Անունս Հրակ Տէրտէրեան է: Ես հայ երիտասարդ մըն եմ, որուն արմատները խորապէս կապուած են Շապին Գարահիսարի արիւնով շաղախուած հողին: Կը պատկանիմ Տէրտէրեան գերդաստանին, որ դարեր շարունակ հայ ժողովուրդին պատիւն ու շահը պաշպանելու սուրբ գործին համար զոհած է ամէն բան: Իմ նախահայրերս, այսինքն` մեծ հօրս (Յակոբ Տէրտէրեան) հայրն ու մայրը` Հայկ եւ Արտեմիս Տէրտէրեաններ (բնիկ գարահիսարցիներ), Գարահիսարի դիւցազնամարտի աւարտին իրենց հերոս ազգականներու դիակներուն տակ կիսամահ փռուած, ճակատագիրի անըմբռնելի մէկ դիպուածով կ’ազատին եւ կը հասնին Լիբանան:
Հասկնալու համար քու ինքնութեանդ նպատակը եւ գտնելու համար աշխարհի մէջ քու տեղդ, անհրաժեշտ է նախ քննել քու անցեալդ: Այս սկզբունքին նկատմամբ խոր համոզումով, վերադարձայ պատմութեան անկեղծ էջերուն եւ տարբեր աղբիւրներ օգտագործելով (ինչպէս` գարահիսարցի պատմաբան Արամ Հայկազի հաւաքած վկայութիւնները), կարողացայ գծել իմ պատմութեանս ճամբան: Տէրտէրեանները ընդհանրապէս կը բնակէին Գարահիսարի Աներղի եւ Պուսէյիտ գիւղերուն մէջ: Այս գիւղերուն բնակիչները մեծ հարստութիւններ չունենալով հանդերձ, ունէին դպրոց, եկեղեցի եւ գլխաւորաբար զէնք: Անոնք յեղափոխութեան նուիրուած սրտոտ մարդիկ էին, որոնք զանազան ժամանակներու եւ զանազան առիթներով կազմուած մարտական-յեղափոխական խումբերու մէջ անպակաս եղած են: 1890-ին կը կազմուի Գարահիսարի անդրանիկ հայդուկային խումբը, որուն անդամ էր Յակոբ Տէրտէրեան: Երբ նոր խումբերու պահանջ կը ներկայանայ, կը կազմուի երկրորդ խումբ մը, որուն մէջ նաեւ կը մտնէ Վարդան Տէրտէրեան: Տարիներ ետք, երբ Տաճկահայաստանի աւերման լուրը հազիւ արտասահման հասած, հոն գտնուող շատ մը գարահիսարցիներ կը միանան կամաւորական գունդերուն: Այդ գարահիսարցիներուն շարքին են` Յովակիմ Տէրտէրեան, Արամ Տէրտէրեան, Գառնիկ Տէրտէրեան, Հայկ-Արամ Տէրտէրեան, Յակոբ Տէրտէրեան եւ անհամար ուրիշներ, անհամար նուիրեալներ…
Եւ երբ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան մութ ալիքը տարածուեցաւ հայ գաւառներուն մէջ, գարահիսարցին չսպասեց ստոյգ մահուան, այլ դիմեց զէնքին եւ ինքնապաշտպանութեան: Գարահիսարցիները իրենց սեփական տուները կրակի տալով` նախ դիմադրեցին թաղերուն եւ գիւղերուն մէջ: Ապա դիմադրութիւնը կազմակերպելով` քաշուեցան դէպի Գարահիսարի նշանաւոր բերդը: Մէկ ամսուան բուռն կռիւներէ ետք, զինամթերքի պակասի եւ սովի պատճառով, մնացած դիմադրողները կը դիմեն յարձակումի` փորձելով իրենց հետ, որքան կրնան, շատ զոհ խլել թշնամիէն: Երբ ռումբերն ու տասնոցները կը լռեն, գարահիսարցին կը դիմէ իր ձեռքերուն, բերդի քարերուն մնացած բեկորներով մղելով կեանքի պայքարի վերջին աքթը: Եւ այդպէս, անհաւասար մարտը կ’աւարտի յունիսի վերջաւորութեան, եւ սեւ վարագոյրը կ’իջնէ Գարահիսարի արծուաբոյնին վրայ:
Հայկական հին աւանդութիւնը կը պարզէ, որ հայոց լեռները քաջութիւն եւ արիութիւն ներշնչելու յատկութիւն ունին: Այդ քաջութեան ոգին արիւնով եւ անսահման զոհողութեամբ հասած է մեզի: Պայքարի եւ վեհանձնութեան դասերը ահա յստակօրէն փոխանցուած են մեզի` իբրեւ անգին ժառանգութիւններ, որոնք մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ պէտք է մնան վառ եւ առողջ: Որքա՞ն աղէտալի ու խղճալի պիտի ըլլար մեր պատմութիւնը, եթէ չըլլային Սասունը, Զէյթունը, Վանն ու Շապին Գարահիսարը: Որքա՞ն ցնծութիւն է, որ մեր եւ յաջորդ սերունդները գալիք օրերու մեր նսեմ կեանքին մէջէն, անցեալի էջերը պրպտելով, հերոսական արարքներ պիտի գտնեն. կառչինք այդ հերոսական անցեալին եւ անոնցմով հպարտանանք:
Ուրեմն, գիտակցութիւնը ունենալով իմ նախնիներուս դիւցազնական զոհողութեան եւ իմ երակներուս մէջ արեան ծանր կշիռին, չեմ գտներ որեւէ ուրիշ ելք, աւելի ճիշդը` չեմ ուզեր գտնել, քան` ամբողջ սրտով ու կամքով նուիրուիլ ազգային շահերու վերականգնման ու պահպանման սուրբ գործին: Երբ Գարահիսարի անմահներու յետնորդ ենք, ինչպէ՞ս չպայքարինք Արցախի վերազատագրման համար, ինչպէ՞ս չզոհուինք հայ ժողովուրդի գոյատեւման համար, ինչպէ՞ս ամէն ճիգ չթափենք հայուն արժանապատուութիւնը վերահաստատելու համար…
Կոչ կ’ուղղեմ իրենց անցեալը չմոռցած բոլոր հայերուն` գարահիսարեան յամառութեամբ եւ վճռակամութեամբ ըլլալու անզիջող, վսեմ եւ իրենց սկզբունքներուն վրայ անխախտ: Այո՛, մենք ծնած ենք աշխարհի օտար երկիրներու ափերուն, սակայն կը մնանք` սասունցիներ, վանեցիներ, այնթապցիներ, գարահիսարցիներ: Երբեք չմոռնանք, որ մենք զաւակներն ենք այն սերունդներուն, որոնք երբ նոյնիսկ երկինքի ծանրութիւնը ինկաւ իրենց ուսերուն վրայ, չխոնարհեցան եւ դարձան մեր պատմութեան պատուոյ վկաները: