Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազատ Արցախ` Մեր Ազգային Պայքարի Յենարանը

Փետրուար 25, 2025
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱԿ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ թերեւս չկայ աւելի դառն ու ողբերգական փորձառութիւն, քան` հայրենի հողէն անջատման փորձառութիւնը: Դժուար է նոյնիսկ այդպիսի պարտութեան մասին խօսիլն ու մտածելը, մանաւանդ երբ այդ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին կործանման վիշտէն կրկնակի տառապած է:  Ամբողջ հայ ժողովուրդին համար 21-րդ դարու ծանրագոյն հարուածը Արցախի կորուստն էր, որուն իբրեւ հետեւանք` յուսահատութեան եւ հայաթափման նոր ալիք մը տարածուեցաւ հայութեան մէջ: Սակայն պարտութեան մը առջեւ անմիջապէս խորտակուիլն ու յանձնուիլը ո՛չ հայկական, ո՛չ յեղափոխական եւ ո՛չ ալ դաշնակցական մօտեցումներ են:

Գրագէտ Զապէլ Եսայեանը ըսած է. «Պարտութիւնը կը մարսէի, կը չէզոքացնէի` անմիջապէս ընդունելով, որ պարտուած եմ եւ կը վերսկսէի նոր պայքարի»: Այսօր շատեր հարց կու տան, թէ այս ծանր կորուստներէն ետք ի՞նչ է մեր ընթացքը, կամ ի՞նչ է մեր քաղաքականութիւնը: Պատասխանը շատ յստակ է եւ ինքնայայտ` պայքար: Պայքար անվեհերութեամբ եւ վճռականութեամբ` մինչեւ Արցախի ամբողջական ազատագրումը, մինչեւ Արցախի հայութեան ապահով ու պատուաւոր վերադարձը, եւ մինչեւ ամէն հայ գերիի ազատ արձակումը: Չունիմ բանաստեղծական յուսատու խօսքեր` ոգեւորելու իմ ժողովուրդը: Մեր առջեւ կը գտնուի արիւնոտ, տանջալի  եւ փշոտ ճանապարհ մը, որուն աւարտը պիտի վճռէ հայ ժողովուրդի գոյատեւումը կամ կործանումը: Այս փուլը իր անսահման դժուարութիւններով միմիայն մեր ապագան ապահովելու վերջին առիթը չէ, այլ նաեւ մեր ամբողջ պատմութեան, անցեալի նուիրեալներուն եւ նահատակներուն պատիւը վերահաստատելու հուսկ միջոցն է:

Նժդեհեան դաստիարակութեամբ մենք վստահօրէն գիտենք, որ հայրենիքի սահմանները զինուորին արեամբ ու զոհողութեամբ կը գծուին: Այս համոզումով մենք պիտի աշխատինք գիշեր ու ցերեկ, մինչեւ ամէն մէկ հայ ինքզինք գերազանցէ` իբրեւ իր հայրենիքի զինուորն ու պաշտպանը: Եթէ նոյնիսկ աշխարհի լաւագոյն զէնքերը տրամադրուին, անսպառ հարստութիւն դիզուի, եւ կամ լաւագոյն արդիական յառաջդիմութիւնները ձեռքբերուին, այս բոլորը մեզ չեն կրնար յաղթանակ ապահովել, եթէ ժողովուրդը այս ազատագրական շարժման նոր պայքարը մղելու կամքն ու պատրաստականութիւնը չունի: Թուրքը շատ լաւ գիտէ, որ պէտք է կոտրէ հայ ժողովուրդին դիմադրելու կամքը եւ այդ դիմադրութիւնը ոգեւորող ու կազմակերպող կուսակցութիւնները` յաջողցնելու համար իր խորամանկ ծրագիրները Կովկասի մէջ: Սակայն ան չի գիտեր` «Մահ կամ ազատութիւն» գաղափարախօսութեան մեր հաւատարմութիւնն ու համոզումը, չի գիտեր, որ ասիկա մեզի համար սովորական նշանաբան մը չէ միայն, այլ` ազգային ու յեղափոխական խոր համոզում մը, որուն կրակով նոր սերունդն ալ մկրտուած է:

Մենք` իբրեւ հայ երիտասարդութիւն եւ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեամբ դաստիարակուած յեղափոխականներ, անծանօթ չենք զոհողութեան եւ հաստատակամութեան դիրքորոշումներուն: Հակառակ աշխարհի ամբողջ երիտասարդութեան` մեզի համար հարստութիւնն ու համբաւը, երջանկութիւնն ու հանգստութիւնը ոչնչութիւններ են: Ազգ, հայրենիք, մշակոյթ ու հաւատք, ահա՛ մեր յենարանները, որոնց համար պատրաստ ենք զոհելու ամէն բան` չխնայելով նոյնիսկ մեր կեանքը:

Ուրեմն Արցախի ազատագրութեան կարելիութիւնը ինքզինք պիտի մատուցէ իբրեւ արդիւնք մեր կամքի զօրութեան: Վերջապէս, հաւատալով, որ մե՛նք ենք տէրը մեր ճակատագիրին, պիտի կարողանանք ոչ միայն ետ բերել այն, ինչ որ կորսուեցաւ, այլ նաեւ` աննախընթաց յաղթանակներով յառաջ ընթանալ դէպի նոր հորիզոններ: Երբեք չմոռնանք, որ դարեր շարունակ, երբ ամբողջ հայ ժողովուրդը օտարի գերիշխանութեան տակ կը գտնուէր, Արցախն էր, որ իր քաջ ու արժանապատիւ նկարագիրին շնորհիւ պահեց իր կիսանկախութիւնը` ետ մղելով արշաւանքներն ու փորձանքները, նոյնիսկ աջակցելով Հայաստանի ազատագրական բոլոր շարժումներուն: Այսօր Արցախի հողը մեզի կոչ կ՛ուղղէ` վերագտնելու մեր նախնեաց քաջութիւնն ու արժանապատուութիւնը, յուսալով, որ նաեւ կը վերահաստատենք Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու միասնականութիւնը:

 

 

Նախորդը

Հայաստանը Կը Ծփայ Դէպի Միացեալ Նահանգներ Եւ ՕԹԱՆ Արդեօք Պատճառ Պիտի Դառնա՞յ Ամբողջ Հարաւային Կովկասի Ապակայունացման

Յաջորդը

Ռազմականացուած Ճարտարապետութիւն

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?