թիրախները կրնան երկու ուղղութիւն ունենալ: Ա) Ժողովուրդին ցաւը թեթեւցնող,...

Զարկ Զթամբը, Որ Իմանայ Անառակը

Սիրելի Ընկերոջս

Այսու կու գամ քանի մը տեսակէտեր պարզաբանելու «Ընկերը եւ Դաշնակցութիւնը» վերնագիրով Նժդեհ Մկրտիչեանի յօդուածին շուրջ, որ հրատարակուեցաւ 11 դեկտեմբեր 2015 թուականին «Ազդակ» օրաթերթի Զաւարեանական էջին մէջ: «Ընկեր» բառին արմատներէն սկսելով` ընկեր «միասին ուտելու» գաղափարն է, հաց ու աղ բաժնեկցիլն է, սեղանակից ըլլալն է, որ ինքնին հին խորհրդապատկեր մըն է: Ընկերը այն անձն է, որ կը հպարտանաս, ընկերը այն անձն է,...

«Ընկեր»-ն Ու Դաշնակցութիւնը

Մեր Խօսքը. Յառաջդիմականութիւնը` Պայման

ՀՅԴ-ի պատմութեան մէջ անհերքելի տեղ ունեցած է յառաջադէմ երիտասարդ ուսանողութիւնը: Յառաջդիմական գաղափարները բոլոր սթաթիւս քօ-ները հարցադրող, հարցերու տրամաբանական, իրապաշտ եւ այլընտրանքային լուծումներ որոնող գաղափարներն են: ՀՅԴ-ն ինքնին յառաջդիմական գաղափարներու ծնունդ է: Արդարեւ, ՀՅԴ հիմնադիր սերունդը թրծուած էր յառաջդիմական, յեղափոխական գաղափարներով: Անոնք լաւապէս ճանչնալով հայ ժողովուրդը` կրցան սոյն գաղափարները պատշաճեցնել անոր: Այսպէս, անոնք մերժեցին ամբոխային տրամաբանութիւնը, գծեցին իրենց ուրոյն ուղին եւ...

«Ընկեր»-ն Ու Դաշնակցութիւնը

Հին Եւ Նոր Մարտահրաւէրներ

ՀՐԱԿ ՏԷՏԷԵԱՆ Կը թուի, թէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմութիւնը արտացոլացումն է համայն հայ ժողովուրդի վերջին 125 տարուան պատմութեան` իր պայքարով, գոյութեան եւ կորստեան մարտահրաւէրներով, հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութենէն ճողոպրած դժուարին ճանապարհին հետ: Ան մեկնելով «ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար» կարգախօսէն` յառաջ մղեց ժողովուրդին պաշտպանութեան եւ անոր արդար դատի հետապնդման գործը: Դժուարին ճանապարհ մը` իրապէս, որուն ընթացքին պայքարեցաւ, կերտեց առաջին հանրապետութիւնը, սակայն...

«Ընկեր»-ն Ու Դաշնակցութիւնը

«Ընկեր»-ն Ու Դաշնակցութիւնը

ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ «Ընկեր»  բառը բացատրելը այնքան ալ դիւրին չէ, որովհետեւ անոր իմաստը կը զգանք ու կ՛ապրինք: Բառարանի սահմանումը պարզ է` «Մտերիմ, բարեկամ, ծանօթ, գաղափարով համախոհ, գործակից, օգնական», սակայն պէտք չէ բաւարարուիլ բառացի սահմանումով: «Ընկեր» բառը կը գործածուի հոն, ուր մէկէ աւելի անհատներ կան. կեանքի ընկեր, գործընկեր, դասընկեր, կուսակցական ընկեր... Կ՛ըսուի` չկայ լաւ ու վատ ընկեր, որովհետեւ ոչ մէկ ժխտական իմաստ...

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Պատանեկան Ճամբարները Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Պատանեկան Ճամբարները Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

«Դէպի Երկիր» կարգախօսին հանդէպ խոր հաւատք տածելով` ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը այս տարի, յաջորդաբար 11-րդ տարին ըլլալով, կազմակերպեց եւ իրականացուց գործուղում մը Հայաստանի Կոտայք եւ Արցախի Քաշաթաղ մարզերուն մէջ, նշանաբան ունենալով` «Քաշաթաղը իմ տունն է» եւ «Կոտայքը իմ տունն է»: ԶՈՄ-ական 14  ընկերներ հայրենի հողին վրայ գործելու եւ ծառայելու, հայ պատանիին հետ ապրելու ու անոր նեցուկ կանգնելու եւ մանաւանդ հայրենիք-սփիւռք...

Զարկ Զթամբը, Որ Իմանայ Անառակը

ԶՈՄ-ի «Դէպի Երկիր Վարժանք Ծրագիր»-ի Անդրանիկ Մասնակիցները Կը Պատմեն Իրենց Փորձառութեան Մասին

2014-ին ԶՈՄ-ը հիմը դրաւ «Դէպի Երկիր վարժանք ծրագիր»-ին, «Դէպի Հայք» (ԴՀ) հիմնադրամին հետ գործակցաբար: Տարի մը ետք, արդէն իսկ Լիբանանէն չորս ուսանողներ ամբողջացուցած են ծրագիրը եւ զանազան ոլորտներու մէջ` կամաւոր աշխատանք տարած Հայաստանի մէջ: Այժմ ծրագիրին հինգերորդ մասնակիցը արդէն իսկ կը ծառայէ Երեւանի եւ զանազան գիւղերու մէջ: Երեք ուսանողներ եւս պիտի մեկնին յառաջիկայ շաբաթներուն, ցարդ վարժանքի ծրագիրին մասնակցողներու ընդհանուր թիւը...

Զարկ Զթամբը, Որ Իմանայ Անառակը

Հակազդելու 365 Օրեր

ԱՐԵՒԻԿ Տարին քանի մը անգամ առիթներ կը ներկայանան արժեւորելու մեր գործօնութեան մակարդակը: Գործօնութիւն ըսելով` ըսել կ՛ուզեմ` activism, որ կ՛ենթադրէ որոշ քաղաքական, ընկերային կամ տնտեսական պայմաններու պատասխան, հակազդեցութիւն: Եթէ խորհրդածենք մեր գործօնութեան աշխուժութեան վրայ թերեւս անդրադառնանք, որ ան ազդեցութիւն (action) է աւելի, քան` հակազդեցութիւն (reaction): Իսկ թեման աւելի ազգային, քան` մարդկային: Ազդեցութիւն, աւելի քան` հակազդեցութիւն Մեր աշխատանքներուն մեծ մասը կը կեդրոնանայ...

Զարկ Զթամբը, Որ Իմանայ Անառակը

Հայրենիքի Օդն Ու Ջուրը Ուրիշ Ա

ՍԱՆԱՀԻՆ ՏԱՒՐՈՍ Օտար երկրի, օտար տունը տո՛ւն չի ձեզ, Օտար տան մէջ կիսատ քունը քո՛ւն չի ձեզ, Օտար հավքի սիրոյ բոյնը բո՛յն չի ձեզ, Հայրենիքի ջերմ կարօտով եկէ՛ք տուն: ԳՈՒՍԱՆ ՇԱՀԷՆ Երեք հայրենադարձներ են: Օտար երկրի իրենց կիսատ քունը թողած` հայրենիքի կարօտով հասած են Հայաստան: Ակամայ կը մտածեմ օտար երկրի մէջ կիսատ քուն փնտռող հազարաւոր արտագաղթողներու մասին, որոնց ցաւոտ լուրերը...

Զարկ Զթամբը, Որ Իմանայ Անառակը

Նախ Լաւ Մարդ, Յետոյ` Գաղափարապաշտ…

ԱՆԻ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ «Գործօնութիւն», «մարտունակութիւն», «արիութիւն», «անշահախնդրութիւն», «ուղղամտութիւն», «պարկեշտութիւն», «համեստութիւն»... Այսպիսի բառերով է, որ Հրաչ Տասնապետեան կ՛անդրադառնայ դաշնակցականի տիպարին, «Ո՞վ է դաշնակցականը» գիրքին մէջ: Կը կարծեմ, որ նկարագիրի այս կէտերը պէտք չէ միայն պատկանին դաշնակցականի մը, այլ` ոեւէ մարդու, որովհետեւ հայ կամ դաշնակցական ըլլալէ առաջ, նախ պէտք է ըլլալ լաւ մարդ: Այս նկարագիրը անհրաժեշտ է ոչ միայն լաւ դաշնակցական գործ մը...

Զարկ Զթամբը, Որ Իմանայ Անառակը

Զարկ Զթամբը, Որ Իմանայ Անառակը

Երբ գայլ մը հովիւ կը դառնայ, բնականաբար իրեն հետեւող առարկաները պիտի արածէ անտառի մը մէջ, հովիւի տախտակի հանգամանքը դարձնելով իր անբաժանելի «ընկերը»: Ո՞վ է այս գայլը: Ինչպիսի՞ն է: Գայլին նկարագիրը ընկերասիրութիւն չի պարունակեր, ո՛չ ալ յարգանք: Անոր իշխանութիւնը գիտէ հրամայականութիւնն ու նուիրապետութիւն: Կը դաստիարակէ իր անմիջական ենթակաները այնպէս,  որ անոնք չհամարձակին մոռնալ իր հեղինակութիւնը ու ըլլան իր անկեղծ ծառաները: Ծառայութեան...

Անդուլ Պայքար

Մեր Խօսքը

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը արդէն թեւակոխած ենք: Այս առթիւ տարբեր ձեռնարկներ, խորհրդաժողովներ, քաղաքական յայտարարութիւններ տեղի ունեցան: Արդ, կ՛արժէ պահ մը կանգ առնել ու փորձել տալ որոշ արժեւորում մը` կատարուած քաղաքական եւ քարոզչական երեւոյթներուն: Եւ ինչը որ աւելի անհրաժեշտ է` փորձել արժեւորել մենք մեզ եւ այս արժեւորման լոյսին տակ շարունակել մեր Դատը հետապնդելու պայքարը: Կարելի է ըսել, թէ ամէնէն մեծ յաջողութիւնները կարելի...

Չմոռնա՛Նք… «Անոնք Հոն Են», Ուր Դժուար Է Հայ Ըլլալ

Չմոռնա՛Նք… «Անոնք Հոն Են», Ուր Դժուար Է Հայ Ըլլալ

ՀՐԱԿ Թ. ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը յիշատակուեցաւ ամբողջ աշխարհի տարածքին: Քայլարշաւներ, տողանցքներ, ցուցահանդէսներ, ձեռնարկներ, հաւաքներ, լսարաններ եւ գեղարուեստական յայտագիրներ աշխարհին վերյիշեցուցին մեր ազգին Դատը: Հարիւրամեակը փաստեց, որ մեր պայքարը աննահանջ է: Բայց թոյլ տուէք, որ անդրադառնամ այս տարուան ձեռնարկներու շարքէն խորհրդաւոր եւ քաղաքական արժէք ունեցող նախաձեռնութեան մը: Այդ մէկը ապրիլեան նահատակներուն սրբադասումը չէ: Լիբանանահայութեան կամ Լոս Անճելըսի հսկայ քայլարշաւներուն ցնցումը...

Անդուլ Պայքար

Հայ Դատը Արհեստագիտութեան Դարուն

ՆԱՆԱՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ Նախքան 21-րդ դարու արհեստագիտութեան յառաջդիմութիւնը, ինչպէս` լսատեսողական աշխարհն ու զանգուածային լրատուամիջոցները, հայ ժողովուրդը ապաւինած էր իր գրիչին եւ զէնքի ուժին, որոնք յարաբերաբար դանդաղ միջոցներ են Հայ դատի գործընթացի յառաջխաղացքին, սակայն զանգուածային լրատուամիջոցներու զարգացման առընթեր, Հայ դատի գրասենեակները համայն աշխարհին մէջ աշխատանք տարին եւ բազմաթիւ յաղթանակներ իրագործեցին միջազգային գետնի վրայ: Սակայն, արդիականացումը իր բազմաթիւ բարիքներու կողքին, նաեւ իրեն հետ...

Անդուլ Պայքար

Անդուլ Պայքար

ՑՈԼԵՐ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ Ապրիլ 24-ին աշխարհի չորս ծագերուն կատարուեցան քայլարշաւներ. ամբողջ հայ ժողովուրդը համախմբուած, առանց կուսակցական կամ համայնքային խտրութեան, ձեռք ձեռքի տալով, քալեց միասին, որովհետեւ համոզուած է, որ միութիւնը զօրութիւն է, որ` Հայ դատը բոլորին դատն է, եւ որովհետեւ 100 տարի առաջ թուրքը չհարցուց, թէ ո՛ր կուսակցութեան կամ միութեան կամ համայնքին կը պատկանի ան: Թուրքը անխտիր տեղահանեց ու ջարդեց: Քալեցինք, քալեցինք,...

Page 9 of 10 1 … 8 9 10

Արխիւներ