Հայ ազգային-ազատագրական շարժումը, հայ յեղափոխութիւնը ունին անհերքելի առարկայական եւ ենթակայական ազդակներ:
Օսմանեան թուրքերը Արեւմտեան Հայաստանին տիրապետելէ ետք, ստեղծեցին այնպիսի կացութիւն մը, որ հայը վերածեց ստրուկի` այնպիսի գործիքի մը, որուն պարտականութիւնն է միմիայն աշխատիլ եւ արդիւնաբերել` կերակրելու համար տիրապետող տարրը, ծանր հարկերով հարստացնել կայսրութիւնը` միաժամանակ ծծելով հայ բանուորին արեամբ ու քրտինքով ձեռք բերած աշխատանքը: Անոնք հայուն ձեռքէն խլեցին սուրն ու հրացանը, զրկեցին հայերը զինուորական ծառայութենէն` անոր մէջ մեռցնելով ռազմական ու զինուորական ոգին:
Առարկայական այս պայմանները անզօր էին կացութիւնը վերածելու շարժազօր պոռթկումի եւ յեղափոխութեան, եթէ ժողովուրդը մտայնապէս թոյլ, անզօր եւ ստրկացած վիճակի մէջ կը գտնուի:
Թուրքերը հայուն ձեռքէն խլեցին ամէն տեսակի ռազմական պաշտապանութեան միջոցներ` անտեսելով գրականութեան եւ մշակութային ազդակները, որոնք ժամանակ մը ետք դարերու հայու ինքնուրոյն արժանապատուութեան զգացումը արթնցուցած էին` աստիճանաբար վերակազմելով հայու ազատատենչ ու մարտունակ կերպարը:
Այս մթնոլորտին մէջ օգոստոս 1890-ին կը գումարուի Հայ յեղափոխականների դաշնակցութեան սահմադիր ժողովը, որուն ընթացքին կը ճշդուի կազմակերպութեան ընդհանուր ուղեգիծը, կ՛ընտրուի առաջին Կեդրոնական վարչութիւնը, ապա գործիչները կ՛անցնին Պարսկաստան եւ Արեւմտեան Հայաստան` իրագործելու համար կազմակերպութեան նպատակներն ու առաջադրանքները:
Սեպտեմբեր 1890-ին Դաշնակցութիւնը պայքարի ասպարէզ կ՛իջնէ հայ իրականութեան մէջ իր անդրանիկ կոչով` մանիֆեստով: Կոչ մը, ուր առանց անկախութիւն բառը գործածելու` յստակ կը բանաձեւուէր հայութեան ազատագրման պահանջը, կոչ մը, որ հիմը կը դնէ Հայոց պատմութեան անկիւնադարձային էջերուն:
1890-ին Դաշնակցութիւնը կը ներկայանայ Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւն անունով: Թէկուզ` նորաստեղծ, սակայն ան վաղուց գործող յեղափոխականներու միութիւն էր, այդ պատճառով սկզբնական շրջանին կոչուած էր ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆՆԵՐԻ` միացնելով բոլոր յեղափոխականները:
Դաշնակցութիւնը իր ծնունդով կը ստանձնէ ժողովուրդին կամքին թարգմանը հանդիսանալու ջահը: Իր մանիֆեստով համախմբուելու կոչ կ՛ուղղէ` երիտասարդին ու տարեցին, ուսանողին ու բանուորին, հարուստին ու չքաւորին, աշխարհականին ու հոգեւորականին` քաջութեամբ յառաջ տանելու հայրենիքի ազատութեան սուրբ գործը:
«Միանանք ամէնքս ժողովրդի հետ, որ բարձրացրել է ազատութեան դրօշակը»:
Դաշնակցութիւնը կը տարբերի այլ կուսակցութիւններէ, որովհետեւ ան ժողովուրդին կամքէն ծնած կուսակցութիւն է: Ան իր ծրագիրը յարմարցուցած է ժողովուրդին կամքին, եւ ոչ թէ այլ կուսակցութիւններու նման հետեւած է եւրոպական վարդապետական գաղափարախօսութիւններու. Դաշնակցութեան ձգտումն էր, որ իր ծրագիրը ըլլայ կենսական, ժողովուրդին կարեկից, բխած` հայութեան իրականութենէն եւ հայ ժողովուրդի պահանջներէն:
ՀՅԴ անդրանիկ ծրագիրը առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 1894-ին: Ծրագիրը կազմուած էր բաժին-բաժին` բաղկացած 1890-ի սահմանադիր ժողովի բանաձեւերէն եւ 1892-ի ՀՅԴ Ա. Ընդհանուր ժողովին ընթացքին մշակուած նպատակներէ, միջոցներէ եւ կազմակերպական կանոններէ, որոնք կը բանաձեւուին Ք. Միքայէլեանի ու Ս. Զաւարեանի կողմէ, եւ որոնց հիման վրայ Ռոստոմին կը վիճակուի խմբագրել ծրագրի ներածական-տեսական բաժինը` աշխատակցութեամբ Ք. Միքայէլեանի ու Ս. Զաւարեանի:
ՀՅԴ Ա. Ընդհանուր ժողովին Յոնան Դաւթեան կ՛առաջարկէ ապակեդրոնացման դրութիւնը, որուն շնորհիւ` Դաշնակցութիւնը կ՛ունենայ լայնածաւալ գործունէութիւն, լայն ասպարէզ, ուր իւրաքանչիւր կեդրոնական կոմիտէ գիտակցօրէն մօտենալով եւ ըմբռնելով Դաշնակցութեան նպատակներու ծանրութիւնը` կը զարգանայ իրեն համապատասխան միջավայրին մէջ, զարգացնելով եւ հզօրացնելով ինքնին Դաշնակցութիւնը:
ՀՅԴ Ա. Ընդհանուր ժողովին մշակուած հիմնական նպատակներն են` կեանքի եւ աշխատանքի ապահովութիւն, ազատութիւն խօսքի եւ մամուլի, հող չունեցողին հող տալ եւ ապահովել մշակողին` հողէն օգտուելու հնարաւորութիւնը, տուրքերու չափը որոշուի ըստ կարողութեան, ամէն կերպով նպաստել ժողովուրդի զարգացման եւ ուսումը պարտաւորիչ ընել, զարգացնել ժողովուրդի արդիւնաբերութիւնը` հոն մտցնելով նոր ձեւեր եւ միջոցներ:
Ինչպէս կը նշմարենք, նպատակները, զորս ճշդուած են Ա. Ընդհանուր ժողովին, քաղաքակրթութեան սկզբունքներ եւ մարդկային իրաւունքներ են:
Իսկ միջոցները` պրոպականտ (քարոզչութիւն)` տարածելու համար ՀՅԴ-ի սկզբունքները եւ նպատակները, կազմակերպել մարտական խումբեր, զինել ժողովուրդը, ամէն միջոց ի գործ դնել թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով բարձրացնելու ժողովուրդի յեղափոխական գործն ու ոգին, պաշտպանել հայութիւնը աւազակներու յարձակումներէ, կռիւ մղել եւ ահաբեկել կառավարութեան պաշտօնեաները, մատնիչները, դաւաճանները, վաշխառուները եւ կառավարութեան հիմնարկութիւնները ենթարկել աւերումներու եւ կողոպտումներու:
Վերոյիշեալ բոլոր նպատակներն ու միջոցները բանաձեւուած են Ք. Միքայէլեանի կողմէ եւ վերածուած են ՀՅԴ անդրանիկ ծրագիրի հիմնական ուղեգիծը. «Հայ յեղափոխականների դաշնակցութեան նպատակն է ապստամբութեան միջոցով Տաճկահայաստանում ձեռք բերել քաղաքական եւ տնտեսական ազատութիւն»:
134 տարիներ ետք տակաւին արդիական կը հնչէ մայիս 1891-ի «Դրօշակ»-ի մէջ լոյս տեսած ՀՅԴ-ի յայտարարութիւնը.
«Մեր նիւթապաշտ դարում դիպլոմատները ղեկավարւում են սեփական շահերով եւ աւելի ուժեղի իրաւունքով»:
Այսօր պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ. քաղաքականութիւնը կը ղեկավարուի անձնական շահերով եւ ուժի իրաւունքով, իսկ հայութիւնը կը գտնուի աղէտալի պայմաններու տակ` Արցախի կորուստ, Հայաստանի ազգակործան ընթացք, Հայոց ցեղասպանութիւնը հարցական դնել եւ այլ սկզբունքային խնդիրներ:
Բազմակողմ ճակատներ, բայց` մէկ առաջնորդ, եւ այդ առաջնորդն է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ հայութեան կողքին է միշտ ու անվերջ, եւ կրկին կոչուած է հրաշքներ գործելու յանուն հայրենիքի ազատութեան, յանուն պատմական արդարութեան վերականգնումին:
«Սպասելու ժամանակ չէ… Համախմբուենք հայեր, եւ քաջութեամբ առաջ տանենք հայրենիքի ազատութեան սուրբ գործը»: