ՀՐԱԿ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Յուլիս ամիսը յատուկ նշանակութիւն ունի հայութեան համար ընդհանրապէս եւ Դաշնակցութեան համար` մասնաւորապէս: Պատմութեան ընթացքին այս ամսուան մէջ զուգադիպած են հայ ազատագրական պայքարի ամէնէն պատուաւոր եւ նշանաւոր յեղափոխական գործողութիւնները, որոնց շարքին կը պատկանին Նիկոլ Դումանի մշակած եւ Վարդանի ղեկավարած Խանասորի արշաւանքը յուլիս 25-ին, Պեհպուտ Խան Ճիւանշիրի (Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարարի) ահաբեկումը, զոր իրագործեց Միսաք Թորլաքեան յուլիս 18-ին, Ճեմալ փաշայի ահաբեկումը, որ իրագործեցին Ստեփան Ծաղիկեանը եւ Պետրոս Տէր Պօղոսեանը իրենց ընկերներով յուլիս 25-ին, եւ հայ երիտասարդութեան մտքին մէջ անմահացած Լիզպոնի 5-ի գործողութիւնը յուլիս 27-ին…
Այս բոլոր գործողութիւնները նպատակ ունեցած են ոչ միայն պայքարիլ թշնամիներու դէմ, այլ նաեւ` հայ ժողովուրդին ներշնչել հայրենասիրութեան զգացում եւ մարտական ոգի: Սակայն, դժբախտաբար, մեր ժողովուրդին մէջ տակաւին կը գտնուին շատեր, որոնք պատմութեան մասին սխալ վերլուծումներու վրայ յենելով` դեռ չեն ըմբռնած զինեալ պայքարի անհրաժեշտութիւնն ու նպատակները:
Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ ընդունած էր այն պատմական իրականութիւնը, որուն միջոցով կը գոյատեւեն ազգերն ու պետութիւնները` «Ուժն է ծնում իրաւունքը, ուժեղինն է աշխարհը…»: Այո՛, ուժ ձեռք բերելու միջոցները բազմաթիւ են` քաղաքական դիւանագիտութիւն, մշակութային եւ ընկերային յառաջդիմութիւն, տնտեսական հարստութիւն եւ ուրիշներ: Սակայն եթէ պատմութիւնը մեզի մէկ բան սորվեցուցած է, այն է, որ այս աշխարհին մէջ ուժ պարգեւողը եւ յարգանք պարտադրողը գլխաւորապէս կը մնայ զէնքը` անոր քանակը, որակը եւ զայն գործածելու կամքն ու պատրաստակամութիւնը: Եւ թերեւս չկայ աւելի մեծ ապացոյց, քան մեր` հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, ցուցադրելու համար ուժի իսկական դիմագիծը:
Շահան Նաթալի կ՛ըսէ. «Չկայ ճշմարտութիւն, կան ճշմարտութիւններ»: Ան կը բացատրէ, թէ ճշմարտութիւններն են, որ հայ ազգը զարգացած էր գիր ու գրականութեամբ, օժտուած էր արուեստով եւ առեւտրական ձիրքերով, դաստիարակուած էր քաղաքակրթութեամբ եւ կրօնական կարգապահութեամբ: Սակայն, հակառակ այս բոլորին, գրել-կարդալ չգիտցող, անարհեստ, անարուեստ, առեւտուրէ եւ երկրագործութենէ զուրկ թուրքը կարողեցաւ յաղթել եւ կոտորել հայը` վստահելով միմիայն իր զէնքին: Ուրեմն փոքր ազգերը, եթէ չեն ուզեր կոտորածի ենթարկուիլ աշխարհի անգութ ուժերուն կողմէ, պէտք է ըլլան զէնքի ընդունակ: Հայ ժողովուդը, աւելի քան ուրիշներ, պէտք է սնուցանէ իր մարտական ոգին, մինչեւ որ իրաքանչիւր հայ մարդ ինքզինք գերազանցէ նախ եւ առաջ իբրեւ իր ազգի զինուորն ու պաշտպանը:
Եւ եթէ այն անհատները, որոնք արհամարհելով պատմութեան բոլոր փաստերը` տակաւին կը կարծեն, թէ հայրենիք պահելը եւ կորսուած հողեր ազատագրելը կարելի են ապաւինելով միայն խաղաղ դիւանագիտութեան, չարաչար կը սխալին: Այն հայը, որ կեղծ «խաղաղասիրութեան» նշանաբանը օգտագործելով եւ սխալ ինքնագնահատութեամբ ինքզինք առաքինի կը համարէ` ուրանալով պողպատի ուժին ճշմարտութիւնը, կրկնակիօրէն կը վնասէ իր ժողովուրդին եւ հայրենիքին: Ներողամտութիւնը, խաղաղասիրութիւնն ու չէզոքութիւնը առաքինութիւններ չեն, երբ դուն արդէն անզօր ես ու անկարող: Առաքինին այն անձն է, որ հակառակ իր բոլոր թերութիւններուն` կ՛աշխատի զօրացնել ինքզինք ու իր շրջապատը եւ դաստիարակուած ըլլալով ազգային գաղափարութեամբ, կը մղէ իր ժողովուրդին պայքարը` զոհելով ամէն բան, իրականացնելու իր ժողովուրդին բոլոր իղձերը: Այս «ֆետայական» սկզբունքներով զինուած ըլլալով է, որ հայ ազատագրական պայքարի մարտիկները կեանքն ու մահը իրար խառնելով` կերտեցին մեր ժողովուրդի յուսալից ճակատագիրը:
Ահա կարգը հասած է ներկայ սերունդին շարունակելու այս բուռն պայքարը: Նախնիներուն յիշատակով ոգեւորուած եւ ներկայ հմտութիւններով զարգացած երիտասարդութիւնը պարտաւոր է ոչ միայն գործելու նախնիներուն վճռակամութեամբ, այլ նաեւ` գերազանցելու նախորդները` նոր հորիզոններու մէջ պայքարելու եւ մեծ յաղթանակներ կերտելու համար:
Միշտ յիշենք, որ գաղափարի մարտիկը միշտ պատրաստ է զոհելու ամէն բան` երբեք չակնկալելով որեւէ տեսակ փոխհատուցում: Սակայն ազատագրական պայքարի բոլոր փուլերուն հայ յեղափոխականը պատուով մատուցած է իր կեանքը` ունենալով միայն մէկ յոյս, որ կարելի է ներկայացնել «Պետրոս Սերեմճեանի յիշատակին» երգի վերջին տունով, որ կ՛ըսէ, « Ահա հանգիստ հող կը մտնեմ, յոյսըս դուք էք ընկերներ, շարունակէք մեր սուրբ գործը, Դաշնակցութեան վեհ քաջեր»:
Ուստի Արցախի ազատագրումը կը դառնայ սուրբ պարտականութիւն, որ կը թելադրէ երիտասարդութեան` շարունակել անցեալի հսկաներուն գործը, պողպատեայ բազուկով մղել պայքարի նոր փուլը եւ, հետեւաբար, դաստիարակել գալիք սերունդներուն ժառանգելու ուժի եւ պայքարի անհրաժեշտ դասերը: