Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիս Ամիս. Ապրինք Ու Պայքարինք Սարդարապատի Ու Շուշիի Կամաւորներու Հաւատքով Ու Յոյսով

May 28, 2024
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ԽԱՆՃԻՀԱՆԵԱՆ

Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը կը շարունակէ իր ապազգային գործընթացը` իր ամբողջ ուժով ժողովուրդին մտքին մէջ անէացնելու «հայրենիք»-ի գաղափարը: Աւելի՛ն. ան իր քաղաքականութեամբ դէպի խաղաղութիւն ըսուած իր խաբկանքով կը շարունակէ զիջիլ դարեր շարունակ հայու արեամբ պահպանուած մեր սուրբ հողերէն:

Ծունկի եկած եւ պատերազմը պարտուած իշխանութիւն մը, որ հրաժարած է Արցախէն` ջնջելով զայն իր օրակարգէն, ի՞նչ երաշխիքներ կը ներկայացնէ համայն հայութեան, որ ան կարողութիւնը ունի պահպանելու իրեն վստահուած հայրենիքի մնացեալ տարածքները: Հրաժարելով Արցախէն` ի՞նչ երաշխիքներ ունի, որ պիտի չհրաժարի Սիւնիքէ՛ն, Տաւուշէ՛ն ու Լոռիէ՛ն:

Այսօր այս իշխանութիւնը սիրայօժար պատրաստ է հրաժարիլ մեր սուրբ հողերէն` առանց որեւէ խաղաղութեան երաշխիքի:

Անցնող շրջանին յաճախ ըսինք` «Երէկ` Շուշին, այսօր` Տաւուշը», նկատի ունենալով այն, որ նոյեմբեր 2020-ին Հայաստանի իշխանութիւնը յանձնեց Շուշին եւ այսօր ան պատրաստ է յանձնելու Տաւուշը:

Ինչպէս Շուշիին, այդպէս ալ Տաւուշին աշխարհագրական դիրքին կարեւորութիւնը քաջ գիտեն մեր հակառակորդներն ու թշնամիները: Այսինքն` տիրել Շուշիին, ինչպէս Տաւուշին, կը նշանակէ հայրենիքը դնել խոցելի կացութեան մը մէջ եւ ունենալ այն ուժն ու թոյլտուութիւնը` տիրելու ամբողջ Հայաստանին:

Սակայն այսօր պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ:

Երէկ` մայիս 1992-ին, հայութիւնը ըսաւ Շուշին յանուն հայրենիքի, այսօր` Տաւուշը յանուն հայրենիքի:

Երէկ` մայիս 1992-ին, Պարգեւ սրբազան, այսօր` Բագրատ սրբազան աղօթք յղեց Աստուծոյ` աջակցութիւն խնդրելով Տիրոջմէ` պատմական արդարութեան վերականգնումին:

Երէկ` 7 մայիս 1992-ին, Շուշիի կամաւորները խաչ խնդրեցին Արցախի թեմի առաջնորդ սրբազանէն, եւ ուրիշներ իրենց թիկունքին, կուրծքին, բազուկներուն ու զէնքին վրայ սպիտակ խաչ դրոշմելով` մեկնեցան դէպի պատերազմի ճակատ: Անոնք հաւատացին խաչին ու սպիտակին եւ «Հարսանիքը լեռներում»-ով ազատագրեցին Շուշին:

Այսօր, 32 տարիներ ետք, նոյն օրով` 9 մայիս 2024-ին, հայութեան մէջ վերականգնեցաւ նոյն այդ Շուշիի ազատագրութեան հաւատքն ու ոգեւորութիւնը: Տաւուշէն սպիտակ խաչերով «Հայրենիքի գաղափար»-ին հաւատացողները, Բեկորի նման, իրենց հաւատքով մագլցեցան եւ արշաւեցին դէպի Երեւան` «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» պաշտպանութեան ու արդարութեան վերականգնումին ի խնդիր:

Հայոց պատմութեան վերջին հազարամեայ տարիներուն մայիս ամիսը ծանօթ է իբրեւ կարեւորագոյն իրադարձութիւններով ու յաղթանակներով  լեցուն ամիս: Ամիս մը, որ իր տարբեր դէպքերով ու ժամանակակից յաղթանակներով ոչ թէ լոկ հայու մը կեանքը փոխեց, այլ նաեւ վերականգնեց պատմական արդարութիւնը, եւ իւրաքանչիւր ՀԱՅ-ու մտքին մէջ դրոշմեց, որ ինք կարող է քիչ ուժերով պայքարիլ եւ յաղթել հսկայ ուժերուն դէմ, եթէ առաջնորդուած ըլլայ հաւատքով, զոր Սարդարապատի ու Շուշիի կամաւորները ունէին:

Ապրիլ 2021-ին Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ  Ազրպէյճան Շուշին կործանելով` կործանեց Հայաստանի բանակն ու պետականութիւնը, եւ ինք ապագային Հայաստան պիտի մտնէ առանց հրասայլի: Աւելի ուշ` 17 յունուար 2023-ին, Ազրպէյճան ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանը նկարագրեց իբրեւ Արեւմտեան Ազրպէյճան:

Հակառակ Ազրպէյճանի բոլոր նմանօրինակ յայտարարութիւններուն, որոնք կը վտանգեն Հայաստանի պետականութիւնը, այսօր, այսպէս կոչուած, հայեր հրապարակ կու գան քարոզելով միասնականութիւն` ներկայ իշխանութեան հետ: Այո՛, մենք ալ կը ջանանք միասնական ըլլալ իբրեւ մէկ ազգ եւ մէկ առաջնահերթութիւն, սակայն մեր առաջնահերթութիւնը ազգադաւներու հեռացումն է, իսկ, այսպէս կոչուած, հայերուն միասնականութիւնը ազգադաւներու հետ միասնական ըլլալն է:

Ինչպէ՞ս կարելի է միասնական ըլլալ իշխանութեան մը հետ, որ սիրայօժար կը բարեկամանայ այն թշնամիին հետ, որ Հայաստանը կը նկարագրէ իբրեւ Արեւմտեան Ազրպէյճան:

Դաւաճան մը չի կրնար ազգի մը ղեկավարը մնալ, եւ այն հայը, որ մեր ներքին ազգադաւ թշնամիէն անկախ` կը ջանայ ստեղծել նոր թշնամիներ, որոնք կը պայքարին Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին եւ փոխան այդ պայքարին` կը քարոզեն միասնականութիւն ազգակործան ու ազգադաւ իշխանութեան մը հետ, այսպէս կոչուած, այդ հայերը` սփիւռքի կամ Հայաստանի մէջ, կը մնան լոկ առաքեալներ ցնորական գաղափարախօսութեան մը, որուն հետեւանքը պիտի ըլլայ ունենալ հայ ազգ` առանց հայրենիքի…

Դաշնակցականը, ինչպէս միշտ, պատրաստ է դէմ կենալու բոլոր արարքներուն, որոնք կը վտանգեն մեր ազգային շահերը:

Դաշնակցականը իր էութեամբ երբեք դէմ չի կենար հայրենանուէր հայու մը: Սակայն այսօր ան իր ձայնը բարձրացուցած է Հայաստանի իշխանութեան դէմ, որովհետեւ աթոռի վրայ նստած, այսպէս կոչուած, այդ հայերը կ՛աշխատին Հայաստանի Հանրապետութիւնը կցել բռնագրաւեալ Արցախին` իրականացնելով փանթուրանական մեծ ծրագիրը:

 

 

Նախորդը

Ազգը Ոչնչացնող Թունաւոր «Գաղափարախօսութիւն»-ները

Յաջորդը

«Միւնիխականութիւն»

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

April 24, 2026
«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է
Զաւարեանական

«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է

April 24, 2026
Մեր Նահատակներուն Յիշատակը` Անտարբերութեան Ստուերին Տակ
Զաւարեանական

Մեր Նահատակներուն Յիշատակը` Անտարբերութեան Ստուերին Տակ

April 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.