Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

134 Տարուան Հերոսներ

Յունուար 31, 2025
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՍԱՆԱՀԻՆ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

Սրբացած դէմքեր, հերոսներ, սրբացած պատմութիւն, նուիրուած` սուրբ աշխատանքին… Դաշնակցութեան պատմութիւնը կերտողները եւ գրողները մենք հիմա կը նկատենք` սուրբեր, անբիծ հերոսներ, իտէալական ու անզուգական դէմքեր: Սակայն մեր պատմութիւնը գրողները սուրբեր չէին, անշօշափելի երազային դէմքեր չէին, մեզի նման անձեր էին` երազներով եւ ապրելու կամքով, մեզի նման ուսանողներ էին` իրենց մասնագիտական ճիւղով հետաքրքրուած եւ միշտ աւելի բարձր ուսման ձգտող, մեզի պէս երիտասարդներ էին` անձնական կեանքի երազներով եւ սէրով, նոր մարտահրաւէրներու մէջ ընկղմող եւ շատ անգամ նոյնիսկ` անփորձ: Մենք որքան մոռնանք, որ անոնք մեզի նման մարդ էակներ էին եւ զանոնք դարձնենք միայն պատմութեան գիրքերու մէջ գտնուող անձեր` առանց ծանօթանալու իրենց կեանքի մանրամասնութիւններուն եւ իրենց գրած նամակներուն, այնքան հեռու եւ դժուար կ՛ըլլայ մեզի համար` իբրեւ դաշնակցականներու փորձել իրենց նման ըլլալ:

Մեզի պէս դժուարութիւններ ունէին եւ աւելի՛ն: Եթէ այսօր հայութիւնը յուսախաբ է իր կորուստներով, իր մարտահրաւէրներով, թրքական կայսրութեան ժամանակ հայութիւնը կորսնցուցած էր իր լրիւ յոյսը ոչ միայն ազատութեան, այլ նաեւ` արժանապատիւ կեանքի: Յեղափոխական շարժումներն էին, որոնք ոչ միայն հայուն պատիւը փրկեցին, այլ ցոյց տուին, որ հայը պիտի չզիջի իր իրաւունքներէն, հայը ակն ընդ ական, ատամն ընդ ատաման պատրաստ է ոչնչացնելու հայուն վնաս հասցնողը եւ, վերջապէս, հայը ո՛չ մահէն, ո՛չ ալ կախաղանէն կը վախնայ, այլ ուրախութեամբ կը դիմաւորէ մահը` յանուն ազգի ազատութեան:

Սակայն այս մէկը չիրականացաւ առանց ներքին կամ արտաքին դժուարութիւններու:

Post Hoc Ergo Propter Hoc (Այս դէպքէն յետոյ, ուրեմն այս դէպքի պատճառով: Այլ խօսքով, իւրաքանչիւր երեւոյթ, որուն ուրիշ երեւոյթ կը հետեւի, անմիջապէս պատճառը կ՛ըլլայ այդ հետագայ երեւոյթը), ինչպէս Քրիստափոր Միքայէլեան նկատեց, ա՛յս էր ամբոխային տրամաբանութիւնը յեղափոխական շարժումներուն մասին, թէ` այս շարժումներն էին իսկական պատճառը կոտորածներուն, նշելով, որ յեղափոխական շարժումները ծնունդ առին հայ ազգը պաշտպանելու նպատակով եւ ոչ հակառակը, եւ վստահաբար երբ կը դիմադրես, թշնամին կը փորձէ աւելի զօրաւոր ուժով յարձակիլ:

Քրիստափոր Միքայէլեան կրնար յուսահատիլ, կրնար դադրիլ իր յեղափոխական կեանքէն, որ նուիրած էր ազգին, ժողովուրդին եւ այդ ամբոխին, որ նոյնիսկ չէր հաւատար յեղափոխութեան հարկաւորութեան: Սակայն դարձաւ հերոս` ոչ միայն նահատակուելով, որ միշտ կը յիշենք, այլ նոյն կամքով շարունակելով իր նպատակը` անկախ բոլոր դժուարութիւններէն:

Այսօր մեր կուսակցութեան 134-ամեակը կը նշենք ի պատիւ սերունդէ սերունդ, 1890-էն մինչեւ օրս, բոլոր դաշնակցական յեղափոխականներուն, հիմնադիր կամ նոր անդամներու, նշանաւոր կամ թաքնուած դէմքերու, որոնք քաջութիւնը ունեցած են բոլոր դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարելու եւ անդադար շարունակելու Դաշնակցութեան նպատակներու պահպանումն ու իրականացումը` առանց յուսախաբ ըլլալու:

Պատմութիւնը տակաւին կը գրուի, իսկ մեր պարտականութիւնն է շարունակել նոյն կամքով, նոյն ոգիով:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

Յաջորդը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Անդրանիկ Ծրագիրը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?