Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգը Ոչնչացնող Թունաւոր «Գաղափարախօսութիւն»-ները

May 28, 2024
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՍԱՆԱՀԻՆ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

«Հայրենիքը կը կորսուի, երբ ժողովուրդ մը կամ ժողովուրդի մը մէկ մասը դուրս կը նետուի իր հողէն», Լեւոն Շանթ:

Լեւոն Շանթի անժամանցելի խօսքը թէեւ շատ տրամաբանական կը նկատենք եւ պահանջը չենք տեսներ զայն բացատրելու, սակայն այսօր տարօրինակ երեւոյթներ կը բացատրուին «խաղաղութեան» վերնագիրին տակ:

Ինչպէս ժահր մը կրնայ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները սպաննել, նոյնպէս ալ վտանգաւոր քարոզչութիւններ կրնան  ազգ մը ամբողջ թունաւորել: Արդ, անհրաժեշտ է, որ թունադեղը միշտ պատրաստ ըլլայ մեզի հետ:

Արդեօք «խաղաղութիւն»-ը կը ներառէ բռնի ուժով ազգային հաւաքականութիւն մը իր հողերէն հեռացնելը: «Խաղաղութեան» համար կրնա՞նք բացատրել հողեր յանձնելը եւ ժողովուրդ մը իր նուազագոյն իրաւունքներէն զրկելը:

Երբ այս «գաղափարախօսութիւն»-ը կ՛որդեգրենք բացատրելու համար Արցախի կորուստը եւ նոյնպէս Տաւուշէն տարածքներու յանձնումը, ի՞նչը կ՛արգիլէ Հայաստանը իր ամբողջ տարածքով յանձնելը թշնամիին: Իսկ երբ ազատ եւ անկախ հայրենիք չունենանք, ճիշդ ո՞ւր ժողովուրդը «խաղաղութիւն»-ը պիտի վայելէ:

Իսկ ո՞ւր է ուժը, ո՞ւր է կամքը, ո՞ւր է ղեկավարի մը «ծրագիր»-ը երկրին պաշտպանութեան համար: Ոեւէ անձ կրնայ թշնամիին բոլոր փափաքները իրականացնել, սակայն անձ մը արժանի կը դառնայ երկիր մը կառավարելու, երբ կրնայ պաշտպանել զայն:

Երկրորդ թունաւոր գաղափարախօսութիւնը ազգային արժէքները ջնջելն է: Այդ հայրենասէր հոգին ջարդելը միշտ եղած է թուրքին երազը, եւ այս «ժահրը», որ կը տարածուի հայրենիքին մէջ, կը քայքայէ ազգին ուժն ու գոյատեւումը:

Պատերազմի մը ընթացքին բանակը թէեւ կը ներկայացնէ երկրի մը առաջին ուժը, սակայն երկրորդը ազգին կամքն է եւ իր պատկանելիութիւնը հայրենիքին: Ինչպէս Մաքիավելլի նշած է իր «Իշխանը» գիրքին մէջ` աւելի դժուար է գրաւուած երկրի մը իշխել, երբ այդ երկրին ժողովուրդը տարբեր մշակոյթի, լեզուի, կրօնի եւ ազգի կը պատկանի, որովհետեւ այդ առանձնայատկութիւնները ժողովուրդը կը մղեն դէպի ըմբոստութիւն` պաշտպանելու համար իր ինքնութիւնը:

Այսօր թշնամիին երազը կ՛իրականանայ, երբ կը մոռնանք` մեր Դատը, մեր պահանջները, մեր ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի երազն ու սէրը: Կը տկարանանք, երբ ընդունինք թրքական այն քարոզչութիւնները, որոնք կը տարածուին Հայաստանի մէջ, օրինակ` Արարատը, որ միշտ եղած է մեր խորհրդանիշը, ընդունիլ իբրեւ թրքական, նաեւ` «Մեծ եղեռն» նկատել Հայոց ցեղասպանութիւնը, կամ ազգի մեծարժէք  ամբողջ պատմութիւնը` հայոց պատմութիւնը  սահմանափակելով` զայն յայտարարել միայն «Հայաստանի պատմութիւն»:

Ազգի մը հիմքը իր պատմութիւնն է, որուն վրայ կը հիմնուին քաղաքական կեցուածքներն ու գաղափարախօսութիւնները: Երբ ազգ մը իր պատմութիւնը լաւ չըմբռնէ, Դատի պաշտպան չի կրնար դառնալ, հետեւաբար կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը, լեզուն եւ հայրենիքը:

Մեր պարտականութիւնն է ազգովին` սփիւռք եւ հայրենիք, պահել մեր հողային տարածքներու ամբողջականութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

«Անցեալի Յաղթանակներ, Ներկայի Գոյամարտեր»

Յաջորդը

Մայիս Ամիս. Ապրինք Ու Պայքարինք Սարդարապատի Ու Շուշիի Կամաւորներու Հաւատքով Ու Յոյսով

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

April 24, 2026
«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է
Զաւարեանական

«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է

April 24, 2026
Մեր Նահատակներուն Յիշատակը` Անտարբերութեան Ստուերին Տակ
Զաւարեանական

Մեր Նահատակներուն Յիշատակը` Անտարբերութեան Ստուերին Տակ

April 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.