Սեպտեմբեր ամիսը մեզի համար վերանկախացման ամիս է: Ամիս մը, երբ վերանկախացաւ Հայաստանը, ու հռչակուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Երանի թէ կարենայինք ժամանակի սլաքը շարժելով` վերադառնալ այդ պահուն, եւ յիշենք սեպտեմբեր ամիսը միմիայն այս դէպքերով, սակայն նոյն այս ամիսը սկսաւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմը, որ աւարտեցաւ 9 նոյեմբերին Շուշիի յանձնումով, եւ որոշ համեմատութեամբ, կրկին վերադարձանք ԼՂԻՄ-ի տարածքներուն: Ու դարձեալ ըսինք` պիտի ազատագրենք Շուշին եւ պիտի ունենանք ազատ ու անկախ Արցախը, բայց հասանք սեպտեմբեր 2023, երբ հայ ազգը կրկին ապրեցաւ բռնի տեղահանութիւն եւ ցեղասպանութիւն, եւ Արցախը լրիւ հայաթափուեցաւ` յանձնուելով թշնամիին:
Միակ տարբերութիւնը 1915 եւ 2023-ի միջեւ այն չէ, որ մէկը թուրքը գործադրեց, իսկ միւսը` ազերին, աւելի՛ն, Արցախի ցեղասպանութիւնը իրագործեց «թուրքանման հայ»-ը` գործակցաբար ազերիին, եւ ոչ թէ հակառակը:
Այո՛, մեղաւոր ենք, յանցաւոր ենք, իւրաքանչիւրս պատասխանատու ենք եղածին: Մենք ենք, որ զբաղեցանք ունայն հարցերով եւ առիթը տուինք թշնամիին: Եւ եթէ բոլոր մեր մեղքերուն թողութիւն գայ, այս մեղքին, որուն համար անցեալի ու ներկայի սերունդս համարատու է, ո՛չ Աստուած, ոչ ալ մենք զիրար պէտք է ներենք, որովհետեւ չկատարեցինք մեր կարելին:
Որքան այժմէական է Գ. Նժդեհի «թուրքանման» հայու օրինակը, սակայն այսօր ազգային դիմագիծը հարուածողը «թուրքանման» հայը չէ, որ կը ճամբորդէ Թուրքիա, կամ կը քաջալերէ թրքական արտադրութիւնը, այլ նաեւ հայակործան հայն է, այն հայը, որ հայրենասէր է, բայց ունի տարբեր հայրենիք, այն հայը, որ կը քարոզէ միասնականութիւն, անդին կը կործանէ իր եղբայրը` հայը:
Այս հայակործան հայերը մեր շուրջն են: Կը խօսին հայերէն, կը պարեն մեր շուրջպարերը, աւելի՛ն, անոնք կ՛երգեն «Աղբերս ու ես»-ը, սակայն իրենց հայեցողութեան մէջ չկայ եղբայրը, կայ միայն «ես»-ը:
Ան կը ձգտի ըլլալու լաւագոյնը, տիպարը, օրինակելին, սակայն այս բոլորը ըլլալու ճամբուն վրայ կը կործանէ ուրիշը, որովհետեւ կը հաւատայ, թէ իր յաջողութիւնը կ՛ապահովուի միմիայն ուրիշին ձախողութեամբ: Անոր պատկերացումով չկայ իրականութիւն մը, ուր «ես»-ն ու «եղբայր»-ը միասին կրնան հասնիլ իրենց նպատակներուն: Մինչդեռ մեր հայ իրականութեան մէջ չկայ «ես» մը, որ կրնայ գոյատեւել առանց «մենք»-ի: Չկայ «եղբայր»-ը զոհել «ես»-ի համար: Կայ միայն «ես»-ը զոհել «մենք»-ի համար, ինչպէս որ սահմանի վրայ գտնուող հայ զինուորները իրենց «ես»-ը կը զոհեն իրենց զինակից եղբօր փրկութեան, աւելի՛ն, «մենք»-ին համար` հայրենիքին համար:
Հայակործանի մը համար ծանր ու կարեւոր գործը ունայնութեամբ զբաղիլն է: Ան վարպետ է խօսելու մէջ, կը սիրէ խօսիլ, բայց երբեք ու երբեք չի սիրեր գործել: Կը սիրէ քննադատել, բայց երբեք չի սիրեր գնահատել: Կը սիրէ խնդիրներ մատնանշել, բայց չի սիրեր ծրագիրներ մշակել: Ի վերջոյ, հարցի մը լուծումը առաջարկ է, գնահատելը քաջալերանք է, իսկ գործն ու ծրագիրը մեր արդիւնքի ճամբան են:
Հայակործանը հայրենասէր է, բայց իր պատկերացուցած հայրենիքը կը տարբերի մեր անմոռաց հայրենիքէն: Ան համոզուած է, որ մեր Դատը լուծուած է, իրեն համար այլեւս իմաստ չունի Արցախն ու Արեւմտահայաստան պահանջելը: Ան կը բաւարարուի իր Երեւանով կամ սփիւռքի մէջ իր գաղութը պահելով:
Բայց վասն ինչի՞ կ՛ուզէ այդ գաղութը պահել:
Ի՞նչ իմաստ ունի ըլլալ հայ մը` առանց հայրենիքի, ի՞նչ իմաստ ունի աշխատիլ սփիւռքահայութեան վրայ, եթէ պիտի մնանք սակաւաթիւ հայեր սփիւռքի մէջ, ուր ժամանակի ընթացքին պիտի մաշինք ու անհետանանք, եթէ այդ է իրենց նպատակը, աւելի լաւ է փակեն իրենց դռները ու դառնան աշխարհաքաղաքացի, քան հայ ժողովուրդը զբաղեցնեն ունայնութեամբ: Այս պատկերը շատ յստակ էր նախկին սերունդներուն մտքին մէջ: Անոնք գիտէին, որ իմաստ չունի ըլլալ սփիւռքահայ մը, գիշեր ու ցերեկ աշխատիլ գաղութի կազմաւորման եւ ուժեղացման համար, եթէ չկայ հեռանկար մը, որ մեզ կ՛ուղղէ դէպի մեր պապենական հողերը:
Թերեւս շատ մը ընթերցողներ պիտի գան ու պիտի հարուածեն այս տեսակէտները, պիտի փորձեն տարբեր ձեւերով վերլուծել ու դարձեալ քննադատել, բայց հարց չէ, անոնք թող շարունակեն ապրիլ ու գործել միմիայն խօսքով ու փայլքով: Մինչդեռ պիտի ըլլան ընթերցողներ, որոնք պիտի յիշեն Անդրանիկի խօսքը` «Ամէն օր ձեր գլուխը բարձին դնելէ եւ քնանալէ առաջ յիշեցէք, թէ այդ օրը ի՛նչ էք ըրած ձեր ազգին համար»:
Դժբախտաբար մեր իրականութեան մէջ հայակործանը կը յաջողի ու կը փայլի` ուրիշները խաւարի մէջ պահելով եւ զանոնք կուրցնելով:
Պէտք է միշտ յիշել, որ կայծակ մը նախ երկնքին մէջ փայլք մը կը ստեղծէ, ապա խաւար, եւ ժամանակ մը ետք, երբ կը խաբուիս միմիայն այդ փայլքով, անոր կը յաջորդէ վիթխարի ձայն մը, որ ամբողջովին կրնայ ցնցել եւ անհետացնել այդ խաբուսիկ ու անձայն փայլքին ուժը:
Այո՛, թերեւս մեր դիմաց կը տեսնենք այդ կայծակի փայլքն ու կը խաբուինք, թերեւս կը կասկածինք մեր ունեցած ուժերուն եւ կը շարունակենք մնալ խաւարին մէջ, բայց պէտք է միշտ յիշել, որ այդ խաւարին մէջ կան շատ մը «ես»-եր, որոնց մէջ ընդհանրացած է «մենք»-ի գաղափարը, ուր անհատները կը հաւատան, թէ զիրար բարձրացնելով եւ միասնաբար աշխատելով է, որ պէտք է հասնինք մեր նպատակներուն, որովհետեւ թշնամին դիւրաւ կրնայ հարուածել «ես» մը, բայց կը սարսափի հարուածել «մենք» մը, որ ընդունակ է համախումբ պայքարի:
Սեպտեմբեր 2024