Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զաւարեան Նոթատետր»-ը` Հայկականութիւն Ներշնչող Աղբիւր

April 10, 2025
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դաշնակցութեան հիմնադրութենէն 14 տարիներ ետք, ՀՅԴ հիմնադիր երեքէն` Սիմոն Զաւարեանը` Դաշնակցութեան խիղճը, Լիբանանի մէջ հիմնեց Զաւարեան ուսանողական միութիւնը:

Լիբանանահայութեան պատմութիւնը վկայ` իր հիմնադրութեան փուլին եւ յատկապէս 1921-էն սկսեալ իր զանազան նախաձեռնութիւններով` քարոզչական լսարաններով, Զաւարեան աշակերտական միութեամբ, գիշերային դպրոցով, համալսարաններու մէջ քարոզչական աշխատանքներով, Հայ դատի հետապնդումներով եւ «Դէպի Երկիր»-ի ճամբարներով, ԶՈՄ-ը հայրենիքէն ներս թէ դուրս եղաւ այն դարբնոցը, որ համախմբեց եւ կազմաւորեց հայ պատանին ու երիտասարդը:

ԶՈՄ-ը իր գործունէութեան տարբեր փուլերուն յատուկ կարեւորութիւն ընծայած է իր հրատարակչական աշխատանքներուն, որուն նպատակն է` «Սատարել սփիւռքահայ երիտասարդութեան գաղափարաբանական-քաղաքական մտածողութեան բիւրեղացման, յղկումին, որպէսզի երիտասարդները ուրոյն մօտեցումով խիզախ կեցուածք ցուցաբերեն բոլոր այն հարցերուն նկատմամբ, որոնք կը պղտորեն, կը շեղեն հայ երիտասարդը իր հարազատ մթնոլորտէն` հայկականութենէն»:

2025 թուականին լոյս տեսած այս նոր հրատարակութեան` «Զաւարեան Նոթատետր»-ին նպատակն է` «Ներշնչել հայկականութիւն»:

Սոյն նոթատետրը կը պարփակէ` ազգային, յեղափոխական մտածումներ, խօսքեր եւ պատգամներ, ինչպէս նաեւ` պատմական դէպքերու եւ դէմքերու մասին տեղեկութիւններ:

Մեր փափաքն է, որ այս նոթատետրին գործածութիւնը չսահմանուի լոկ անհատական կեանքի վերաբերող ձգտումներով ու հետապնդումներով:

Թող իւրաքանչիւր խօսք, որուն կը հանդիպիք էջաթերթիկներուն միջեւ, ձեզ ներշնչէ ձեր անհատական պատասխանատութիւնն ու պարտականութիւնը հայ ազգի կեանքէն ներս:

Թող իւրաքանչիւր խօսք, որուն կը հանդիպիք, ձեր մէջ հզօրացնէ ազգային, յեղափոխական, ընկերվարական եւ ժողովրդավարական գաղափարները:

Թող իւրաքանչիւր դէպք, որուն կը հանդիպիք, ձեր յիշողութեան մէջ արթնցնէ դարեր շարունակ ձեր նախահայրերուն տարած պայքարը:

Թող իւրաքանչիւր դէպք, որուն կը հանդիպիք, ձեր սրտերուն մէջ բոցավառէ հայու աննկուն կամքն ու մարտունակութիւնը:

Եւ երբ նոթատետրը գործածէք ձեր սեփական կեանքը կարգաւորելու ու բարելաւելու նպատակով, նոյն գուրգուրանքով մօտեցէք ազգային լայն հասարակական հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն` միշտ ի մտի ունենալով Զաւարեանի «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է» կարգախօսը:

ՀՅԴ ԶՈՄ-Ի ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Նախորդը

14 Տարուան Դադարէ Ետք Վերահրատարակուեցաւ «Zavarian Review»-ն

Յաջորդը

«ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Հրատարակութիւններն ու Նորարարութիւնը»

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

October 2, 2026
«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Զաւարեանական

«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

October 2, 2026
Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն
Զաւարեանական

Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.