Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարունակական Պայքար

Ապրիլ 24, 2025
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱԶ ԷԼԷՅՃԵԱՆ

110 տարիներ անցան հայասպանութենէն, 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն: «Ցեղասպանութիւն» բառն  իսկ արդէն բաւարար է ահ ու սարսափ  պատճառելու մարդկային ապրումներ ունեցող ոեւէ անձի հոգիին: Այո՛, երբ ազգ մը իր ամբողջ պատմութեամբ, գրականութեամբ, մշակոյթով ու ստեղծագործութեամբ կ’ենթարկուի բնաջնջումի, կ՛անհետանայ աշխարհի երեսէն, անշուշտ սարսափելի է նոյնիսկ մտածելն անգամ այդ մասին:

Այդպէս էր թուրքին ծրագիրը` հայ ազգը բնաջնջել:

Սակայն այսօր աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հայերուն կազմակերպած քայլարշաւները, ցոյցերը, հսկումները, ոգեկոչումներն ու մոմավառութիւնները կ՛ապացուցեն եւ կը փաստեն, որ թուրքը չհասաւ իր նպատակին, եւ մենք թոյլ չտուինք, որ իրականանայ իր երազը:

Մենք գոյատեւեցինք:

Տարիներ շարունակ մենք պայքարեցանք մեր իրաւունքները պաշտպանելու համար եւ տակաւին ամէն տարի մեր պահանջատիրութեան ուխտը կը նորոգենք անշեղ կամքով:

Եւ ինչպէս դադրիլ պահանջելէն եւ բողոքելէն, երբ մեր նախահայրերուն ապրած արհաւիրքը տեսերիզի պէս կ՛երեւի մեր աչքերուն  դիմաց, իսկ վրէժխնդրութեան թողած կտակը կը մնայ ամուր` մեր հոգիներուն մէջ:

Երբ մեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը կը պատմեն Տէր Զօրի անապատին մէջ պատահած անմարդկային դէպքերուն մասին, թէ ինչպէս, օրինակ, մօրս մեծ հայրիկը  ստիպուեցաւ իր երկու փոքր եղբայրները լքել, որովհետեւ ո՛չ ինք շալկելու ուժ ունէր  այլեւս, ո՛չ ալ անոնք` քալելու: Աւելի՛ն. ինչպէս, երբ յղի կինը ծննդաբերեց, թուրքը հրամայեց խեղդել փոքրիկը, կամ թէ ինչպէ՛ս խեղճ որբերուն ոտքերուն ձիու պայտ գամեցին, թէ ինչպէ՛ս Սիամանթոն կը պատմէ քսան հարսերու մասին, որոնք պարտադրաբար պարեցին, մինչ թուրքին մահակարօտ մտրակները  իրենց մերկ մարմիններուն վրայ կատաղութեամբ մը կը շառաչէին…

Երբ կը յիշենք այս բոլոր պատկերները եւ ասոնց նման աւելի ահռելի դէպքեր, երբ տառապող, որբացած ու մահամերձ մանուկներուն լացն ու պաղատանքը կը խլացնեն մեր ականջները, մենք մեզ մարտահրաւէրի դիմաց կը գտնենք ու չենք կրնար լռել  կամ անտարբեր մնալ:

Այս բոլոր ցաւալի յուշերը մեզ կը պարտաւորեցնեն ու ամէն անգամ նոր յանձնարարութեամբ մը մեզ կը մղեն դէպի յառաջ. առիթ կը հանդիսանան, որ իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի արիւնը եռայ, ու անոր ըմբոստ ձայնը բարձրաղաղակ պոռթկայ:

Թուրքին նպատակն էր միայն մէկ հայ ձգել, այն ալ` թանգարանին մէջ. նպատակն էր արմատախիլ ընել հայը, որպէսզի առանց արմատի` չորնանք ու շուտով մոռցուինք: Ուրեմն մեզի կը մնայ ամուր կառչիլ մեր արմատներուն, մեր պահանջատիրութեան սուրբ սկզբունքներուն, որովհետեւ ինչպէս բանաստեղծը կ՛ըսէ. «Առանց արմատի, թէկուզ հաւատքի ժայռին վրայ պինդ բարձրացող ծառը շուտով կը փլչի»: Ուրեմն կառչինք մեր արմատներուն, որպէսզի ծաղկինք ու բազմանանք, ու թող որ մեր արմատներուն խորքն ու զօրութիւնը զարմացնեն մեր թշնամին:

Իբրեւ հայ երիտասարդներ եւ ուսանողներ այսօր մեր պարտականութիւնն է համախմբել ցիր ու ցան եղած հայոց ձայները` ստեղծելու համար համախմբուած մէկ բռունցք, որպէսզի կարելի եղածին չափ բարձրաձայն բողոքենք ու միջազգային ատեաններէն պահանջենք հատուցում ու Հայ դատի արդար լուծում:

Մենք պէտք է վստահինք մեր միասնական ուժին միայն, որովհետեւ չկայ ազգ մը, որ պիտի կրնայ զգալ, հասկնալ կամ նոյնիսկ երեւակայել մեր տանջանքը, ցաւն ու տառապանքը:

Մենք պէտք է միշտ հետապնդենք մեր Դատը, գիտակցինք, որ մեր պահանջատիրութեան երթը միայն Ապրիլ 24-ին չէ՛, այլ ամէն օր է: Կեանքի ամէնօրեայ ընթա՛ցք է:

Ամէն օր նո՛ր առիթ է պայքարի: Ուրեմն պայքարինք:

Պայքարինք մեր ինքնութիւնը պահելու համար:
Պայքարինք հայապահպանման համար:
Պայքարինք ջարդուած ու աքսորուած մեր նախահայրերուն հոգիներուն հանգստութեան համար:
Պայքարինք մեր հողերուն համար:
Պայքարինք ամէն ձեւով եւ ամէն տեղ` թէ՛ կռուի դաշտի վրայ, թէ՛ ընկերային ցանցերուն մէջ:

110 ամեայ մեր սուրբ կտակով  պայքարինք հայ ազգի պայծառ վերածնունդին համար:

Մեր յարգանքի տուրքը մատուցենք միայն պայքարով:

Համակերպինք ներկայ դժուար պայմաններուն հետ, իսկ ապագայի նկատմամբ ունենանք յաղթական տեսիլք:

Ճիշդ է, որ թուրքը մինչ օրս կը դրժէ իր գործած անմարդկային ոճիրը եւ կարգ մը երկիրներ տակաւին կը մերժեն ընդունիլ  Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Սակայն բնաւ ուշ չէ այդ օրը, երբ մենք` այս սերունդի երիտասարդներս, պիտի լուծենք մեր Դատը, որովհետեւ մենք պատրաստ ենք ոչ միայն 110, այլ հարիւր անգամ հարիւր տասը տարի պայքարելու, մինչեւ որ մեր նախահայրերուն հոգիները հանգիստ ննջեն, որովհետեւ վհատիլ չենք գիտեր:

Ուրեմն խրոխտ ու հաստատ քայլերով շարունակենք մեր պայքարը:

Վերանորոգ կամքով ու անվախճան ուխտով շարունակենք մեր պայքարը, մինչեւ որ այլեւս ահ ու սարսափ ներշնչող բառը` «ցեղասպանութիւն»-ը, դառնայ միայն մեր մէջ պահանջատիրութեան ոգին արթուն պահող համոզում:

 

 

Նախորդը

Յովհաննէս Աւագեանի Կեանքը

Յաջորդը

Շապին Գարահիսարի Անմահները. Մեր Պատմութեան Պատուոյ Վկաները

RelatedPosts

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Օգոստոս 26, 2025
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Համահայկական 12-րդ Բանակումը
Զաւարեանական

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Համահայկական 12-րդ Բանակումը

Օգոստոս 26, 2025
Մհեր Ջուլհաճեանի Տիպարը
Զաւարեանական

Մհեր Ջուլհաճեանի Տիպարը

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?