Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուրացկան Մտաւորականները

September 6, 2024
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻՐ

Դիւրին չէ գտնել փողոցները թափառող, գացող-եկող, ողորմութիւն խնդրող հայ մուրացկան մը, քանզի հայը, հակառակ իր տեսակի բոլոր թերութիւններուն, աշխատասէր է եւ պատուախնդիր, անհաշտ` օտարի օժանդակութեամբ ապրելու գաղափարին. այնուհանդերձ, մեր մէջ կը նշմարուին մուրացկանութեան որոշ երեւոյթներ, մօտեցումներ, մանաւանդ` հասարակական կեանքին մէջ:

Այդ երեւոյթներէն ընդվզած` 137 տարիներ առաջ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեան հրատարակեց իր գլուխ գործոց «Մեծապատիւ մուրացկաններ» երկը, որ կը նկատուի հայ երգիծաբանութեան լաւագոյն աշխատութիւններէն մին: Ճիշդ է` վէպի հերոսները կը գործեն ու անոնց «քաջագործութիւնները» բոլորն ալ երեւակայական Պոլսոյ մէջ տեղի կ՛ունենան, այնուամենայնիւ հերոսներու տիպարները, պատմութեան արարքներն ու արծարծուած երեւոյթները Պարոնեանի սեփական յօրինումները չեն: Երեւակայութեան սկիզբը միշտ ալ ներկան է:

Որո՞նք էին մեծապատիւ մուրացկանները, եւ ինչո՞ւ Տրապիզոնէն ժամանած պարզամիտ մեծահարուստ Աբիսողոմ աղային տեսակ-տեսակ խաբեբայական միջոցներով շորթեցին: Եկեղեցւոյ քահանան, պարբերաթերթի լրագրողը, դպրոցի ուսուցիչը, Թաղական խորհուրդի անդամը, այսինքն` «լուսաւոր» մտաւորականութիւնը: Թէ ի՞նչն էր մղած արժանապատուութիւն վայլող, բարձր կրթութիւն ունեցող անձինք ռամիկներու վայել միջոցներու, լուրջ ուսումնասիրելի է, բայց անոր կարճ պատասխանն է` հակամշակութային- հակամտաւոր մթնոլորտը, որուն ճնշումին տակ իւրաքանչիւրը դարձած էր պատեհապաշտ եւ «պատուական» մուրացկան:

Այդ մթնոլորտը տիրած էր մտաւորականութեան կեդրոն Պոլսոյ մէջ եւ տակաւին կը շարունակէ տիրել սփիւռքեան գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ, եւ ասոր իբրեւ հետեւանք` հայ մտաւորականը յաճախ անտեսուած, չվարձատրուած, իր կարծիքը արհամարհուած, աշխատանքը արժեզրկուած անտիպ մնացած է, եւ գրեթէ միշտ խոր ծերութեան ժամանակ կամ յետմահու` մեծ համբաւի տիրացած:

Արդար է յիշել, որ Պարոնեան ինք զոհ մըն էր այդ մթնոլորտին, ամբողջ կեանքը ապրելով անվերջ տանջանքի հալածանքով, վերջաւորութեան մահանալով խոր չքաւորութեան մէջ եւ հայ համայնքի սառնասիրտ հայեացքներուն ներքոյ: Ճակատագիր, որուն իրմէ առաջ ենթարկուած էին երիտասարդ բանաստեղծ Դուրեանը եւ տասնամեակներ ետք մեծն Թէքէեանը, եւ ուրիշ վեհանձն մտաւորականներ, որոնք չուզեցին խիղճ, գրիչ, պաշտամունք վաճառելով` դառնալ «մեծապատիւ մուրացկաններ»:

Եւ տակաւին մարդիկ հարց կու տան` ինչո՞ւ  երիտասարդ նոր մտաւորական դէմքեր երեւան չեն գար. ինչո՞ւ երեւան գան եթէ հայ հասարակութիւնը վերջին 200 տարիներուն (որոշ բացառութիւններով) փաստեց այն վարկածը, որ հայ մտաւորական ըլլալ` կը նշանակէ «պատուական» մուրացկան դառնալ:

 

 

Նախորդը

Ո՞վ Եմ Ես

Յաջորդը

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

April 24, 2026
«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է
Զաւարեանական

«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է

April 24, 2026
Մեր Նահատակներուն Յիշատակը` Անտարբերութեան Ստուերին Տակ
Զաւարեանական

Մեր Նահատակներուն Յիշատակը` Անտարբերութեան Ստուերին Տակ

April 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.