Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Խօսքը. Յիշելով Սիմոն Զաւարեանը` Հայ Յեղափոխութեան Ջահը

Հոկտեմբեր 19, 2024
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր, երբ կ’արժեւորենք Սիմոն Զաւարեանի կեանքն ու կտակը, կ՛անդրադառնանք ոչ միայն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան մէջ անոր դերակատարութեան, այլ նաեւ կը փառաւորենք անոր ժառանգ ձգած գաղափարական հզօր ազդեցութիւնը, որ իբրեւ յեղափոխական ուղեցոյց` շարունակաբար ծառայած է հայ ժողովուրդին ընդհանրապէս եւ ՀՅԴ-ի շարքերուն` մասնաւորապէս: Սիմոն Զաւարեան ծնած է 1866-ին, Լոռիի Այգեհատ գիւղը: Ուսումը ստացած է Թիֆլիսի եւ Մոսկուայի մէջ` խոր գիտակցութիւն ունենալով ուսումի եւ կենդանի գործի անհրաժեշտութեան հայ ազգին ծառայելու եւ զայն հզօրացնելու ճամբուն վրայ: Ամբողջ կեանքը ձեւաւորած ըլլալով հայ ժողովուրդի զրկանքներուն եւ ցաւերուն շուրջ, «Անտոն»-ը  իր ամբողջ էութեամբ նուիրուեցաւ հայ ազատագրական պայքարին, իսկ կեղեքումներու ամէնէն դժուար պահերուն ան կարողացաւ յոյսի կրակը միշտ վառ պահել, կրակ մը, որուն իսկական մարմնաւորումն էր ան իր սեփական նկարագիրով:

Սակայն Սիմոն Զաւարեան սովորական յեղափոխական մը չէր, ան հսկայ գաղափարականութիւն ունեցող ղեկավար էր, որ իրապաշտօրէն կը հաւատար, թէ ազգի մը գոյատեւման բանալին իր երիտասարդութիւնն է: Այս հաւատքով 1904-ին ան Լիբանանի մէջ հիմնեց Զաւարեան ուսանողական միութիւնը, որ 120 տարուան փայլուն գործունէութեամբ դարձաւ երիտասարդութեան զօրացման եւ հպարտութեան աղբիւր:

Զաւարեանի իտէալը յստակ էր եւ ուղիղ` դաշնակցականին համար չկայ իրաւունքի եւ պահանջի խնդիր, այլ միմիայն անսահման զոհաբերութիւն եւ անընկճելի կամք` հետապնդելու ժողովուրդին սրբազան շահերը: 1913-ին «Անտոն»-ը հեռացաւ այս աշխարհէն` ետին ձգելով գաղափարական հսկայ դպրոց մը, որուն հովանաւորութեան տակ կը շարունակեն դաստիարակուիլ արդի յեղափոխական շարքերը: Մահուան 111-ամեակին «Դաշնակցութեան խիղճը» տակաւին կը շարունակէ սնուցանել մեր հոգին եւ իր առաքինի հաւատքով ոգեւորել մեր սիրտը` շարունակելու համար հայ ժողովուրդի դաժան պայքարը:

Արամ Մանուկեան Զաւարեանի մասին կ’ըսէ. «Կը մտածեմ ու ծնկած կը խոնարհիմ անոր աճիւններուն առջեւ, կը խոնարհիմ` հաւատալով, որ այսուհետեւ ալ անոր ոգին մեզ պիտի ոգեւորէ, մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի հեռաւոր իտէալները…»:

ՀՅԴ ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

 

Նախորդը

Հայակործանը

Յաջորդը

Պաքու Հանրային Կապերու Ընկերութիւն Մը Կը Վարձէ 4,7 Միլիոն Տոլարով` Կլիմայի Վեհաժողովէն Առաջ Ազրպէյճանի Դիմագիծը Մաքրելու Համար

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?