Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Խօսքը

Յունուար 31, 2025
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 134-րդ տարեդարձին առիթով, ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 134-ամեակին լոյսին տակ, երբ աշխարհաքաղաքական իմաստով աշխարհը ականատես կը դառնայ զանազան փոփոխութիւններու, երբ հայ ժողովուրդը եւ հայոց պետականութիւնը կը գտնուին գոյութենական վտանգի եւ բարդ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, իբրեւ ուսանողական միութիւն` այս յոբելեանը ինքնարժեւորումի առիթ կը նկատենք: Ինքնարժեւորման աշխատանքը ռազմավարութեան մը մշակումի ենթահողն է, իսկ ռազմավարութիւնը` որեւէ յաղթանակի երաշխիքը:

Պատմական փաստ է, որ յաղթանակ ապահոված են այն բանակները, այն կազմակերպութիւնները, կամ այն պետութիւնները, որոնք ամուր կարգապահութեան զուգահեռ, ռազմավարական ճկունութիւն ցուցաբերած են: Յաղթած են անոնք, որոնք յաջողած են օգտուիլ կացութենէն եւ այդ կացութեան յարմար ռազմավարութիւններ մշակած են: Սակայն ճկունութիւնը, առանց կարգապահութեան, տուեալ կազմակերպութիւնը կը մղէ դէպի գաղափարական սնանկութիւն: Ճկունութիւնը կը դառնայ ինքնանպատակ, եւ Մաքիավելիի հռչակաւոր խօսքը` «Նպատակը կ՛արդարացնէ միջոցը», դժբախտաբար կը դառնայ ընդունելի հասկացողութիւն:

Իսկ այսօր աշխարհաքաղաքական մթնոլորտը` թէ՛ միջազգային, թէ՛ շրջանային եւ թէ՛ հայաստանեան գետնի վրայ մեզի կը պարտադրէ ըլլալ աւելի՛ ճկուն, բայց նաեւ` աւելի՛ կարգապահ, ըլլալ ճկուն, բայց` կառչած մնալ յեղափոխական սկզբունքներուն: Այո՛, պէտք է ըլլալ ճկուն, սակայն ճկուն ըլլալ` չի նշանակեր համակերպիլ, «Կը համակերպի ան, որ տեսլական չունի, ձգտում չունի: Մտքի հարցերով զբաղողները չեն կրնար համակերպիլ, կը պայքարին մինչեւ վերջ»:

Ի վերջոյ, ինչպէս Զաւարեան կը հաստաստէ` «Մեր ուղղութիւնը պարզ է` ծառայել մեր ժողովուրդին, թեթեւցնել անոր կրած ծանր բեռը, բանալ անոր աչքերը, կռուիլ զայն կեղեքողներուն եւ խաբողներուն դէմ»: 134 տարիներ Դաշնակցութիւնը գործեց այս ուղղութեամբ եւ տակաւին պիտի ապրի ու գործէ նոյն ուղղութեամբ, ռազմավարական եւ քաղաքական ճկունութեամբ, կազմակերպական ամուր կարգապահութեամբ, եւ գաղափարական անխախտ սկզբունքներով:

ՀՅԴ ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

 

 

Նախորդը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Անդրանիկ Ծրագիրը

Յաջորդը

39 Տարի Առաջ, Այսօր. Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը

RelatedPosts

Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Յուլիս 2, 2025
Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ
Զաւարեանական

Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ

Յուլիս 2, 2025
Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը
Զաւարեանական

Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը

Յուլիս 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?