Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայքարով Կերտուած Կեանք Մը

April 24, 2025
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԻԷԼԼԱ ՃԷՀԻԶԵԱՆ        

Կարեւոր է, որ իւրաքանչիւր հայ ճանչնայ իր նախնիներուն պատմութիւնը, որովհետեւ անիկա իր ինքնութեան մէկ մասն է: Մենք ժառանգորդներն ենք այդ պատմութեան, զոր պիտի փոխանցենք մեր զաւակներուն եւ թոռներուն:

Մեծ հօրս մեծ հայրը` Յովհաննէս եւ զաւակը` Ստեփանոս, ծնած եւ ապրած են Մարաշ: Յովհաննէս որբ մնացած ըլլալուն պատճառով կը մեծնայ Մարաշի որբանոցին մէջ: Մանկութեան տարիներուն կ՛աշխատի օժիտի վաճառականի մը մօտ եւ քանի մը տարի ետք` 1891-ին, կ՛ամուսնանայ Սրբուհի անունով աղջկան մը հետ, որ կը դառնայ մեծ հօրս մեծ մայրը:

Յովհաննէսի գործատէրը, որ իր զաւակները կորսնցուցած էր պատերազմի ժամանակ, գործը կը վստահի սանուկին` Յովհաննէսին, զոր իր զաւկին պէս կը սիրէր: Սրբուհի միշտ Յովհաննէսի կողքին էր ընտանեկան այս նոր գործին մէջ, եւ անոնք ճանչցուած էին իբրեւ «օժտավաճառ Յովհաննէս եւ Սրբուհի»:

1894-ին Սրբուհի եւ Յովհաննէս կ՛ունենան իրենց առաջին զաւակը` Ստեփանոս, սակայն դժբախտաբար Սրբուհին կը մահանայ ծննդաբերութեան ժամանակ: Յովհաննէս առանձին, դժուար պայմաններու մէջ կը խնամէ իր զաւակը` առանց ոեւէ մէկուն օժանդակութեան: Ստեփանոս մանկութենէն ի վեր առողջապահական զանազան խնդիրներ ունէր: Յովհաննէս առանձին իր այս դժուար իրականութեան առջեւ, իր առողջութեան գնով կը խնամէ Ստեփանոսը` զայն հասուն տարիքի հասցնելով եւ մինչեւ իսկ ամուսնացնելով Սիրանուշ անունով աղջկան մը հետ: Սակայն հիւանդութիւնը չի խնայեր Յովհաննէսը եւ անխնայ կը խլէ անոր կեանքը 1910-ին:

Ստեփանոս, Յովհաննէսի միակ զաւակը ըլլալով, կը շարունակէ հօր գործը` իբրեւ օժիտի վաճառական: Կ՛արժէ նշել, որ օժիտ բառը թրքերէնով “jeyiz” կը նշանակէ, որմէ եկած է մեր ընտանեկան ազգանունը` Ճէհիզեան:

1914, Մարաշ: Աջ կողմը` Ստեփանոս եւ երկու տարեկան Յովհաննէսը: Մէջտեղը` Սիրանուշը:

Ստեփանոս եւ Սիրանուշ 1912-ին իրենց կանուխ տարիքին Մարաշի մէջ կ՛ունենան իրենց առաջին զաւակը` Յովհաննէսը` մեծ հօրս եղբայրը:

Ինչպէս նշեցինք, Ստեփանոս առողջապահական մնայուն խնդիրներ ունէր, եւ այդ պատճառով Սիրանուշ կը խնամէր իր հիւանդ ամուսինը եւ իր փոքրիկ զաւակը` միաժամանակ վարելով ընտանեկան օժիտի արհեստը, որպէսզի ապահովէ ընտանիքին ապրուստը:

Մեծ մայրս Սիրանուշը կը նկարագրէ իբրեւ շատ զօրաւոր կին մը: Հետեւեալ դրուագը կը հաստատէ այս փաստը.

«1914 թուականի սկիզբը, երբ Ստեփանոսի առողջութիւնը շատ վատ էր, թուրք զինուորներ սկսած էին հաւաքել Մարաշի հայ տղամարդիկը: Սիրանուշ գիտնալով, որ եթէ իր հիւանդ ամուսինը գերի առնեն, անոր մահը անխուսափելի պիտի ըլլայ, պէտք էր միջոց մը գտնէր զայն փրկելու համար:

«Երբ զինուորները կը մօտենան իրենց տան, Սիրանուշ աճապարանքով Ստեփանոսը գորգի մը մէջ փաթթելով կը դնէ գետնին: Երբ զինուորները դուռը կը զարնեն, Սիրանուշ լալով կը բանայ եւ կ՛ըսէ, թէ իր ամուսինը մահացած է: Զինուորները, բնականաբար, չեն հաւատար. ներս կը խուժեն` Ստեփանոսը բռնելու համար: Երբ ներս կը մտնեն, գորգի մէջ փաթթուած մարմին մը կը գտնեն: Գորգը բանալով` կը տեսնեն անշարժ մարմին մը, որ իսկապէս մեռած մարմնի մը կը նմանէր: Թուրք զինուորները համոզուելու համար, որ ան իսկապէս մեռած է, քանի մը անգամ ոտքերով կը հարուածեն, բայց ան չի շարժեր: Թուրք ոճրագործները վստահ ըլլալով, որ մեռած է, կը սկսին խուզարկել տունը` բան մը գտնելու նպատակով: Բարեբախտաբար քիչ վնաս պատճառելով կը հեռանան անողոք եւ վայրագ զինուորները` երկուքին կեանքերը խնայելով»:

Սիրելի՛ ընթերցող, պահ մը կանգ առնենք մեր պատմութենէն եւ քանի մը բառով անդրադառնանք Մարաշ քաղաքի այդ ժամանակուան պատմութեան:

Մարաշը Կիլիկիոյ ամէնէն հարուստ քաղաքներէն մէկն էր: Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ Մարաշի մէջ կ՛ապրէր շուրջ 40.000 հայ: Անոնք առեւտրականներ, արհեստաւորներ եւ գիւղացիներ էին: 1915-ին Մարաշի հայութիւնը կը տեղահանուի, սակայն երեք տարի ետք` 1918-ին, երբ Թուրքիա պարտութիւն կը կրէ Համաշխարհային Ա. պատերազմին, սակաւաթիւ հայեր կը վերադառնան Մարաշ, որ այդ ատեն ֆրանսացիներու վերահսկողութեան տակ կը գտնուէր: Երկու տարի ետք` 1920-ին, Մուսթաֆա Քեմալի զօրքերը կը յարձակին Մարաշի վրայ: Տեղւոյն հայերը կ՛որոշեն ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպել, որովհետեւ ֆրանսացիները անկարող էին պաշտպանելու իրենց տուները եւ եկեղեցիները: Հայերու ինքնապաշտպանութիւնը կը տեւէ 20 օր: Թուրքերը կրակ կը բանան եկեղեցիներուն եւ տուներուն ուղղութեամբ, որոնց մէջ պատսպարուած էին հայ կիներ եւ երեխաներ: Ոմանք կը յաջողին փախուստ տալ ֆրանսական զօրքերուն հետ, սակայն շատերը կը զոհուին թէժ պայքարի ընթացքին:

Վերադառնալով մեր պատմութեան, Սիրանուշ, տեղահանութեան առաջին օրերուն` 1915-ին, իր ընտանիքին հետ Մարաշէն ոտքով կը հասնի Այնթապ, ապա` Հալէպ, ուր մէկ ամիս մնալէ ետք կը հաստատուի Լիբանանի Պուրճ Համուտ շրջանին գաղթակայաններուն մէջ: Անոնք կ’ապրին թիթեղապատ փոքրիկ տնակներէն մէկուն մէջ` շատ մը գաղթականներու նման: Բարեբախտաբար, Մարաշէն մեկնելէ առաջ, Սիրանուշ փոքրիկ պայուսակ մը պատրաստած էր, որուն մէջ կարողացած էր ամփոփել քանի մը արժէքաւոր օժիտներ:

1920-էն ետք, երբ Ստեփանոսի առողջութիւնը կը սկսի բարելաւուիլ, Սիրանուշի հետ միասին կը ծախեն իրենց հետ բերած քանի մը արժէքաւոր իրերը եւ այդ գումարով խանութ մը կը վարձեն Պուրճ Համուտի մէջ (ներկայիս` Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ կցուած թաղին մէջ), զայն վերածելով փոքրիկ ճաշարանի մը:

Սիրանուշ կը պատրաստէր հայկական ուտեստներ: Մեծ մայրս յաճախ կը պատմէր, որ անոնց «Բաճա» (Pacha) անունով ապուրը շատ համեղ եւ իւրայայտուկ էր` բոլորին կողմէ փնտռուած:

Ստեփանոս կը մահանայ 1943-ին, իսկ Սիրանուշ` 1982-ին:

 

 

Նախորդը

Յիշէ Անցեալը, Պայքարէ՛ Ապագային Համար

Յաջորդը

Վերադարձի Պահը Հասած Է

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

October 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

October 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

August 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.