Այլ զուգահեռական տիեզերքի մը մէջ, աշուն է արդէն: Կը նախատեսեմ քանի մը շաբաթով Հայաստան մեկնիլ այնտեղ վայելելու համար ոսկեայ քողը հագած Երեւանը, որմէ ետք անցնիլ Շուշի, Արցախ:
Կարծես` հայոց լեռներն ու անոնց հիասքանչ տեսարանները կ՛առաջնորդեն քեզ այս ուղիին վրայ, եւ ակնթարթով մը կ՛անդրադառնաս, թէ հասած ես արդէն Ստեփանակերտ:
Կը նախատեսեմ նաեւ նախ` օրհնուիլ «Մամիկն ու Պապիկ»-ի «բարի եկար»-ով, որմէ ետք շարունակել ճամբաս դէպի Շուշի` ընթացքին պահ մը կանգ առնելով եւ զմայլելով Շուշի չհասած զետեղուած ու անոր ազատագրման խորհրդանիշ դարձած հրասայլով: Դրական անակնկալ մըն էր նաեւ տեսնել, որ այնտեղ տեղադրուած էր փճացած անօդաչու սարք մը` յիշեցնելու համար, թէ որքան ալ դարը փոխուի ու ռազմական միջոցները յառաջդիմեն, հայու սիրտն ու կամքը կը մնան անպարտելի:
Դրախտավայր է մեր Արցախը: Դրախտավայր, ուր ժամանակը կանգ կ՛առնէ:
Դրախտավայր, ուր կան մարդկային վեհ արժէքներ մարմնաւորող պարկեշտ եւ բարեմիտ հայեր, որոնց հողին կառչածութիւնը ուղղակի մխիթարանք է մեզի` հայրենաբաղձներուս համար, վստահեցնելով, որ հայրենի աշխարհը ապահով է, քանի կան Արցախն ու մեր արցախցի հայրենակիցները:
* * *
Երանի՜, երանի այս բոլորը ապրիլն ու տեսնելը կարելի ըլլար: Երանի կարենայի անգամ մը եւս համբուրել հողդ` իմ Արցախ: Ցաւօք կը յիշեմ հայրենիք տուած վերջին այցելութիւնս սեպտեմբեր 2019-ին, առաջարկուած էր ինծի այցելել քեզ, սակայն չկարողացայ նեղ ժամանակի պատճառով` չգիտնալով, որ այդ մէկը պիտի ըլլար վերջին առիթս:
Այսօր բաժնուած ենք մենք: Աւելի ճիշդը` բաժնեցին մեզ: Իսկ ես սրտի խոր վիշտով ու ճնշուածութեամբ կը գրեմ այս յօդուածը:
Թէ որո՞նք են յանցաւորները: Արդեօք մենք ո՞ւր սխալած ենք, ինչպէ՞ս կարելի եղաւ անզօր ականատեսը դառնալ Արցախի հայաթափման:
Չե՛մ հասկնար: Չե՛մ ուզեր հասկնալ, եւ չփորձէ՛ք յանկարծ բացատրութիւններ տալ ձեր սին վերլուծումներով կամ տեսանկիւններով: Նոյնիսկ պահու մը համար, խնդրեմ, ինչպէս միշտ, դուք ձեզ քաղաքագէտներ չսարքէք եւ ձգեցէ՛ք այս բոլորը իսկական եւ մանաւանդ լաւատեղեակ մասնագէտներուն: Ձեր «Պէտք էր այսինչը ընէինք», «Պէտք էր այդինչը ընէինք», եւ անվերջ անցեալ ժամանակի «պէտք էր»-ները ձեզմէ զատ ոչ ոքի կը հետաքրքրեն:
Այսօր ի՞նչ կ՛ընենք մենք մեր անձնական շահերը գերադասելէ եւ հաւաքական շահը զոհելէ զատ: Կամ` հայը հայուն քարկոծելէ եւ մեր միութիւնները իրարու դէմ լարելէ զատ:
Ինչպէ՞ս զբաղինք արցախեան պահանջատիրութեամբ, հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններով եւ թշուառ հողային զիջումներով, երբ հաւաքականօրէն խեղդուած ենք օտարամոլութեան ու սպառողականութեան ալիքներուն մէջ եւ կամ զբաղած` բամբասանքով եւ հանրային ցանցերու վրայ արծարծելով սնամէջ ըսի-ըսաւներ:
Բացառութիւնները, ըլլան անոնք անհատներ, հաստատութիւններ, միութիւններ կամ խմբաւորումներ, որոնք գիշեր ցերեկ ճիգ չեն խնայեր կրկին զարթօնքի կայծ մը տալու մեր սրտերուն, յարգելի են:
Իւրաքանչիւրս պահ մը քննադատենք եւ հարցականի տակ առնենք մենք մեզ: Արդարեւ, հաւաքական բարելաւումը մասամբ արդիւնքն է անձնական անհատական ջանքերու: Ի՞նչ կ՛ընենք մենք:
Առիթէն օգտուելով` խօսքս կ՛ուղղեմ քեզի:
Դո՛ւն, ով «հայրենակից», որ կը շարունակես ապրիլ առօրեադ, անհոգ` հայրենիքիդ սեփականութեան վրայ տիրող աննախընթաց վտանգէն:
Դո՛ւն, ով «հայրենակից», որ կը գանգատիս եւ կը զարմանաս, թէ ինչո՞ւ տակաւին կը շարունակէ հնչել Արցախի Հանրապետութեան քայլերգը մեր ձեռնարկներուն ընթացքին:
Դո՛ւն, ով «հայրենակից», որ կը շարունակես ուղղակի կամ անուղղակի ձեւերով քաջալերել թրքական օրակարգը եւ կամ դաւաճանի զիջողական թոյլ քաղաքականութիւնը:
Ես անձամբ ոչ մէկ իրաւասութիւն ունիմ ձեզ քննադատելու, մէկը ըլլար` զիս քննադատէր: Բայց լաւ իմացէ՛ք, որ մեր իւրաքանչիւր նահատակի, որուն արեան գնով կերտուեցաւ մեր սուրբ հողը, անէծքին արժանի էք: Աւելի՛ն չըսելու համար:
Իսկ դուք` նիկոլականներ թէ դաւաճանին սիրաշահելու միտումով անոր քաղաքականութիւնը արդարացնող անհատներ, տեղական կամ համահայկական կուսակցութիւններ թէ կազմակերպութիւններ… մէյմէկ խեղկատակներ էք: Առողջ ու կայուն մտքի տէր եւ որոշ չափով հեռատես ոեւէ անձ չի կրնար նման կեցուածք մը որդեգրել, որովհետեւ այստեղ չկան տարբերակներ. կան միմիայն ճիշդ եւ սխալ կողմեր, իսկ պատմութիւնը ինք կ՛ապացուցէ, թէ որո՛ւ կառչած էք:
Թերեւս ձեր աննկարագիր ու վեհերոտ էութիւնն է, որ կը մղէ ձեզ ուրանալու ձեր ամենասուրբը` հայրենիքը, պարզապէս եւ դարձեալ ձեր անձնական շահերը գերադասելով եւ կամ պարզապէս որոշ կողմի մը հակաճառելու սիրոյն: Չեմ զարմանար, եթէ ձեր անձերն ալ ուրանաք օր մը:
Ժամն է արդէն համազգային զարթօնքի. թէ ոչ, Աստուած մի՛ արասցէ, յօդուածիս նախաբանը կը դառնայ.
«Այլ զուգահեռական տիեզերքի մը մէջ… Երեւանը մերն էր»:
Վերականգնումն ու վերակերտումի ուղին երկար է, սիրելինե՛ր: Կազմակերպական հեռատես գործուղի է մեզ պէտք, ինչպէս նաեւ` աննկուն եւ պողպատեայ կամք:
Արցախը կրկին հայկական տեսնելու եւ հայրենիքի ամբողջականութիւնը պահպանելու ծանր պատասխանատուութիւնը մեր ուսերուն կը ծանրանայ:
Թող որ հայրենիքը անպակաս մնայ մեր օճախներէն: Երգե՛նք, յիշե՛նք, կարդա՛նք ու պատմե՛նք հայրենիք: Թող որ պայքարի ջահը փոխանցուի սերունդէ սերունդ: Թող որ գալիքները սիրահարին Արցախին, թէկուզ առիթը չունեցան զայն տեսնելու` յիշելով հայրենի հողը չտեսած, հայրենի հողին համար իրենց կեանքը մատաղ ըրած մեր հերոսները:
Եւ վերջապէս, թող Արցախը հայկական տեսնելը դառնայ անոնցմէ իւրաքանչիւրին երազը` Արարատը կրկին ձեռք ձգելու կողքին:
Գարեգին Նժդեհ ըսած էր. «Եթէ կ՛ուզես տեսնել ազգի մը ապագան, նայի՛ր անոր երիտասարդութեան»:
Թէ ի՞նչ պիտի տեսնենք նայելով երիտասարդութեան, այդ մէկը մեր ձեռքն է:
Քաջալերե՛նք անոր գործունէութիւնը հայկական վարժարաններէն, եկեղեցիէն, ակումբներէն ու միութիւններէն ներս` օժանդակելով եւ յարատեւ նեցուկ կանգնելով անոր:
Առիթն ընծայե՛նք անոր` դառնալու մեր կազմակերպական կեանքի գործօն դերակատարներէն:
Դաստիարակե՛նք ու կազմաւորե՛նք զայն` ստեղծելու համար քննական մտքով ու վճռակամութեամբ օժտուած երիտասարդ խաւ մը, որուն կարծիքները հարկ է լսել ու չարհամարհել:
Բայց հարկաւոր է նաեւ ուշադիր ըլլալ, ուստի նոյնիսկ կարճ պահուան մը անհոգութիւնն ու ամենափոքր թերացումը մեր կողմէն` կրնայ հետագային լուրջ արգելքի եւ կամ բացթողումի վերածուիլ:
Դարձեալ, ծանր է մեր ուսերուն դրուած պարտականութիւնը, բայց պարտաւոր ենք զայն շալկել` յանուն հայրենիքի ու մեր անմահ հերոսներու յիշատակին:
Տարօրինակ է այս յօդուածս: Նոյնիսկ ես ինքս չեմ գիտեր, թէ ինչպիսի՛ բնոյթ ստացաւ ան գրութեան պահուն: Հաստատ շատեր պիտի չսիրեն զայն եւ քննադատութեան անձրեւ մը տեղալու է, երբ լոյս տեսնէ այս էջը: Խնդիր չէ՛: Քննադատեցէ՛ք զիս, քարկոծեցէ՛ք նոյնիսկ, եթէ հարկ է: Բայց երբեք չքարկոծէք դուք ձեր հայրենիքը:
* * *
Այլ զուգահեռական տիեզերքի մը մէջ… արդեօ՞ք յաջողած ենք ազգովին միանալ:
Սեպտեմբեր 2024