Ահաւասիկ 106 տարի անցած է մայիսեան յաղթանակներէն եւ Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն: Անկախութիւն մը, որ թէեւ ունեցաւ կարճատեւ կեանք, սակայն հայ ազգային ազատագրական պայքարի էջերուն մէջ հանդիսացաւ իբրեւ ազգային իղձերու իրականացման եւ Հայ դատի պահանջատիրութեան նախապայման յաղթանակը: Համաշխարհային Ա. պատերազմի վերջին շրջանին ամէնէն դաժան եւ փոթորկալի պայմաններուն տակ հիմնուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, եւ կազմուեցաւ Հայաստանի կառավարութիւնը, որուն ուսերուն վրայ դրուեցաւ հայ ժողովուրդն ու հայրենիքը անհամար ճգնաժամերէ փրկելու պարտականութիւնը: Հայոց ցեղասպանութիւն, համաշխարհային պատերազմ, թրքական եւ ազրպէյճանական ներխուժումներ ու պատերազմներ, ներքին խռովութիւններ, տնտեսական տագնապ եւ ուրիշ բազմաթիւ սպառնալիքներ հանրապետութեան գործը կը դարձնէին գրեթէ անկարելի: Այստեղ թոյլատրելի է հարց տալ, թէ ինչպէ՞ս հանրապետութեան ղեկավարութիւնը կրցաւ այս ծանր ժամանակաշրջանին փրկել հայ ժողովուրդն ու պետականութիւնը հայութեան բնաջնջման ծրագիրէն:
Քաղաքական ճարպիկութիւնն ու բանակցութիւնը չեն, Արեւմուտքի մարդկային իրաւունքն ու հաւատքը չեն, առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդի հանդէպ գթութիւնը չէ եւ միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը չէ, որ ազատեցին հայ ժողովուրդը ստոյգ կործանումէ: Այլ զէնքի եւ ուժի անհրաժեշտութեան համոզումն է, եւ այդ համոզումը ռազմադաշտին վրայ կենդանի պայքարի վերածելու կամքն է, որոնք կերտեցին մայիսեան յաղթանակները: Հայ ժողովուրդը վերջապէս, թէեւ` մասամբ, ըմբռնեց համաշխարհային քաղաքականութեան ճշմարտութիւնը, «Աշխարհը դմակ, ազգերն ու ժողովուրդներն ալ` դանակ»: Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի օրհասական ճակատամարտերով հայ ժողովուրդը իր գոյութեան եւ գոյատեւութեան ձայնը արձագանգեց ամբողջ աշխարհին` ցոյց տալով, որ հայն ալ կարող է պատերազմիլ եւ թշնամիին ամէն մէկ հարուածին կրկնակի պատասխանել: Այսպէս, մայիս 28-ը անմահացաւ ոչ միայն իբրեւ Հայաստանի անկախութեան տօնը, այլ նաեւ` իբրեւ հայոց պատմութեան յաւիտենական պատգամը:
Սակայն, ըստ երեւոյթին, շատերուն համար 106 տարին բաւարար չէ անցեալէն դասեր քաղելու: Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը որդեգրած է աղէտալի քաղաքականութիւն մը, որով կը փորձէ համոզել հայ ժողովուրդը, թէ միակողմանի զիջումներով կարելի է բանակցիլ թշնամիին հետ եւ փրկել հայրենիքի մնացորդացը: «Անկուշտ գազանին մէկ ձեռք ու ոտք զիջիլ` յուսալով, որ ան ազատ կը թողու մնացած մարմինը»: Այս մտածելակերպը ծիծաղելի եւ անտրամաբանական կը թուի պատմական, քաղաքական եւ հոգեբանական բոլոր հեռանկարներով ու վերլուծումներով:
Ե՞րբ վերջապէս պիտի հասկնանք, թէ կարելի չէ բանակցիլ «գազանին» հետ, երբ քու գլուխդ իր բերանին մէջ է արդէն:
Վա՛յ այն ղեկավարին, որ կը թերանայ պաշտպանելու իր հայրենի հողը եւ կը զիջի ժողովուրդի իրաւունքները: «Սուտ խաղաղասիրութիւնն» ու «կեղծ ապահովութիւնը» բարակ եւ դիւրաբեկ վահաններ են, որոնց ետեւ կը պահուըտին թոյլերն ու անկարողները: Այո՛, հայութիւնը կորսնցուց Արցախը ոչ միայն Հայաստանի իշխանութեան դաւաճանասերմ գործելակերպին պատճառով, այլ նաեւ հայ ժողովուրդի` հայրենիքի եւ պատերազմի հանդէպ ունեցած սխալ վերաբերումին պատճառով: Այն ժողովուրդը, որ ինքնավստահ իր մշակութային, պատմական եւ հոգեւոր առաքինութիւններով կը փորձէ խաղաղ դիւանագիտութեամբ հայրենիք կերտել եւ պաշտպանել, միշտ դատապարտուած է անկասկած ձախողութեան եւ կոտորածի: Ազգութիւնն ու պետականութիւն կերտելու պայքարը 1918-ին, ինչպէս նաեւ այսօր, պահանջած է եւ միշտ պիտի պահանջէ անսահման զոհաբերութիւն, անընկճելի կամք եւ յարատեւ պայքար մղելու վճռակամութիւն: Անհրաժեշտ է կենդանի պայքարը ոչ միայն նկատել ժամանակաւոր ընթացք, այլ` զայն վերածել մտածելու եւ ապրելու ձեւի:
Ահա հայ երիտասարդութիւնը կը գտնուի հայոց պատմութեան ամէնէն ճակատագրական պահուն մէջ: Հայաստանը փրկելու եւ Արցախը կրկին ազատագրելու բոլոր պատրաստութիւններն ու զոհաբերութիւնները կատարելը պարտականութիւնն է իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի, մանաւանդ երբ ան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարական դպրոցին մէջ թրծուած երիտասարդ է: 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան, երբ Արեւմտահայաստանը ազատութեան դրօշ պարզեց եւ օգնութեան կոչ ուղղեց համայն հայութեան, Արցախը չխնայեց իր ամէնէն թանկ որդիները եւ զանոնք իբրեւ մատաղ նուիրեց հայ ազգային ազատագրական պայքարին: Անոնց շարքին են` Նիկոլ Դումանը, Խանասորայ Վարդանը, Իսաջան Առաքելեանը, Թուման Թումեանցը, Վանայ Իշխանը, Մենակը եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանը: Եւ ահա հայ երիտասարդութիւնը կանչուած է անցեալի նուիրեալներուն օրինակով պատասխանելու Արցախի սուրբ հողի ազատագրման կանչին:
Հարցը հաստատ ու յստակ կը մնայ` «Փրկել հայրենիքն ու անկախութիւնը կամ վրայ տալ ամէն բան»: Թող այս հարցին պատասխանեն բոլոր այն հայերը, որոնց հոգիին մէջ տակաւին կը թնդայ հայ կամքն ու արժանապատուութիւնը, եւ որոնց մտքին մէջ արմատացած են ազգային սրբազան արժէքները` Ազգ եւ Հայրենիք: