Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Տարբեր Ժամանակաշրջաններու Հրատարակութիւններ

Ապրիլ 10, 2025
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զաւարեան ուսանողական միութիւնը տարբեր ժամանակաշրջաններու ունեցած է զանազան բնոյթի  հրատարակութիւններ, զորս կը ներկայացնենք ստորեւ:

1.- «Պրակ»
1961 թուականին ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը սկսաւ հրատարակել «Պրակ»-ը, որ նախատեսուած էր ներքին անդամական գործածութեան համար: Կուսակցական, ազգային եւ քաղաքական բնոյթով «Պրակ»-ը ունեցաւ համապատասխան բովանդակութիւն:

2.- «Մեհեան»
Մարտ 1969-ին, հովանաւորութեամբ ԶՈՄ-ի եւ նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Զաւարեանական աշակերտական միութեան, հրատարակուեցաւ «Մեհեան» պարբերաթերթը: «Մեհեան»-ը ունեցաւ գրական, գաղափարական, պատմաքաղաքական բովանդակութիւն:

3.- «2001»
Ապրիլ 1970-ին հրատարակուեցաւ «2001» պարբերաթերթը, որ կարճ ժամանակաշրջանի  մը մէջ կրցաւ Լիբանանի հայ երիտասարդներուն ուշադրութիւնը գրաւել իր ճոխ բովանդակութեամբ եւ բազմակողմանի հետաքրքրութեամբ:

4.- «Zavarian Review»
1979-ին լոյս տեսաւ ՀՅԴ Զաւարեանական ուսանողական միութեան «Zavarian Monthly» պաշտօնաթերթը: Նախնական շրջանին պաշտօնաթերթին բովանդակութիւնը կ՛ըլլայ ՛ երկլեզու` արաբերէն եւ անգլերէն:  Ընդհանրապէս յօդուածներուն նիւթերը կը վերաբերէին հայկական զինեալ պայքարին, հայ քաղաքական բանտարկեալներու դատավարական նիստերուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Թուրքիոյ առնչուող քաղաքական հարցերու: Հետագային այս պարբերաթերթը նաեւ կը բովանդակէ ֆրանսերէն լեզուով նիւթեր եւ կը սկսի հետզհետէ բիւրեղանալ ու դիմագիծ ձեռք ձգել:

Սկզբնական շրջանին խմբագրականը իբրեւ կողք ունեցող «Zavarian Review»-ն 1985-ին կը սկսի հրատարակուիլ լուսանկարներով եւ գծագրութեամբ` իր յատուկ կողքով:

«Zavarian Review»-ն կը ներառէ` դաշնակցական եւ ընկերվարական հայեցակարգի ներկայացման ձգտող յօդուածներ, զանազան հարցազրոյցներ, անդրադարձներ Լիբանանի համալսարաններուն մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներուն, վերլուծական յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ` Հայաստանի, Կովկասի, Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի ռազմաքաղաքական իրավիճակին ու առօրեային մասին:

Պարբերաթերթը կը քննարկէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած միջազգային ջանքերը, ինչպէս նաեւ` Հայ դատի եւ Արցախի պայքարի զարգացումները: Միեւնոյն ժամանակ կ՛անդրադառնայ նաեւ ուրիշ ժողովուրդներու ցեղասպանութիւններուն ճանաչման եւ անոնց պահանջատիրութեան պաշտպանութեան:

«Zavarian Review»-ի բովանդակութեան մէջ իրենց ներդրումը կ՛ունենան ոչ միայն զաւարեանական ուսանողները, այլ նաեւ` համալսարանի դասախօսներ եւ մասնագէտներ:

5.- «Զաւարեան Մատենաշար»-ը
ՀՅԴ ԶՈՄ-ը նախաձեռնեց «Զաւարեան մատենաշար»-ի ստեղծումին` Ա. շրջանին հրատարակելով վեց հատոր եւ Բ. շրջանին` մէկ հատոր:

Ա. շրջանին հրատարակուած հատորներն են.
1.- «Յեղափոխականի մտքերը», Քրիստափոր Միքայէլեան
2.- «Ի՞նչ է ազգութիւնը», Գարեգին Խաժակ
3.- «Ազգութիւնը հիմք մարդկային ընկերութեան»,  Լեւոն Շանթ
4.- «Ազգ եւ հայրենիք», Յովհաննէս Քաջազնունի
5.- «Ի՞նչ է դասակարգը», Գարեգին Խաժակ
6.- «Քաղաքապետի մը յիշատակները»,  Ալեքսանտր Խատիսեան

Բ.- շրջանին հրատարակուած հատորը.
«Դէպի Երկիր»-ի գաղափարապաշտը

6.- Զաւարեանական էջ

«Զաւարեանական էջ»-ի առաջին շրջանը (17 սեպ. 1969 – 2 սեպ. 1970) լոյս տեսած է 41 թիւ եւ նոյնքան գրութիւններով, որոնցմէ 35-ը ստորագրուած են Զաւարեան անունով, իսկ մնացած գրութիւնները` տարբեր անուններով:

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը ձեռնարկեց «Զաւարեանական էջ»-ի ու վերաթարմացման` ներկայացնելով նախկին զաւարեանական ընկերներու մատենագիտական ժառանգութիւնը եւ էջերու թուային պատկերները: Այս աշխատանքը շարունակուեցաւ հետեւողականութեամբ եւ երախտագիտութեամբ:

1973-ին, Սիմոն Զաւարեանի մահուան 60-ամեակի տօնակատարութեան առիթով «Զաւարեանական» էջ»-ը հրապարակեց ուսումնասիրութիւններ, որոնք զաւարեանական ընկերներու կողմէ պատրաստուեցան` նուիրուած հիմնադիրին յիշատակին:

Այլ

Զաւարեանի ուսանողական միութիւնը Հայ դատի հետապնդման եւ քարոզչական աշխատանքներուն ծիրին մէջ կատարած է շարք մը հրատարակութիւններ: 1985-ին լոյս տեսաւ «Minorities in Turkey» գրքոյկը, որ կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրամասնութիւններու վիճակին: 1986-ին, «Հայկական հարցը երէկ եւ այսօր» ձեռնարկի քննարկումները ամփոփուեցան «Քատիյա ուա մաուաքեֆ» գրքոյկին մէջ: 1993-ին Հայաստանի Հանրապետութեան 75-ամեակին առիթով պատրաստուեցաւ արաբերէն լեզուով գրքոյկ, իսկ 1994-ին ԶՈՄ-ի 90-ամեակին նուիրուած փոքր պրակ մը, որ կը ներկայացնէր միութեան պատմութիւնը: 1998-ին արցախեան գոյապայքարի տասնամեակին նուիրուած 35 էջնոց ուսումնասիրական գրքոյկ մը հրապարակուեցաւ, իսկ «Review»-ի խմբագրական կազմի ջանքերով լոյս տեսաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող անգլերէն լեզուով 10 էջնոց գրքոյկ մը:

«Հայոց ցեղասպանութիւնը 1915-Երկու սատանայի համագործակցութեամբ առաջին ցեղասպանութիւնը»
Ցեղասպանութեան 80-ամեակի առիթով ԶՈՄ-ը հրատարակեց երկլեզու պրակ` անգլերէն եւ արաբերէն: Այս պրակին մէջ ներկայացուած է Ցեղասպանութեան պատմութիւնը` նկարներով, վկայութիւններով, նամակներով եւ քարտէսներով, նաեւ տարբեր նշանաւոր անձանց խօսքեր` օտար նախագահներու, բանաստեղծներու, լրագրողներու եւ քաղաքագէտներու կողմէ:

ԶՈՄ-ի Հիմնադրութեան 95-ամեակ
1999-ին, Զաւարեան ուսանողական միութեան հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով հրատարակուեցաւ 95-ամեակի պրակ, որ ամփոփ կը ներկայացնէր միութեան 95 տարուան գործունէութիւնը: Պրակը բաժանուած է հինգ պատմական փուլերու` 1904-1914, 1921-1957, 1957-1979, 1979-1994, եւ 1994-1999:

Սիմոն Զաւարեանի նուիրուած պրակ
2003-ին, Սիմոն Զաւարեանի մահուան 90-ամեակի առիթով ԶՈՄ-ը հրատարակեց Սիմոն Զաւարեանին նուիրուած պրակ մը: Պրակը ընդգրկեց` ԶՈՄ-ի խօսքը, Զաւարեանի կենսագրութիւնը, վկայութիւններ, Զաւարեանի մտորումներէն հատուածներ, Զաւարեանի նուիրուած բանաստեղծութիւններ եւ վերջաւորութեան` Զաւարեանի մօր բաղձանքը:

«Հայ աշակերտը` համալսարանի սեմին»
2002-ին Զաւարեան ուսանողական գրասենեակը (ԶՈԳ) հրատարակեց գրքոյկ, որուն մէջ ներկայացուցած է լիբանանահայ աշակերտներու վիճակը համալսարան մուտքի սեմին: Գրքոյկը կը ներառէ` պաքալորէայի քննութեան յաջողութիւնները, համալսարանական ուսումը շարունակող աշակերտներու տոկոսը եւ քննութեան յաջողած  աշակերտներուն համալսարան չշարունակելու պատճառները: Նաեւ ներկայացուած են տուեալներ` ուսանողութեան կրթական գիտելիքի եւ մասնագիտութիւններու ընտրութեան մասին:

University Guide
2003-ին ԶՈԳ-ը հրատարակեց անգլերէն լեզուով University Guide գրքոյկ մը, որ շատ մանրամասն կ՛ուղղորդէ հայ աշակերտութիւնը` դէպի  համալսարաններ: Անոր մէջ ներկայացուած են տարբեր համալսարաններ ընդունուելու միջոցները, սակերը եւ դասաւանդուած ճիւղերը: Գրքոյկին մէջ տեղ գտած է նաեւ տեղեկութիւններ  համալսարանական հայկական ֆոնտերու մասին: Նշուած են այն համալսարանները, որոնք ներառուած են` AUB, AUST, University of Balamand, HU, LAU, LU, NDU, Pigier, USEK, USJ, ինչպէս նաեւ` Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկը, Հայաստանի պետական համալսարանը եւ կարգ մը արհեստից վարժարաններ:

«Հայ ուսանողական ազգային յանձնառութիւնը»

2003-ին ԶՈԳ-ը կատարած է ուսումնասիրութիւն մը լիբանանահայ ուսանողներու ազգային յանձնառութեան մասին եւ զայն ներկայացուցած է «Լիբանանահայ ուսանողին ազգային յանձնառութիւնը» խորագիրով գրքոյկով: Ուսումնասիրութիւնը կը գնահատէ ուսանողին կապը ազգային կեանքին ու դատին` անդրադառնալով անոր յաճախած վարժարանին, հայերէնի տիրապետման մակարդակին, հայրենի հաղորդամիջոցներուն հետեւելու սովորութեան, ինչպէս նաեւ հայկական ընկերային, քաղաքական ու մշակութային ձեռնարկներու մասնակցութեան: Գրքոյկը կը ներկայացնէ` ուսանողին եկեղեցւոյ հետ կապը, միութենական պատկանելիութիւնը եւ լիբանանահայ գաղութին ու Հայ դատին բերած աջակցութիւնը:

 

Նախորդը

«ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Հրատարակութիւններն ու Նորարարութիւնը»

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Մեր Խօսքը

Ապրիլ 24, 2025
Վերադարձի Պահը Հասած Է
Զաւարեանական

Վերադարձի Պահը Հասած Է

Ապրիլ 24, 2025
Պայքարով Կերտուած Կեանք Մը
Զաւարեանական

Պայքարով Կերտուած Կեանք Մը

Ապրիլ 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?