ԲԱԳՐԱՏ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Մկանային եւ ոսկրային ցաւերը ժամանակակից կեանքի մէջ շատերը տագնապեցնող հիմնական խնդիրներէն են: Երկար ժամանակ նստիլը, սխալ կեցուածքը եւ ֆիզիքական շարժումի պակասը մեծ ազդեցութիւն ունին մեր ողնայարի առողջութեան վրայ: Այս բոլոր տուեալները կ՛ազդեն մարմնի բոլոր մասերուն եւ յօդերուն վրայ, յատկապէս կրնան կռնակի եւ մէջքի բազմաթիւ ցաւեր պատճառել:
Կռնակի եւ մէջքի ցաւերը լաւապէս հասկնալու համար առաջին հերթին պէտք է լաւապէս ճանչնալ ողնայարի կազմաւորումը:
Ողնայարը կամ ողնաշարը մարմնի հիմնական աջակցող կառոյցն է, որ կազմուած է միացեալ ոսկրային հիւսուածքներէ: Ողնաշարը բաղկացած է 33 ողներէ (DeSai et al., 2024) (1), որոնք շարքով միացուած են իրարու:
Ողնաշարի մասերն են`
– Պարանոցային բաժին (Cervical spine) – բաղկացած է 7 պարանոցային ողներէ (C1-C7):
– Լանջային բաժին (Thoracic spine) – ունի 12 ող (T1-T12):
– Մէջքի կամ գօտկատեղի բաժին (Lumbar spine) – կազմուած է 5 ողներէ (L1-L5):
– Սրբանային (Sacrum) – բաղկացած է 5 միաձուլուած ողներէ, որոնք հիմնականօրէն կը նպաստեն կոնքի ամրութեան:
– Եզրափակիչ բաժին` պոչուկը (Coccyx) – ունի 4 պոչային ողներ:
Ընդհանուր առմամբ, կան 31 զոյգ ողնաշարային ջիղեր, որոնք խմբաւորուած են` ըստ ողնաշարային շրջանի: Կը գտնենք ութ վիզային ջղային զոյգ (C1-C8), տասներկու լանջային ջղային զոյգ (T1-T12), հինգ մէջքային ջղային զոյգ (L1-L5), հինգ սրբոսկրային (S1-S5) եւ մէկ պոչկային ջիղային զոյգ (Kaiser & Lugo-Pico, 2024) (2):
Մէջքի ցաւին պատճառներէ տարաբնոյթ են մեծահասակներու եւ երեխաներու մօտ: Այս նոյն պատճառները կրնան ըլլալ մեքենական, կամ նոյնիսկ չունենան յստակ ծագում: Մեքենական մէջքի ցաւերը կը կազմեն պարագաներուն 90 առ հարիւրը (Casiano et al., 2024) (3):
Հարկ է նշել, որ կռնակի «մեքենական» ցաւը կը նշանակէ, որ ցաւի աղբիւրը կրնայ ծնունդ առնել ողնաշարէն, սալերէն (disc) կամ փափուկ հիւսուածքներու ընդմէջէն (Will et al., 2018) (4):
Կռնակի եւ մէջքի ցաւերը կրնանք դասաւորել 2 հիմնական բաժանմունքի` ըստ վերջին գիտական հետազօտութիւններու (Casiano et al., 2024) 3, որոնք են`
1) Սուր (Acute pain), որ կը տեւէ նուազ քան 6 շաբաթ:
2) Աղօտ (Chronic pain), որ կը տեւէ աւելի քան 12 շաբաթ:
Գիտնականներ (Branch, 2017) (5) ներկայացուցած են, որ այս ցաւը կրնայ յառաջանալ տարբեր պատճառներով` յաճախակիօրէն ազդելով ողնայարի եւ անոր աջակցող կառոյցներուն: Հիմնական պատճառներու շարքին են`
– Կոտրած ողնոսկր:
– Վնասուած մկան:
– Ողնայարի անմիջական հարուած:
– Վնասուածք` յօդային շաղկապներու (ligament), որոնք կ՛ապահովեն կայունութիւն ողնայարի ոսկորներուն (Anderson & Shahidi, 2023) (6): Այս մէկը կրնայ պատահիլ մեծ ծանրութիւն շալկելէ ետք:
– Ողնայարի սալաթափութիւն (herniated disc):
– Spondylolisthesis, այսինքն, երբ մէկ ողն կը սայթաքի, կը սահի տեղէն ու աստիճանաբար կը տեղափոխուի սխալ դիրք:
– Ողնաշարի նեղնալը, որ ճնշում կը ստեղծէ ջիղերուն վրայ, օրինակներէն մէկը` սիաթիքի պարագան:
– Ողնայարի կողմնածռութիւն (scoliosis):
Բուժում
Անհրաժեշտ է իմանալ, թէ բժշկութեան աշխարհի մէջ չկայ ընդհանրացուած մօտեցում, որ հաւասարապէս կը գործադրուի բոլոր պարագաներու: Որոշ քայլեր եւ թելադրանքներ կրնան օգտակար ըլլալ, նկատի առնելէ ետք հիւանդին անձնական պայմանները եւ պահանջները: Պայման է, որ բուժման ծրագիրը ըլլայ անհատականացուած:
2021-ին կատարուած հետազօտութիւնը ներկայացուցած է կարգ մը արդի բուժման միջոցներ (See et al., 2021) (7), որոնք կրնան մեղմացնել կռնակի եւ մէջքի ցաւերը` վստահաբար առողջապահական մասնագէտի հետ խորհրդակցելէ ետք:
1. Անհատին կրթութիւն եւ գործունէութեան փոփոխութիւն
Ա.- Բացատրել ենթակային, որ ժամանակի ընթացքին անոր վիճակը պիտի բարելաւուի:
Բ.- Ունենալ լաւ կեցուածք` նստելու կամ կանգնելու ընթացքին:
Գ.- Սորվիլ ծանրութիւն բարձրացնելու ճիշդ ձեւերը, օրինակ` ծունկերը ծալել:
Դ.- Խուսափիլ անկողնային երկար հանգիստէ, որովհետեւ գործունեայ ըլլալը կը մեղմացնէ ցաւը:
2. Ֆիզիոթերափի
Ֆիզիոթերափիի մասնագէտի մօտեցումն ու վարժութիւնները արդիւնաւէտ են ցաւը նուազեցնելու եւ շարժումը բարելաւելու համար:
Ֆիզիոթերափիի նպատակներն են`
Ա.- Մեղմացնել ցաւը,
Բ.- Նուազեցնել պրկումը,
Գ.- Վերականգնել շարժումը:
———–
Աղբիւրներ
- https://www.ncbi.nlm.nih.gov/books/NBK525969/#:~:text=In%20humans%2C%20it%20is%20composed,up%20the%20axial%20skeletal%20system
- https://www.ncbi.nlm.nih.gov/books/NBK542218/#:~:text=In%20total%2C%20there%20are%2031,a%20single%20coccygeal%20nerve%20pair
- https://pubmed.ncbi.nlm.nih.gov/30844200/#:~:text=Back%20pain%20arises%20from%20a,while%20focusing%20on%20common%20etiologies
- https://pubmed.ncbi.nlm.nih.gov/30252425/
- https://www.niams.nih.gov/health-topics/back-pain
- https://www.ncbi.nlm.nih.gov/pmc/articles/PMC10733250/#:~:text=Spinal%20ligaments%20are%20essential%20in,SSL%2C%20ISL%2C%20and%20LF.
- https://www.ncbi.nlm.nih.gov/pmc/articles/PMC8801838/