Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞վ Եմ Ես

Սեպտեմբեր 6, 2024
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՐԳԻՍ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Անունս Սագօ է, ծնած եմ Լիբանան, Պէյրութ: Ամբողջ կեանքս ապրած, մեծցած եւ դաստիարակուած եմ այս երկրի հայկական դպրոցներուն, ակումբներուն, միութիւններուն եւ միջավայրին մէջ: Մէկ խօսքով, սփիւռքահայ եմ, կ՛ապրիմ Լիբանանի մէջ եւ կը սիրեմ այս երկիրը, ուր ծնած եւ մեծցած եմ, բայց հոգիս միշտ կապուած եղած է արմատներուս:

Քիչ մը խօսիմ արմատներուս մասին. հօրս կողմէ Կիլիկիոյ Մարաշ շրջանէն եմ, իսկ մօրս կողմէ` Արեւմտեան Հայաստանի Վանէն:  Ծնողքիս կողմէ ինծի փոխանցուած ազգային դաստիարակութիւնը` հայրենիքի եւ հողի նկատմամբ, այնքան խոր եւ ուժեղ է, որ Մարաշի եւ Վանի հանդէպ կը զգամ պատկանելիութեան եւ հողի սիրոյ խոր զգացում:

Ինչպէս արդէն ըսի, հօրս կողմէ կիլիկեցի եմ, մօրս կողմէ` արեւմտահայ, քաղաքացիութեամբ` լիբանանցի, ազգութեամբ` հայ: Հայ եմ, բայց ներկայիս հայրենիքս կը գտնուի ո՛չ Կիլիկիոյ հողերուն վրայ եւ ո՛չ Արեւմտեան Հայաստանի: Այդ հողերէն հեռու, կ՛ապրիմ Պէյրութ` շարունակ գտնուելով ներքին պայքարի մէջ:

Ո՞վ եմ ես: Ի՞նչ կը նշանակէ ըլլալ հայ մը, որ հեռու է իր հայրենիքէն: Միշտ կը մտածեմ, թէ ո՞ւր է իսկական հայրենիքս, այն հո՞ղը, որուն մասին նախնիներս պատմած են, թէ՞ այս քաղաքը, ուր մեծցած եմ եւ կը շարունակեմ ապրիլ: Ինչի՞ համար կ՛ապրիմ, ի՞նչ է կեանքիս նպատակը: Հայաստանի մէջ ես սփիւռքահայ եմ, օտար եմ, իսկ Լիբանանի մէջ` հայ: Ո՞ւր է հայրենիքս: Կիլիկիա՞ն, Արեւմտահայաստա՞նը, Հայաստա՞նը, թէ՞ Լիբանանը: Կ՛անդամակցիմ կուսակցութեան մը, որուն նպատակն է կերտել ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան, ա՛յն Հայաստանը, որ մեզի փոխանցուած է Սեւրի դաշնագիրով, որուն մէջ ներառուած է Արեւմտահայաստանի վեց վիլայէթները, որոնցմէ մէկը` Վանը: Ի՞սկ Կիլիկիան: Կիլիկեցի չե՞մ ես արդեօք: Արմատներս հոնկէ ալ չե՞ն: Մոռնա՞մ ինքնութեանս այս բաժինը…

Հարցումները շատ են, երբեմն նաեւ` անպատասխան: Անոնք անընդհատ իրենց հետ կը բերեն մտածումներ եւ զգացումներ` հասկնալու եւ ընդունելու համար ինքնութիւնս: Յաճախ կը մտածեմ, թէ ինչպէ՞ս կրնամ Կիլիկիոյ կամ Արեւմտեան Հայաստանի մասին մտածել, երբ ազգովին չենք կրցած պահպանել Արցախը, երբ ջաւախահայերը իրենց ինքնութիւնը պահպանելու պատճառով անընդհատ պայքարի մէջ են Վրաստանի իշխանութիւններուն դէմ, երբ Նախիջեւանի մէջ հայկական մշակութային ոչ մէկ հետք մնացած է…

Մէկ բան յստակ է: Ճամբան երկար է, գործը` շատ: Պայքարը երկար է, շա՜տ երկար: Յուսալքուիլը, խրտչիլը, անտարբեր դառնալը արգիլուած է: Հայ ըլլալը դիւրին չէ: Հայ ըլլալը վախկոտներու համար չէ: Հայ ապրելու համար հարկաւոր է ունենալ զօրաւոր կամք, սիրտ եւ հոգի: Բոլորս պարտաւոր ենք մեր ինքնութեան նկատմամբ պատկանելիութեան զգացումը ամրացնել եւ միասնական ոգիով շարունակել այս սուրբ պայքարը:

«Ո՛վ, որ քաջ է, ի՞նչ կը սպասէ»:

 

 

 

 

Նախորդը

Մէջքի Ցաւ. Պատճառներ Եւ Բուժում

Յաջորդը

Մուրացկան Մտաւորականները

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?