Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիզպոնի Ճամբան…

Օգոստոս 2, 2024
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԾԻՒ

Մարդկութիւնը անտարբեր, իսկ աշխարհը` աչազուրկ:

Իսկ ես կը գտնուիմ խորխորատ միջավայրի մը մէջ, մութ ու խոր,  ուր մնայուն կերպով այդ անդունդին մէջ կը գլորուիմ եւ կ՛իյնամ:

Այդ գլորումը, օղակի նման, ունի ո՛չ սկիզբ եւ ո՛չ վերջ: Եղունգներովս կը փորձեմ գլորումը կասեցնել, սակայն ձեռքերս շղթայուած են: Կը փորձեմ պոռալ եւ պոռթկալ, բայց ի զուր, շղթայուած ձեռքերովս լեզուս կը շօշափեմ եւ կը զգամ, որ լեզու չունիմ:

Ու յաւերժ կը գլորիմ` փորձելով պոռալ, պոռթկալ, ճանկերս գործածել, կը փորձեմ գործածել ոտքս, արմուկս, գլուխս, կը փորձեմ բոլոր ուժերովս կացութիւնը փոխել, սակայն ի՛նչ ալ ընեմ, նոյն տեղը կը հասնիմ եւ նոյն տեղը կը մնամ…

Ժամանակները փոխուած են: Իսկ մենք` ոչ:

41 տարիներ առաջ հինգ գաղափարի «խենթեր» Լիզպոնի գործողութեամբ քանդեցին լռութեան պատը:

Իսկ ես այսօր որքան ալ պոռամ, պոռթկամ եւ պայքարիմ, միաժամանակ ներքնապէս պոռթկումով կը պայքարիմ, որովհետեւ կը մնանք նոյն տեղը, եւ աշխարհը կը շարունակէ մնալ աչազուրկ եւ անտարբեր:

Բայց չէ՞ որ անոնք մեր դիմաց բացին ճանապարհը:

Այսօր ո՞ւր է այդ ճանապարհը, պղտորա՞ծ է, խարխո՞ւտ է, մեր դիմա՞ցն է, տակաւին գոյութիւն ունի՞:

Այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի, այդ ճանապարհը անբիծ  է եւ մեզի համար յստակ է, որ չկայ այլընտրանք, կայ մէկ ճանապարհ, եւ այդ ճանապարհը մեզ կ՛ուղղէ մեր հինգին երազած Երկիրը` ազատ, անկախ ու միացեալ, Արցախը ներառող Հայաստանը:

Մեր խօսք աւարտենք Անդրանիկի հետեւեալ խօսքով. «Ամէն օր գլուխներդ բարձին դնելուց եւ քնանալուց առաջ, յիշէք, թէ այդ օրը ի՛նչ էք արել ձեր ազգի համար»:

 

 

 

Նախորդը

Հայ Ազգի Պողպատեայ Բազուկը

Յաջորդը

Դաշնակցութիւն «Papa»

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?