Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռազմականացուած Ճարտարապետութիւն

Փետրուար 25, 2025
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԳԷՍ ՎԱՐԱԳ ՀԱՇԷՕԼԵԱՆ

Պատերազմի շուքին տակ քաղաքներու փոփոխութիւնը յաճախ կը բացայայտէ աւելի խոր ռազմավարական նպատակներ: Արցախը, որ երկար տարիներ քաղաքական եւ ինքնորոշման պայքարի մէջ էր, ցայտուն օրինակ մըն է, թէ ինչպէս քաղաքաշինութիւնն ու ճարտարապետութիւնը կրնան օգտագործուիլ իբրեւ զէնք: 2020-ի արցախեան պատերազմէն ետք, Արցախի բնապատկերը փոխուած է ոչ միայն պատերազմի աւերներէն, այլ նաեւ` Ազրպէյճանի դիտումնաւոր եւ մտածուած ճարտարապետական ռազմավարութենէն:

Այս յօդուածը կը քննէ «ռազմականացուած քաղաքաշինութիւն» գաղափարը` ուսումնասիրելով, թէ ինչպէ՛ս Ազրպէյճան ճարտարապետութիւնը եւ շինարարութիւնը կ՛օգտագործէ` իբրեւ տիրապետութեան միջոց Արցախի մէջ: Ազրպէյճանի «վերակառուցման» եւ «վերակազմակերպման» ջանքերը երկու նպատակի կը ծառայեն: Մէկ կողմէ, ՔՈՓ 29-ի առիթով, անոնք կը ձգտին ցուցադրել զարգացման եւ արդիականութեան կեղծ պատկեր մը, միւս կողմէ` անոնք կ՛օգտագործեն այս իրավիճակը ամրապնդելու համար իրենց ներկայութիւնն ու ռազմական դիրքերը նոր բռնագրաւուած տարածքներուն վրայ:

Ազրպէյճան, իր համաշխարհային դիրքը` ըլլայ ռազմական, թէ տնտեսական, կը պարտի իր քարիւղի եւ կազի մեծ պաշարներուն, որոնք կը ֆինանսաւորեն կառավարութեան պիւտճէին մօտ 60 տոկոսը: Հակառակ անոր որ Ազրպէյճան, ինչպէս բոլոր երկիրները, պարտաւորուած է ենթարկուիլ ՔՈՓ 28 Միացեալ ազգերու կլիմայական գագաթնաժողովի առաջարկութիւններուն` հրաժարիլ այս տնտեսական մօտեցումէն:

Պաքու ՔՈՓ 29-ի պատրաստութեան ծիրին մէջ ճիգ ըրաւ ներկայանալու իբրեւ «green energy»-ի եւ «sustainability»-ի համաշխարհային առաջնորդ: Այս ծրագիրին կեդրոնն ալ գրաւեալ Արցախն է, որ Ալիեւի կողմէ նշանակուած է որպէս «green energy»-ի գօտի: Ազրպէյճան կը նպատակադրէ մինչեւ 2050 «net zero»-ի հասնիլ Արցախի մէջ:

2021-ին Ազրպէյճանի կառավարութիւնը մօտ 2,2 միլիառ մանաթ (մօտաւորապէս` 1,3 միլիառ տոլար) յատկացուց այս շրջաններու «վերականգնման» եւ  «զարգացման» համար: Կառավարութիւնը նախատեսած է նախագիծներ իրականացնել «նոր, ժամանակակից չափանիշներով»:

2021 թուականի փետրուար 26-ին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նախագահ Իլհամ Ալիեւ բացայայտեց նոր գրաւուած տարածքներուն մէջ ընթացիկ վերակառուցման քանի մը օրինակներ, ներառեալ` երեք նոր օդակայաններու, ճամբաներու եւ փապուղիներու կառուցումը: Այս նոր օդակայանները կը գտնուին կարեւոր քաղաքներու մօտ. այս որոշումը ռազմավարական որոշում մըն է, եւ` ոչ միայն ճարտարապետական:

Ազրպէյճանի կառավարութիւնը բռնագրաւուած Արցախի մէջ իր մեծածաւալ շինարարական նախագիծները կ՛օգտագործէ իբրեւ պատրուակ` Արցախի հայկական ինքնութիւնն ու մշակոյթը ջնջելու համար: Հայոց դարաւոր պատմութիւնն ու մշակոյթը ջնջելու այս անողոք արշաւանքին իբրեւ հետեւանք` կառավարական շէնքեր, պատմական յուշարձաններ, եկեղեցիներ, գերեզմանատուներ եւ ամբողջ գիւղեր ոչնչացած են:

Վերջին տարուան ընթացքին 181 պատմական վայրեր եւ յուշարձաններ որպէս վտանգուած նշուած են «Caucasus Heritage Watch, CHW» ծրագիրին կողմէ: Այժմ Արցախի մէջ կայ ընդհանուր առմամբ 489 վայր:

CHW-ի կողմէ փաստուած բազմաթիւ օրինակներէն մէկն է վերջերս արդէն ամբողջովին կործանուած Կանաչ ժամ  եկեղեցին եւ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ գերեզմանատունը, որոնք երկուքն ալ կը գտնուին Շուշիի մէջ: Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին (Կանաչ ժամ) ծանրօրէն վնասուեցաւ 2020-ի Արցախի պատերազմին ընթացքին, երբ անոր երկու գմբէթներէն մէկը ամբողջովին քանդուեցաւ: 4 ապրիլ 2024-ի արբանեակային նկարները ցոյց կու տան, որ եկեղեցին ամբողջովին քանդուած է Ազրպէյճանի կողմէ:

Ազրպէյճանի կառավարութիւնը մասնաւորապէս կը կեդրոնանայ Շուշիի վերակառուցման ծրագիրին վրայ, որուն նպատակն է քաղաքը հաստատել իբրեւ Ազրպէյճանի «Մշակութային մայրաքաղաք»:

Ազրպէյճանի Տարածքային կառուցման եւ ծրագրաւորման կեդրոնը Շուշիի վերակառուցման գլխաւոր նախագիծի պայմանագիրը շնորհած է Chapman Taylor-ին` աշխարհահռչակ անգլիական ճարտարապետական ընկերութեան: Chapman Taylor նախապէս աշխատած է Ազրպէյճանի կառավարութեան հետ` նախագծելով Պաքուի մէջ շատ յայտնի կառոյցներ, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորը «Port Baku Towers»-ն է:

Նախագիծը առաջին անգամ ներկայացուած է Ալիեւին 29 օգոստոս 2021-ին: Այդ կը ներառէ` «կանաչ գօտիներ», «այգիներու ցանց» եւ «հետիոտնային համապատասխան ձեւաւորում»: Առաջարկուած նախագիծին գլխաւոր բաղադրիչը Ղազանչեցոց պողոտայի վրայ կառուցուող նոր մզկիթն է, որ յատուկ տեղադրուած է ` գերակայելու համար Ղազանչեցոց մայր տաճարը: Յիշեալ տաճարը, որուն խաչերը հանուած եւ գմբէթները քանդուած են, կը կորսնցնէ իր պատմական եւ մշակութային նշանակութիւնը: Նոր մզկիթի կառուցումը տեղի կ՛ունենայ նախկին բնակելի թաղամասի մը մէջ, ուր նախապէս կ՛ապրէին Արցախի ազատագրական պատերազմի վեթերաններու ընտանիքները:

Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կ՛օգտագործէ իր «green energy zone» ծրագիրը` իբրեւ պատճառաբանութիւն Արցախի հայ մշակոյթն ու պատմութիւնը արմատախիլ ընելու: Ան կ՛աշխատի «sustainability» եւ «smartness» գաղափարները խառնել ազերի աւանդական մշակոյթի հետ` արդարացնելու համար հսկայ ֆինանսական ներդրումները, որոնք կը ներկայացուին որպէս «Մեծ վերադարձ» ծրագիրի մաս: Սակայն այս ջանքերուն եւ ծախսերուն իսկական նպատակը հայկական գրաւուած տարածքներուն վրայ լրիւ եւ բացարձակ վերահսկողութիւն հաստատելն է: Այս միջոցառումները ճարտարապետութեան եւ քաղաքաշինութեան նենգափոխումն են` ուղղուած հայկական ներկայութիւնը եւ Արցախի դիմագիծի բնաջնջման:

 

Նախորդը

Ազատ Արցախ` Մեր Ազգային Պայքարի Յենարանը

Յաջորդը

Մեր Խօսքը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?