«Արցախի Ժողովուրդին Իրաւունքներու Վերականգնումը Ոչ Միայն Վերադարձի Հարցն Է, Այլ Նաեւ, Ի Վերջոյ, Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքն Է» Կ՛ըսէ Արա Պուլուզեան
Հարցազրոյցը վարեց` ՍԷՐԼԻ ՆԵՄՇԷՀԻՐԼԵԱՆ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան հրատարակչական յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեանին հետ, որ անդրադարձաւ` արցախեան հարցի ներկայ փուլին, արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքին, ազգային ու քաղաքական կառոյցներու պահպանման եւ Հայաստանի մէջ արցախահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այսօր ի՞նչ փուլի հասած է արցախեան հարցը, եւ որո՞նք են անոր քաղաքական ու դիւանագիտական լուծման հիմնական...












