Ամէն տարի ապրիլ 24-ին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հայերը կանգ կ՛առնեն յիշելու համար Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոնէ աւելի նահատակները: Այս օրը սուգի, մտածումի եւ փրկուածներուն տոկունութիւնը ոգեկոչելու օր մըն է, բայց միայն յիշելը բաւարար չէ: Մենք` հայերս, պէտք է մեր աչքերը բանանք ներկային վրայ, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնը 1915-ին չաւարտեցաւ:
Վերջին տարիներուն հայութիւնը նոր աղէտի մը ականատես եղաւ, այս անգամ` Արցախի մէջ: Տասնամեակներ շարունակ գոյատեւելով մնայուն սպառնալիքի տակ` Արցախի հայերը 2023-ին բռնի ուժով տեղահանուեցան իրենց պատմական հողերէն: Աշխարհը լռութեամբ դիտեց, երբ Ազրպէյճան ամիսներ շարունակ շրջափակեց Արցախը` արգիլելով մուտքը ուտելիքի, դեղորայքի եւ կենսական կարիքներու: Անոր յաջորդեց ոչ թէ խաղաղ լուծում, այլ` ցեղային մաքրագործութիւն: Աւելի քան 120.000 հայեր ստիպուեցան փախչիլ` իրենց ետեւ ձգելով տուները, եկեղեցիներն ու պատմութիւնը:
Այս երեւոյթը պէտք է կոչենք իր անունով` ցեղասպանութիւն: Ամբողջ ժողովուրդ մը համակարգուած սովի մատնուեցաւ ու արմատախիլ եղաւ իր հողերէն, որովհետեւ ան հայ է, բայց անգամ մը եւս հայութիւնը մինակ մնաց միջազգային լռութեան դիմաց ու քաղաքական հաշիւներու եւ շահերու զոհ դարձաւ:
Ցեղասպանութիւնները կը շարունակուին մինչեւ այսօր աշխարհի տարածքին, երբեմն ռումբերով, ուրիշ ժամանակ` մշակոյթի ջնջումով, տեղահանումով եւ կամ սովահարութեամբ: Ձեւերը կը փոխուին, բայց նպատակը կը մնայ մէկ` ժողովուրդ մը ոչնչացնել:
Մենք շատ անգամ կը կրկնենք, որ` «Նմանը բնա՛ւ պիտի չըլլայ», բայց այս խօսքերը անիմաստ են, եթէ գործով չհաստատենք: Ցեղասպանութիւնը ո՛չ միայն պատմական դէպք մըն է, այլ նաեւ` մնայուն սպառնալիք մը. եւ երբ աշխարհը կը նախընտրէ լռել, այդ լռութիւնը քաջալերանք մըն է անոնց, որոնք կը փորձեն այս ոճիրը կատարել:
Երբ փոքր էի, եւ դպրոցը կը սորվէինք Հայոց ցեղասպանութեան մասին, ինծի կը թուէր` «Այս օրերուն այսպիսի բան անկարելի է որ պատահի, որովհետեւ հիմա մենք ունինք հեռատեսիլ, համացանց եւ հեռաձայններ, իսկ աշխարհը պիտի տեսնէ, պիտի գիտնայ եւ թոյլ պիտի չտայ, որ նման բան մը պատահի»: Մեծցայ ու հասկցայ, որ սխալած էի: Աշխարհը կը տեսնէ, կը գիտնայ, կը կարդայ լուրերը, բայց նոյնիսկ այդպէս` բան մը չի փոխուիր: Աշխարհը լուռ չէ, որովհետեւ չի գիտեր, ան լուռ է, որովհետեւ կը նախընտրէ իր յարմարաւէտութիւնը, իշխանութիւնը, եւ քաղաքական հաշիւները` արդարութեան փոխարէն: Եթէ մենք չխօսինք, եթէ չյիշենք, եթէ չբարձրաձայնենք, երբ բոլորը լռած են, անցեալը եւ պատմութիւնը պիտի շարունակեն կրկնուիլ:
Մանկութենէս ի վեր միշտ լսած եմ պատմութիւններ նախնիներուս մասին, որոնք ապրած են Ցեղասպանութեան ժամանակներուն: Մանուկ եղբայրներ, որոնք ձիով փախուստի ժամանակ գնդակահարուած են, եւ մանկան մը ճիչերը, որոնք բռնուելու եւ սպաննուելու վտանգի տակ դրած են ամբողջ փախստական խումբ մը, այս պատճառով ալ կը ստիպուէին մանուկը մէկ տեղ ձգել, եւ ինչպէս իմ մեծ հօրս հայրը ետ դարձաւ` զայն վերադարձնելու: Իմ ընտանիքս ալ շատերու պէս բռնի տեղահանուեցաւ, եւ շաբաթներով, ամիսներով մաս կազմեց երթի մը, որ հետագային ճանչցուեցաւ որպէս մահուան երթեր:
Մեր` իբրեւ հայ ժողովուրդ, կրած ցաւը միայն չէ ժառանգուած, այլ հիմա ներկայիս կը շարունակէ նորոգուիլ: Նոյն ժխտական ուժերը, որոնք կործանեցին մեր ընտանիքները 1915-ին, դարձեալ յայտնուեցան Արցախի մէջ 2023-ին:
Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշել` կը նշանակէ ճանչնալ, որ ցեղասպանութիւնը կը զարգանայ եւ կը գոյատեւէ, ինչպէս մենք կը գոյատեւենք:
Մենք չենք յիշեր միայն սուգը կրելու համար. մենք կը յիշենք, որովհետեւ հայ ժողովուրդը տակաւին կը կրէ անարդարութեան ծանրութիւնը, կը յիշենք, որովհետեւ աշխարհը տակաւին կը մերժէ սորվիլ իր սխալներէն եւ կը շարունակէ անտեսել անարդարութիւնը: