ՍԷՐԼԻ ՆԵՄՇԷՀԻՐԼԵԱՆ
Յովհաննէս Աւագեան յաճախ կը հաւաքէր իր զաւակներն ու թոռները եւ անոնց իր կեանքին մասին շատ բան կը պատմէր: Յովհաննէս ծնած է 1912-ին, Ուրֆա: Հօր անունը Սարգիս էր, իսկ մօրը` Խաթուն: Հայրը կը զբաղէր պայտագործութեամբ: Յովհաննէս ունէր երեք եղբայր, որոնց անունները դժբախտաբար չէր յիշեր` տան ամէնէն փոքր զաւակը ըլլալուն պատճառով: Ան կը յիշէր միայն իր մէկ հօրեղբօր անունը, որ Յակոբ էր:

1915-ին Յովհաննէսի երեք հօրեղբայրները մէկ սուրի տակ ձեռք-ձեռքի կը սպաննուին թուրքերու կողմէ: Մինչ Յովհաննէս եւ իր հայրը` Սարգիս, կը պահուըտին թուրքի մը տանիքի խոտերուն մէջ: Սակայն թաքստոցը երկար ժամանակ անյայտ չի մնար, մանաւանդ որ թշնամիի մը երդիքին կը գտնուի այդ մէկը: Վերջապէս, թուրքին կինը զանոնք նշմարելով` կ՛ըսէ. «Այստեղ ալ անիծուած լակոտներ կան»: Սարգիս անողորմ թուրքէն կը խնդրէ, որպէսզի զինք չսպաննեն իր որդւոյն` Յովհաննէսի աչքերուն առջեւ, սակայն անոնք անտեսելով ըսածը` տանիքէն իջեցնելով անմիջապէս կը սպաննեն զինք: Յովհաննէսի պատմած ատեն ներկայ գտնուողները կը վկայեն, որ իւրաքանչիւր անգամ, երբ Յովհաննէս պատմէր այս դէպքը, պահ մը կանգ, երբ կ՛առնէր, անձայն կը հեծկլտար, թրջած աչքերը կը սրբէր եւ ապա կը շարունակէր:
Այդ օրէն կը սկսին Յովհաննէսի դժբախտ եւ դաժան օրերը: Յովհաննէս անդրադառնալով, որ պէտք է ճար մը գտնէ իրականութեան հետ հաշտուելու եւ կեանքին հետ քայլ պահելու համար նախ կ՛երթայ իր հօրեղբօր կնոջ մօտ, որ բազմազաւակ կին մըն էր: Վերջինս, առիթով մը, երբ դրացիին հետ իր առօրեայ մտահոգութիւնները կը պատմէր, կարծելով, թէ Յովհաննէս պիտի չհասկնայ քրտէրէնով իր արտայայտութիւնը, դրացիին կ՛ըսէ. «Ես հաց չունիմ իմ զաւակներս կերակրելու, հիմա ալ այս տղան ուրկէ՞ եկաւ, Աստուա՜ծ իմ»: Յովհաննէս այս բոլորը լսելով եւ լաւապէս ըմբռնելով անոնց իմաստը, առանց բառ մը իսկ ըսելու, գիշերով կը լքէ հօրեղբօր տունը:
Մօրմէ որբացած եւ հօրը խնամքին տակ գտնուող Յովհաննէս իր միակ սիւնը հանդիսացող հօրմէն ալ որբացած ըլլալով` կը սկսի դասեր սորվիլ կեանքի դպրոցէն` անձնական եւ առանձին փորձառութեամբ: Կ՛երթայ քիւրտի մը տունը, այնտեղ կ՛աշխատի իբրեւ հովիւ եւ կը քնանայ ախոռին մէջ` ոչխարներու կողքին, քիւրտերուն հացով սնանելով:
Քանի մը տարի քիւրտերուն մօտ ապրելէ ետք, Յովհաննէսին զարմիկները, որոնք տարիքով իրմէ մեծ էին, կը տեղեկանան, որ Յովհաննէս կը մնայ քիւրտերու տան մէջ: Քանի մը օր ետք, գիշերով միասնաբար փախուստ մը կը ծրագրեն եւ իրենք զիրենք կը գտնեն Հալէպի թաղերուն մէջ, ուր Յովհաննէս կը կորսնցնէ իր հարազատները եւ աւելի ուշ ինքզինք կը գտնէ բոլորին ծանօթ Հալէպի որբանոցներէն մէկուն մէջ:
Որբացած եւ գաղթական Յովհաննէս կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս որբանոցին մէջ բոլոր որբերը հասակներու համեմատ շարելով, անոնց թիւեր նշանակելով` կը տեղափոխեն Լիբանան` Ժիպէյլի ամերիկեան որբանոց: Յովհաննէս որբանոցին մէջ կը սորվի պղնձագործութիւն եւ 1928-ին հոնկէ դուրս գալով` կը նետուի գործի ասպարէզ:
Յովհաննէս կը հաստատուի Պուրճ Համուտի Թիրօ քեմփին մէջ: 1936-ին Յովհաննէս Աւագեան կը նշանակուի ՀՄԸՄ-ի ոտնագնդակի խումբի խմբապետ: 1942-ին Արմէնուհի Դարբինեանին հետ ամուսնանալով` կը կազմէ մեծ ընտանիք մը:
Պուրճ Համուտի Մարաշ թաղին մէջ կ՛ունենայ իր սեփական տունը եւ խանութը: 1946-ին, նախքան Հայաստան իր հաստատուիլը, բոլոր կալուածները կը նուիրէ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ: Յովհաննէս կ՛ունենայ չորս զաւակ` Աբրահամ, որ նախքան Հայաստան հասատուիլը կը մահանայ, Խաթուն եւ Սարգիս, որոնք երկուորեակ էին (մէկուկէս տարեկան) եւ Զոհրապ (վեց ամսուան):
Յովհաննէս հնգանդամ իր ընտանիքով կը հաստատուի Գիւմրի եւ մինչեւ զաւակներուն հասունացման տարիքը կ՛ապրի աղքատութեան եւ չքաւորութեան մէջ: Այդ չքաւորութեան տարիներուն, Խորհրդային Հայաստանի գաղտնի ոստիկանները` գիտնալով Յովհաննէսին դաշնակցական ըլլալը, զայն կը ձերբակալեն եւ կը բանտարկեն: Յովհաննէս հեռատես ըլլալով, նախքան իր ձերբակալութիւնը, զգալով, որ մատնուած է եւ կը հետապնդուի, կը պահէ ամէն բան, որ կը փաստէ իր դաշնակցականի ինքնութիւնը, եւ այդպիսով կ՛ազատի բանտէն:
Գիւմրիի մէջ Յովհաննէս կը զբաղի պղնձագործութեամբ, իսկ Արմէնուհի` ուսուցչութեամբ եւ մանուկներու դաստիարակութեամբ: Աստուած անոնց ուրիշ զաւակներ ալ կը պարգեւէ. Սեպուհ (մահացած), Ազատ (մահացած), Վարուժան եւ Հելէն: Յովհաննէս իր ընտանիքին հետ միասին Հայաստանի մէջ երկար չարչարուելէ ետք, 1980-ին կը վերադառնայ Լիբանան: Յովհաննէս եւ Արմէնուհի արդէն իսկ տարիքով յառաջացած, իրենց բոլոր զաւակները միասնաբար կը պահեն իրենց մօտ` մինչեւ մահ:
Ներկայիս Յովհաննէսին զաւակները տարածուած են սփիւռքի զանազան երկիրներու մէջ: Սարգիս եւ Վարուժան կ՛ապրին Լիբանան: Սարգիս ունի երկու զաւակ եւ չորս թոռ, իսկ Վարուժան ամուսնացած է, սակայն զաւակ չունի: Զոհրապ կ՛ապրի Միացեալ Նահանգներ եւ ունի երկու զաւակ եւ մէկ թոռնիկ, իսկ Խաթուն կը մահանայ 2015-ին` ամուրի: Հելէն ամուսնանալով` կը մեկնի Քանատա եւ կ՛ունենայ երկու զաւակ ու մէկ թոռնիկ:
Յովհաննէս Աւագեան` սոյն պատմութեան դերակատարն ու վկան, կը մահանայ 30 հոկտեմբեր 1988-ին, սրտի կաթուածով: Յովհաննէսին բոլոր զաւակները եւ թոռները կը վկայեն, որ ան եղած է շատ խելացի եւ զարգացած անձ մը: